Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամանորի Տօնավաճառ` Ազգային Միացեալ Վարժարանին Մէջ

December 23, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ Քարոլին Թերզեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային Միացեալ վարժարանի Ծնողաց վարչութեան, երկրորդ տարին ըլլալով, Ազգային Միացեալ վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Ամանորի տօնավաճառ, 17 եւ 18 դեկտեմբեր 2024-ին, ժամը 11:00-3:00:

Տօնավաճառի բացումը կատարուեցաւ 17 դեկտեմբերի առաւօտեան հովանաւորին, պաշտօնական հիւրերու եւ ծնողներու ներկայութեամբ:

Բարի գալուստի խօսք արտասանեց Շաղիկ Յովսէփեան-Յարութիւնեան, որ դիտել տուաւ, թէ Ամանորը համախմբուելու, կողք կողքի ըլլալու, միասնաբար բարեգործութիւն կատարելու առիթ է, ուստի  տօնական այս օրերուն տօնավաճառի ճամբով վարժարանի պատասխանատուները փափաքած են տօնախմբութեան մթնոլորտ ստեղծել վարժարանիս մեծ ընտանիքին մէջ:

Ան դիտել տուաւ, որ պիտի վաճառուին  ուտեստեղէն ու Կաղանդի զարդեղէն, որոնք նաեւ նպատակ ունին պահպանել հայկական աւանդութիւններն ու հարուստ ժառանգութիւնը, պահպանել եւ զարգացնել մշակոյթը:

«Մենք կը հաւատանք, որ նման  համախմբումներ  ոչ միայն փոխադարձ սիրոյ եւ աջակցութեան մթնոլորտ կը ստեղծեն, այլ նաեւ  կը մարմնաւորեն Սուրբ Ծննդեան իսկական իմաստը, որ է` սէր, նուիրում եւ բարիք սփռել  ամէնուրեք:  Նման համախմբումներ կը կատարենք հայ դպրոցին մէջ, հոն, ուր  հայկական ինքնութեան պահպանման ու հայ ազգի պատկանելիութեան ու հայահաւաքի օճախն ու դարբնոցն է:  Հայ դպրոցը պիտի զարգանայ ու նաեւ գոյատեւէ շնորհիւ ձեր նման նուիրեալներու ցուցաբերած օժանդակութեան եւ բարի աշխատանքին», ըսաւ Շաղիկ Յովսէփեան-Յարութիւնեան:

Այս առիթով ան շնորհակալութիւն յայտնեց տօնավաճառի հովանաւորութիւնը ստանձնած, դպրոցի մնայուն բարերար Քարոլին Թերզեանին, վարժարանի Ծնողաց վարչութեան անդամներուն, տօնավաճառին լիակատար յաջողութեան նեցուկ կանգնողներուն, նաեւ` իրենց սիրայօժար մասնակցութիւնը բերած մեր ծնողներուն եւ  բարեկամներուն:

Ան իր խօսքը եզրափակեց ջերմագին բարեմաղթութիւններով`  յուսալով, որ Նոր տարին իր օրհնութիւններով հարստացնէ  բոլորին տուները:

Ապա վարժարանի զանազան բաժանմունքներէն աշակերտներ ներկայացուցին գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը` երգելով, պարելով եւ իրենց անմեղութեամբ տօնական մթնոլորտով լեցնելով սրահը:

Լիբանանի եւ լիբանանահայութեան ապրած այս դժուար օրերուն նման նախաձեռնութիւն մը կու գայ հաստատելու, որ հայ դպրոցը կառչած է յոյսին, կարելին կ՛ընէ ապրելու եւ ապրեցնելու տօնական մթնոլորտի մէջ:

Նախորդը

Անկրկնելի Հալէպին` Ջերմ Ձմեռ

Յաջորդը

Հայ, Հայրենիք, Քաղաքակրթութիւն Եւ Մասամբ Նորին

RelatedPosts

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

September 18, 2026
Մովսէս Աւագ Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Գինեձօն
Գաղութային

Մովսէս Աւագ Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Գինեձօն

September 18, 2026
Պտոյտ-Այցելութիւն Հայ Ազգային Բուժարան
Գաղութային

Պտոյտ-Այցելութիւն Հայ Ազգային Բուժարան

September 18, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.