Երեքշաբթի, 24 դեկտեմբեր 2024-ին, Անթիլիասի մայրավանք այցելեց եւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ Աւստրալիոյ դեսպան Լինտըլ Սաքս` ընկերակցութեամբ դեսպանատան քաղաքական հարցերու պատասխանատուին:
Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Լիբանանի առնչուած հարցեր` բնականաբար անդրադարձ կատարելով նաեւ յառաջիկայ յունուարին Լիբանանի նախագահական ընտրութեան:


