ԹԱՄԱՐ Ս.
Անցեալ տարուան վերջին ամիսներու պատերազմական թոհուբոհէն անմիջապէս ետք, ահաւասիկ ընթացիկ տարուան առաջին օրերուն «Նամակներ» ներկայացումը կու գայ ճի՛շդ ատենին յիշեցնելու մեզի, որ յոյսն ու սէրը բոլորովին չեն մեռած եւ պատանիներու ու փոքրիկներու շուրթերէն լաւատեսութիւն կը փոխանցեն մեզի:
Արդարեւ, երեքշաբթի, 7 յունուարին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ բեմ բարձրացան Համազգայինի «Արեգ» մանկապատանեկան թատերական դպրոցի երեսունվեց փոքրիկ դերասաններ` հեղինակ եւ բեմադրիչ Սիլվա Սողոմոնեանի գեղարուեստական ղեկավարութեամբ: Ներկայացումը կոչուած էր «բաց դասարան»` հաշուետու աշխատանք մը հրամցնելու համար ծնողներուն: Սակայն սրահը ողողած հոծ բազմութեան մէջ, ծնողներէն բացի, նկատելի էր նաեւ հիւրերու եւ արուեստը գնահատողներու ներկայութիւնը:
Սրահի մուտքին տեղադրուած էին արեգականներու փորձերէն տպաւորիչ լուսանկարներ, իսկ բեմը զարդարուած էր շատ գունագեղ, աչք շոյող Կաղանդի յատուկ յարդարանքներով` տրամադրուած Ճեմարանի «Ռաֆֆի եւ Անելկա» մանկամսուրի պատասխանատուներուն կողմէ: Նաեւ հանդիսատեսին բաժնուեցաւ պրոշիւր մը, որ կը պարփակէր դերակատարներուն անուանացանկն ու ներկայացման մասին հակիրճ տեղեկութիւններ:
Առաջին հերթին բեմ բարձրացան պատանիները: Մէկը խօսքով, միւսը երգով, մէկ ուրիշը ասմունքով ներկայացուցին Կաղանդի խորհուրդը: Հայ բանաստեղծներէն մէջբերումներով եւ քառեակներ ասմունքելով` զգալի էր, որ անոնք լաւապէս ըմբռնած եւ իւրացուցած էին իւրաքանչիւր արտասանուած բառ ու միտք: Անոնք երբեմն նոյնիսկ զարմացուցին հանդիսատեսը` իրենց մաքուր առոգանութեամբ եւ ճշգրիտ շեշտադրումներով: Ապա նիւթը զարգացում ապրեցաւ, երբ մէջընդմէջ երգելով ու պարելով բեմ եկան փոքրերը, որոնք, ո՛վ գիտէ, քուլիսներուն ետին որքա՜ն չարաճճիութիւններ ըրած էին, բայց բեմին վրայ, թէկուզ` կարճ դերով, կրցան իրենց վստահուած պարտականութիւնը լրջօրէն կատարել եւ ստեղծել Կաղանդի հեքիաթային մթնոլորտ: Այնուհետեւ իւրաքանչիւրը խնդրեց իր նուէրը` այժմէական դարձած ելեկտրոնային խաղալիքներ կամ սարքեր, սակայն, ասոնց կողքին, մեծամասնութիւնը ցանկաց «Արդարութիւն», «Ազատութիւն», «Խաղաղութիւն», «Առողջութիւն», «Ընկերասիրութիւն», «Գոհունակութիւն», «Անկեղծութիւն», «Բարեսիրութիւն», «Արուեստ» եւ մարդկային, ընկերային ու բարոյական այլ արժէքներ: Վարակիչ էր փոքրերուն խանդավառութիւնը:
Սրահին մէջ յուզիչ մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ, երբ գեղեցիկ ձայնով փոքրիկ դերասանուհին երգեց հայրենի «Հայաթ փրոճեքթ» խումբին «Ես քո Արցախն եմ, դու իմ Հայաստանը» երգէն բաժին մը, եւ երկու աղջնակներ նոյն երգին վրայ պարային բեմադրութիւն մը ներկայացուցին: Ապա պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ երգին տեսահոլովակը` անգամ մը եւս շեշտելով Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութիւնը:
Աւարտին փոքրիկ դերասանները բեմ հրաւիրեցին իրենց սիրելի բեմադրիչը, որ իր սրտի խօսքին մէջ ըսաւ, թէ պէտք է միշտ երազանք պահել եւ հաւատալ անոր, որովհետեւ օր մը անպայման իրականութիւն պիտի դառնայ անիկա: Այս խօսքերուն վրայ հանդիսատեսներուն գլխավերեւ, ձիւնի փաթիլներու նման, թափեցան նամակի փոքրիկ պահարաններ, որոնցմէ իւրաքանչիւրին մէջ գեղազարդուած ու սիրուն ձեռագրով գրուած էին այն բոլոր բարի ցանկութիւններն ու արժէքները, որոնց կարօտը ունինք այս մեքենայացած աշխարհին մէջ:
Շնորհակալութիւն` բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին այս ներկայացման յաջողութեան` Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէնութեան ու խնամակալութեան, թեքնիք յանձնախումբին, օգնական` Թինա Թաշճեանին, երաժշտութեան եւ լոյսի սարքաւորման պատասխանատու Սուրէն Խտըշեանին, բեմայարդարման համար` Թալին Փափիրեանին եւ Թալին Քելէշեանին, նիւթապէս օժանդակողներուն, համբերատար ծնողներուն եւ մանաւանդ` հեղինակ եւ բեմադրիչ Սիլվա Սողոմոնեանին, որուն կը մաղթենք ստեղծագործական նորանոր վերելքներ:
«Նամակներ»-ը` Աստուծոյ կամ Կաղանդ պապային ուղղուած, սովորական նամակներ չէին, այլ` երազանքներ, իղձեր, գուցէ անիրականանալի թուացող փափաքներ, կամ մէկ բառով` պատրանքներ… Բայց ինչո՞ւ չհաւատալ երազին (կամ նոյնիսկ` պատրան-քին), որ մեզի յոյս եւ կորով պիտի տայ` առաջնորդուելու դէպի աւելի փայլուն ապագայ: