Գաղութային

Նորութիւն.  «Իմ Արցախ» Եւ «Իմ Հայաստան»  Գրքոյկները` Կաղանդի Լաւ Նուէրներ

Նորութիւն. «Իմ Արցախ» Եւ «Իմ Հայաստան» Գրքոյկները` Կաղանդի Լաւ Նուէրներ

Համազգայինի մանկավարժական արդիական ծրագիրներու մարմինին պատրաստութեամբ լոյս տեսան «Իմ Արցախ» եւ «Իմ Հայաստան» մանկական գունաւորելիք եւ ուսուցողական գրքոյկներըը: Այս գրքոյկներուն շնորհիւ մեր մանուկները կը ծանօթանան Հայաստանին եւ Արցախին, անոնց  արժէքներուն եւ կոթողներուն: Նախատեսուած են 4-9 տարեկան մանուկներու համար: Նոր տարուան սեմին լաւագոյն նուէրն է մեր փոքրիկներուն համար: Ստանալու համար կրնաք դիմել` Համազգայինի գրախանութ, Պուրճ Համուտ, Շաղզոյեան կեդրոն եւ կամ ապսպրել...

Բագրատունի. «9 Յունուարի Թուականը  Պէտք Է Լիբանանեան Պետութեան Համար  Նոր Ապագայի Մեկնակէտ Ըլլայ»

«9 Յունուար 2025-ը Պէտք Է Ըլլայ Լիբանանեան Պետութեան Նոր Ապագայ Մը Կերտելու Անկիւնաքարը» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի ուրբաթ, 6 դեկտեմբերին «Էլ. Պի. Սի. Այ.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ Սուրիոյ զարգացումներուն, Լիբանանի մէջ հաստատուած զինադադարին եւ յետպատերազմեան շրջանին կատարուելիք աշխատանքին ու լուծումներու կարօտ տարբեր տագնապներուն: Սուրիոյ մէջ արագընթաց զարգացումներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ճիշդ է այն իրականութիւնը, թէ Սուրիոյ...

Ֆանար – Լէյլաւանի Տօնածառը Լուսաւորուեցաւ

Ֆանար – Լէյլաւանի Տօնածառը Լուսաւորուեցաւ

Շաբաթ, 7 դեկտեմբեր 2024-ին Ֆանար - Լէյլաւանի շրջափակին մէջ կը տիրէր տօնական մթնոլորտ: Ներկայութեամբ Թորգոմ արք. Տօնոյեանի եւ հովանաւորութեամբ տէր եւ տիկին Վահէ եւ Յասմիկ Յովակիմեաններու, լուսաւորուեցաւ շրջանի տօնածառը` այն յոյսով, որ Նոր տարին իրեն հետ պիտի բերէ խաղաղութիւն ամբողջ աշխարհին: Բեմի պատին մեծ պաստառի վրայ հաստատուած էր Արցախ աշխարհի «Մենք ենք մեր սարերը» (Մամիկն ու Պապիկ) կոթողի նկարը եւ...

Հարիւրաւոր Հայորդիներու Մասնակցութեամբ Տեղի Ունեցաւ «Անվճար Հագուստի Աշխարհ»-Ի 7-րդ Ծրագիրը

Հարիւրաւոր Հայորդիներու Մասնակցութեամբ Տեղի Ունեցաւ «Անվճար Հագուստի Աշխարհ»-Ի 7-րդ Ծրագիրը

Կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանի Ընկերային ծառայութեան բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 4 եւ հինգշաբթի, 5 դեկտեմբեր 2024-ին Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ կից գտնուող բաժանմունքի կեդրոնին մէջ 7-րդ անգամ ըլլալով ընթացք առաւ «Տաքուկ ձմրան համար` անվճար հագուստի աշխարհ» ծրագիրը: Երկու օրերու ընթացքին առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 3:00 բաժանմունքը անվճար մեր ժողովուրդին տրամադրութեան տակ դրաւ հաստատութիւններու եւ անհատներու կողմէ տրամադրուած այրերու, կիներու, եւ փոքրերու...

Բագրատունի. «9 Յունուարի Թուականը  Պէտք Է Լիբանանեան Պետութեան Համար  Նոր Ապագայի Մեկնակէտ Ըլլայ»

Բագրատունի. «9 Յունուարի Թուականը Պէտք Է Լիբանանեան Պետութեան Համար Նոր Ապագայի Մեկնակէտ Ըլլայ»

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի յայտնեց, որ 9 յունուարի թուականը պէտք է լիբանանեան պետութեան համար նոր ապագայի եւ Լիբանանի մէջ մէկ պետութեան գաղափարի վերականգնման մեկնակէտ ըլլայ: Բագրատունի մատնանշեց Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահի արաբական եւ միջինարեւելեան հարցերու խորհրդական Մասաատ Պուլոսի «ան, որ երկու տարի սպասեց առանց հանրապետութեան նախագահ ընտրելու, կրնայ երկու կամ երեք յաւելեալ ամիսներ...

Բագրատունի. «ՀՅԴ-ն Դէմ Է Կէս Առաւել  Մէկ Քուէներով Նախագահի Ընտրութեան»

«Նախագահական Ընտրութիւնը Պիտի Կատարուի Նախ` Միջլիբանանեան Համախոհութեամբ Եւ Ապա` Միջազգային Զօրակցութեամբ» Ընդգծեց Յակոբ Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի «Լեպանոն Ֆայլզ» կայքի «Հաքի Նեթ» յայտագիրին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ լիբանանեան իրադարձութիւններուն, յետպատերազմեան շրջանի զարգացումներուն եւ յունուարին կայանալիք նախագահական ընտրութեան հաւանականութեան: 9 յունուար 2025-ի խորհրդարանական նիստին հանրապետութեան նախագահ մը ընտրելու հաւանականութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի այդ հրաւէրը յայտարարեց, նաեւ հաստատեց,...

Բագրատունի. «ՀՅԴ-ն Դէմ Է Կէս Առաւել  Մէկ Քուէներով Նախագահի Ընտրութեան»

Բագրատունի. «ՀՅԴ-ն Դէմ Է Կէս Առաւել Մէկ Քուէներով Նախագահի Ընտրութեան»

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Լեպանոն Ֆայլզ» ալիքի «Հաքի Նեթ» յայտագիրէն անդրադառնալով նախագահի ընտրութեան յայտնեց, որ ՀՅԴ-ն դէմ է կէս առաւել մէկ քուէներով նախագահի ընտրութեան, որովհետեւ կարեւորը անոր ընտրութիւնը չէ, այլ այն, որ կարող ըլլայ իր նստաշրջանի 6 տարիներու ընթացքին իշխել: Բագրատունի մտավախութիւն յայտնեց պատերազմի վերադարձի նկատմամբ` նշելով, որ զինադադարի համաձայնութիւնը փխրուն է, եւ ատոր փաստը այն...

Հաղորդագրութիւն  Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան. Առաջին Հայկական Վարժարանը` Հաւատարմագրուած Ամերիկեան Կազմակերպութեան Կողմէ

Հաղորդագրութիւն Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան. Առաջին Հայկական Վարժարանը` Հաւատարմագրուած Ամերիկեան Կազմակերպութեան Կողմէ

Հոկտեմբեր 2022-ին Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնութիւնն ու պատկան մարմինները ձեռնարկեցին իւրայատուկ աշխատանքի մը: Նկատի ունենալով կրթական մարզին մէջ տեղի ունեցող արագ յառաջխաղացները, քայլ պահելու` այդ նորարարութիւններուն հետ, ինչպէս նաեւ կրթական եւ այլ ոլորտներու բարելաւման նպատակով դիմեցինք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող Middle States Association of Colleges and School Accreditation կազմակերպութեան: Դեկտեմբեր 2022-ին այս կազմակերպութեան վարիչ-տնօրէնը այցելեց դպրոց, եւ...

ՀՄԸՄ-ի Միջմասնաճիւղային Խմբապետական Սեմինար

ՀՄԸՄ-ի Միջմասնաճիւղային Խմբապետական Սեմինար

Կիրակի, 24 նոյեմբեր 2024-ին «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային խմբապետութեան կազմակերպած միջմասնաճիւղային խմբապետական սեմինարը: Սեմինարը մեկնարկն էր 2024-2025 տարեշրջանին, ուր յայտարարուեցաւ միջմասնաճիւղային ռալլի տարի: Յատկանշական էր, որ հակառակ Լիբանանի պատերազմական ճգնաժամային պայմաններուն` ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի 80-էն աւելի խմբապետներ հաւաքուեցան եւ իրենց ամբողջական պատրաստակամութիւնը յայտնեցին նախապատրաստուելու, աւելիով կազմաւորուելու, ՀՄԸՄ-ական հայ սկաուտին մէջ ազգային եւ սկաուտական դիմագիծը վառ պահելու...

Բագրատունի. «9 Յունուար 2025-ը Քաղաքական  Կողմերուն Համար Առիթ Մըն Է Նախագահի Անունին  Շուրջ Համաձայնելու Եւ Երկրին Մէջ  Մեր Տագնապին Համապարփակ Լուծումի Հասնելու»

«9 Յունուար 2025-ը Քաղաքական Կողմերուն Առիթ Մըն Է Նախագահի Անունին Շուրջ Համաձայնելու Եւ Երկրին Մէջ Մեր Տագնապին Համապարփակ Լուծումի Հասնելու» Շեշտեց Յակոբ Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ արձանագրուած համաձայնութեան` զինադադարին, եւ շրջանին վերջին զարգացումներուն: Յայտարարուած զինադադարին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ անիկա կանգուն չէ, որովհետեւ զինադադարը գործադրուած է միայն Դիմադրութեան կողմէ եւ ոչ Իսրայէլի: «Ուշագրաւ է այն իրականութիւնը, որ ցարդ այդ...

«Ազդակ»-ի «Սուրէն Տօնապետեան» Վարչական Գրասենեակ

«Ազդակ»-ի «Սուրէն Տօնապետեան» Վարչական Գրասենեակ

«Ազդակ»-ի տնօրէնութեան հաստատած աւանդութիւնը կը շարունակուի: «Ազդակ»-ի աշխատասենեակները կ՛անուանակոչուին մամուլի գործիչներու եւ մամուլի զանազան ծրագիրներու աջակցած նուիրատուներու հարազատներուն անուններով: Ուրախ ենք յայտնելու, որ «Ազդակ»-ի վարչական գրասենեակը այսուհետեւ կը կոչուի  1976-1984 թուականներուն «Ազդակ»-ի ցրւումի աշխատանքներուն պատասխանատուութիւնը վարած Սուրէն Տօնապետեանի անունով: Մամուլի շուրջօրեայ աշխատանքը իրարու ագուցուած շղթայական մեքենականութիւն ունի` խմբագրութենէն գրաշարութիւն, սրբագրութենէն էջադրում, քարտուղարական եւ վարչական բաժինէն տպագրութիւն եւ ցրւում: Ասոնցմէ որեւէ...

Սիրոյ Ու Զօրակցութեան Հայրական Պատգամ Հալէպի Հայութեան

Սիրոյ Ու Զօրակցութեան Հայրական Պատգամ Հալէպի Հայութեան

Անթիլիասի մայրավանքէն հայրական ջերմ սիրով կ՛ողջունենք Հալէպի մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները: Դարձեալ տագնապի մէջ է Հալէպը: Անցնող տասնամեակներու ընթացքին զանազան տագնապներ հարուածեցին Միջին Արեւելքի մշակոյթներու, կրօններու ու ազգերու համակեցութեան այս պատմական քաղաքը: Հալէպի հայութիւնը եւս ապրեցաւ բոլոր տագնապներուն ծանր հետեւանքները: Հայ ժողովուրդի պատմութեան մայր էջին վրայ միշտ կեդրոնական ներկայութիւն դարձած է Հալէպը` տնտեսական, մշակութային, կրօնական ու ազգային իմաստով: Իր եկեղեցիներով,...

Բագրատունի. «9 Յունուար 2025-ը Քաղաքական  Կողմերուն Համար Առիթ Մըն Է Նախագահի Անունին  Շուրջ Համաձայնելու Եւ Երկրին Մէջ  Մեր Տագնապին Համապարփակ Լուծումի Հասնելու»

Բագրատունի. «9 Յունուար 2025-ը Քաղաքական Կողմերուն Համար Առիթ Մըն Է Նախագահի Անունին Շուրջ Համաձայնելու Եւ Երկրին Մէջ Մեր Տագնապին Համապարփակ Լուծումի Հասնելու»

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի «Օ.Թի.Վի.»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ Լիբանանի եւ շրջանին մէջ արձանագրուած վերջին զարգացումներուն: Բագրատունի յայտնեց, թէ Լիբանանի մէջ զինադադարը միայն միակողմանի կերպով գործադրուեցաւ, եւ այդ համաձայնութեան երաշխաւոր պետութիւնները չմեկնաբանեցին այդ իրողութիւնը, եւ ուշադրութեան արժանին այն է, որ իսրայէլացի բնակեցուածները տակաւին հիւսիս չվերադարձան: «Պէտք է վերատեսութեան ենթարկել համաձայնութեան գործադրութեան կերպը,...

Հաղորդագրութիւն.  Ալեքքօ ՊԷզիքեան Կը Հովանաւորէ «Ճինիշեան» Ձեռնարկի Պարմանուհիներու Ծրագիրին Կրթական Բաժինը

Հաղորդագրութիւն. Ալեքքօ ՊԷզիքեան Կը Հովանաւորէ «Ճինիշեան» Ձեռնարկի Պարմանուհիներու Ծրագիրին Կրթական Բաժինը

«Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկը ուրախութեամբ կը յայտարարէ հայ պարմանուհիներու ընկերային բարօրութեան յատկացուած իր ծրագիրին շարունակութիւնը` 2024-2025 տարեշրջանին համար: Այս նախաձեռնութիւնը, որ կը գործէ 2005 թուականէն ի վեր, կը միտի գործնականօրէն վերափոխելու Լիբանանի մէջ ընկերային հարցեր դիմագրաւող պարմանուհիներու կեանքը: Մինչեւ օրս 190 հայ պարմանուհիներ մաս կազմած են սոյն ծրագրին: Այս տարի ծրագիրի ֆինանսաւորման իր մասնակցութիւնը կը բերէ անզուգական բարերար Ալեքքօ Պէզիքեանը, որ...

Երկու Միաբան Հայրեր Անթիլիասի Մէջ Ստացան Ծայրագոյն Վարդապետութեան Աստիճան

Երկու Միաբան Հայրեր Անթիլիասի Մէջ Ստացան Ծայրագոյն Վարդապետութեան Աստիճան

Նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, կիրակի, 24 նոյեմբեր 2024-ին, յընթացս սուրբ պատարագին, երկու միաբան հայրեր` Տաճատ վրդ. Աշըգեան (դիւանապետ կաթողիկոսարանի) եւ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեան (տեսուչ դպրեվանուց), արժանացան Հայ եկեղեցւոյ ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճաններուն: Տուչութիւնը կատարեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան. խարտաւիլակն էր Ստեփանոս ծ. վրդ. Փաշայեան: Հոգեպարար արարողութեան ընթացքին, զոյգ վարդապետները ծնրադրած`...

Նոր Սիսի Հայ Առաքելական Սուրբ Սարգիս Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Դպրոցի Վերամուտ

Նոր Սիսի Հայ Առաքելական Սուրբ Սարգիս Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Դպրոցի Վերամուտ

ԱՆԻԹԱ ԺԱՄԿՈՉԵԱՆ «Ձգեցէք, որ մանուկները ինծի գան, արգելք մի՛ ըլլաք անոնց, որովհետեւ այդպիսիներուն է Աստուծոյ արքայութիւնը» (Մարկոս 10.14): Իննսունհինգ տարի առաջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սահակ Բ. Խապայեան կաթողիկոս իմաստութեամբ, իբրեւ նշանաբան ունենալով Յիսուսի այս խօսքը, կը խրատէր հայ մայրերուն, որ իրենց զաւակները Քրիստոսի մօտեցնեն: Կիրակնօրեայ դպրոցներուն 95-րդ տարեդարձն է, եւ... Կիրակնօրեայ դպրոցները կը շարունակեն գործել եւ մանուկները կրթել աստուածաշնչական արժէքներով ...

Խմբագրական.  Տարեփակի-Տարեմուտի Խոհեր (Զ.)  «Ազդակ»-ի Նաւուն Առագաստը Բաց Պահելու Համար

Մեր Ընթերցողներուն

Շուտով կը թեւակոխենք ընթացիկ տարուան վերջին ամիսը: «Ազդակ»-ի երկարամեայ սովորութիւնը` բացառիկ թիւ հրատարակելու, պիտի չուզէինք խախտել: «Ազդակ»-ի խմբագրութիւնը, յետ խորհրդակցութիւններու, որոշեց հրատարակել բացառիկը անցեալ տարուան հետեւողութեամբ, միայն հիմնական մարզերու վերաբերող տարին ամփոփող գրութիւններով: Երկրին մէջ տիրող պատերազմական իրավիճակն ու տնտեսական ճնշիչ պայմանները կը ստիպեն հարկադրաբար պահել նոյն ձեւաչափը: 2024-ը ամփոփող` լիբանանեան, գաղութային, կուսակցական,Հայ դատի, «Ազդակ»-ի գործունէութիւնները ներկայացնող գրութիւնները կը համալրուին...

Ազգային Առաջնորդարանի Ընկերային Ծառայութեան Բաժանմունք.   Հոգեկան Ու Մտային Առողջութեան Պահպանման Նպաստող Հմտութիւններու Ձեռքբերման Մասին Դասախօսութիւններ

Ազգային Առաջնորդարանի Ընկերային Ծառայութեան Բաժանմունք. Հոգեկան Ու Մտային Առողջութեան Պահպանման Նպաստող Հմտութիւններու Ձեռքբերման Մասին Դասախօսութիւններ

Կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանի ընկերային ծառայութեան բաժանմունքին եւ համագործակցութեամբ IDRAAC-ին եւ Help Age International-ին, 4-18 նոյեմբեր 2024 նախկին Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանի երրորդ յարկին վրայ գտնուող բաժանմունքէն ներս տեղի ունեցան հինգ յաջորդական նախազգուշական դասախօսութիւններ, որոնց իրենց մասնակցութիւնը բերին շուրջ 100 ազգայիններ: Այս դասախօսութիւնները կը շեշտեն հոգեկան ու մտային առողջութեան կարեւորութիւնը` քաջալերելով քննական մտածողութիւնը: Նշեալ ջանքերը կ՛արտացոլացնեն հոգեկան առողջութեան աջակցութեան անհրաժեշտութիւնը մեր...

Հայ Հոգեւոր Պետերն Ու Քաղաքական Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչները Շեշտեցին Համակարգուած Աշխատանքներու Շարունակութեան Հրամայականը

Հայ Հոգեւոր Պետերն Ու Քաղաքական Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչները Շեշտեցին Համակարգուած Աշխատանքներու Շարունակութեան Հրամայականը

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին հրաւէրով, Հայ հոգեւոր պետերու եւ Լիբանանի հայ քաղաքական կուսակցութիւններու մարմիններու, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիկոյ Կաթողիկսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի դիւանի ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ, խորհրդակցական նիստ գումարուեցաւ Ուրբաթ, 22 Նոյեմբեր 2024-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։ Խորհրդակցութեան հիմնական թեման Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակն էր եւ անկէ բխած հետեւանքներու դիմագրաւման հաւանական միջոցները։ Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետը բարի գալուստ...

Լոյս Տեսաւ «Խաչիկ Պապիկեան» Հրատարակչական Հիմնադրամին 17-րդ Հատորը

Լոյս Տեսաւ «Խաչիկ Պապիկեան» Հրատարակչական Հիմնադրամին 17-րդ Հատորը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկսութեան «Խաչիկ Պապիկեան» հրատարակչական հիմնադրամի 17-րդ հատորը լոյս տեսաւ Կաթողիկոսարանի տպարանէն։ Հատորին խորագիրն է «Armenian Cultural Genocide» (A Contribution For The Typification Of Cultural Genocide As An International Crime). հեղինակն է իրաւունքի եւ ընկերային գիտութիւններու դոկտոր, ուրուկուէյցի Օսքար Լոփէզ Կոլտարսենան, որ աշխատասիրութիւններ ունի մարդկութեան դէմ ոճիրի, ռազմական յանցագործութիւններուն եւ զանոնք միջազգային քրէական դատարանին մօտ բարձրացնելու եղանակներուն մասին։ Հատորին մէջ...

Page 51 of 364 1 … 50 51 52 … 364

Արխիւներ