Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն. «Զուարթնոց» Կեդրոնի Ամանորեայ Առօրեայէն Արամ Ա. Վեհափառ Հօր Օրհնաբեր Այցելութիւնը

January 17, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով, «Զուարթնոց» կեդրոնը հինգշաբթի, 26 դեկտեմբեր 2024-ի առաւօտուն մեծ ուրախութեամբ ընդունեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, որուն կողքին ներկայ էր նաեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան:

Կեդրոնի վարչութեան անդամներուն հետ ընդունելէ ետք վեհափառը, կեդրոնի տնօրէն Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան բարի գալուստի իր խօսքով վեր առաւ վեհափառ հօր օրհնաբեր այս այցելութեան իմաստը` շեշտելով, որ Արամ Ա. կաթողիկոս մնայուն կերպով կանգնած է իր ժողովուրդի զաւակներուն կողքին եւ տուած է Հայ եկեղեցւոյ ծառայութեան առաքելութեան լաւագոյն փաստը: Ան շեշտեց, որ այս այցելութիւնը ոչ միայն տօնական ցնծութիւնը կ՛աւելցնէ, այլ մանաւանդ կը քաջալերէ «Զուարթնոց»-ի առաքելութեան հաւատացող պատասխանատուները, անձնակազմը, աշակերտներն ու ծնողները, որոնք կը տեսնեն, թէ առանձին չեն, այլ կը վայելեն վեհափառ հօր նեցուկը:

Ապա խօսք առաւ ընկերային ծառայողներու միութեան եւ «Զուարթնոց» կեդրոնի վարչութեան ատենապետ Անի Պուճիքանեան, որ ներկայացնելէ ետք կեդրոնի հիմնադրութեան պատմականն ու առաքելութիւնը, մեծ գոհունակութիւն յայտնեց վեհափառ հօր այցելութեան առիթով, անոր մաղթելով առողջութիւն եւ արեւշատութիւն: Ապա «Զուարթնոց»-ի աշակերտները ներկայացուցին Նոր տարուան եւ, Ս. Ծննդեան երգեր ու պարերով զարդարուած գեղարուեստական յայտագիր:

Վեհափառ հայրապետը ուրախութեամբ հետեւելով կատարուող աշխատանքին, իր հայրական գնահատանքն ու քաջալերական խօսքերը ուղղեց ներկաներուն` անգամ մը եւս շեշտելով ծառայութեան ոգիի կարեւորութիւնը եւ այս աշխատանքին լծուած նուիրեալներուն զոհողութեան իր գնահատանքը:

Այցելութիւն` Հայ Կաթողիկէ
Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.  Հոգեւոր Տիրոջ

Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով, «Զուարթնոց» կեդրոնի տնօրէն Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, վարչութեան ատենապետ Անի Պուճիքանեան, վարչութեան անդամ Անի Գալուստ եւ կեդրոնի աշակերտներ հինգշաբթի, 26 դեկտեմբեր 2024-ին շնորհաւորական այցելութիւն մը տուին Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս-պատրիարքին:

Շնորհաւորական իր խօսքին մէջ Վարդինէ Օհանեան- Գէորգեան շեշտեց, որ հոգեւոր տէրը մնայուն կերպով կը դրսեւորէ իր անվերապահ զօրակցութիւնը: Ան յոյս յայտնեց, որ Ս. Ծնունդը ու Նոր տարին խաղաղութիւն բերեն Լիբանանին եւ դժուարութեան մէջ եղող լիբանանցիներուն:

Հոգեւոր տէրը բարձր գնահատեց «Զուարթնոց» կեդրոնի տնօրէնութիւնը, վարչութիւնն ու անձնակազմը, որոնք, հակառակ տագնապներուն, կը շարունակեն նուիրումով կատարել իրենց վստահուած առաքելութիւնը:

 

 

Նախորդը

Արհեստական Բանականութիւնը 2025 Թուականին. Պիլ Կէյցի, Իլոն Մասքի Եւ Նասիմ Թալեպի Նախատեսութիւնները

Յաջորդը

Կաղանդի Նուէր

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան.  Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր,  Պատճառներ, Արդիւնքներ
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան. Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր, Պատճառներ, Արդիւնքներ

January 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.