«Սիմոն Զաւարեանի Անտիպ Նամակները» Հատորի Շնորհահանդէս
ՀՅԴ 134-ամեակի տօնակատարութեան նախօրեակին, երէկ` հինգշաբթի, 30 յունուար 2025-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ գրասէր հոծ բազմութեան մը ներկայութեան տեղի ունեցաւ պատմաբան Երուանդ Փամպուքեանի խմբագրած «Սիմոն Զաւարեանի անտիպ նամակները» հատորի շնորհահանդէսը: ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի քարոզչական մարմինին անունով ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Յարութ Մարկոսեան, այնուհետեւ հատորը ներկայացուց Սալբի Քիւրքճեան-Թաշճեան: Այնուհետեւ խօսք առին ՀՅԴ...




















