Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Ծննդեան Տօնին Առիթով. Առաջնորդական Ս. Պատարագ Եւ Շնորհաւորական Ընդունելութիւններ

Յունուար 10, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով, երկուշաբթի, 6 յունուար 2025-ին Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ պատարագը մատուցեց եւ իր պատգամը տուաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան:

Սրբազան հայրը ողջունեց ներկայ հաւատացեալները Ս. Նշան մայր եկեղեցիէն ներս, ուր ան ներկայ հաւատացեալներուն ըսաւ, որ հաւաքուած ենք անսալով եկեղեցւոյ կոչնակի ղօղանջներուն, որոնք մեզ կը հրաւիրեն Ս. Ծննդեան տօնին առիթով մեր հայրերու հաւատքով համախմբուելու մեր եկեղեցիներէն ներս, որպէսզի մեր ապրած երկրաւոր տեսակաւոր հարցերուն եւ տագնապներուն դիմաց կարողանանք յոյս եւ շնորհք ստանալ երկինքէն երկիր հոսող Աստուծոյ ճառագայթէն:

Սրբազանը դիտել տուաւ, որ այս առիթը Տիրոջ կողմէ հաստատուած է, որպէսզի մենք ցնծանք եւ ուրախութիւն ապրինք, բայց ոչ թէ` աշխարհին հասկցած ուրախութիւնն ու ցնծութիւնը, այլ` հոգեւոր բերկրանք, որ կարելի է ստանալ միայն հաւատքով` այն եզակի շնորհով, որ Աստուած մարդուն տուաւ եւ միայն մարդուն փոխանցեց, որպէսզի այդ կարողութեամբ ան կարողանայ յարաբերիլ իր արարիչին հետ: «Այսօր մեր եկեղեցւոյ մէջ, Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով, հաւատքով մօտենանք սուրբ սեղանին, հաւատքով դիմաւորենք աշխարհ եկող սուրբ փրկիչը, որպէսզի աստուածային պատգամը` իբրեւ ճշմարտութիւն եւ շնորհ, իր անդրադարձը ունենայ մեր կեանքէն ներս, նաեւ մեզ տանի աւելի փառաւոր եւ շքեղ կեանքի վիճակներու», շեշտեց առաջնորդ սրբազանը` աւելցնելով, որ այսօր  Աստուածաշունչը մեզի կը յուշէ, որ տիեզերքի մէջ ամէնէն շքեղ գեղեցկութիւնը մարդկային հոգին է, նաեւ Աստուածաշունչը մեզի կը յիշեցնէ, որ ստեղծագործութեան մէջ ամէնէն փառաւորը մարդն է, որ հակառակ իր բոլոր տեսակի անկումներուն եւ արձանագրած շեղումներուն` կը մնայ Աստուծոյ զաւակը:

Սրբազանը ըսաւ, որ Աստուածաշունչը մեզի կ՛աւանդէ այս ճշմարտութիւնը եւ մեզ կը հրաւիրէ, որ այս բոլորը հաւատքով ընկալենք,  դիտել տալով, որ մարդկային մտքով պիտի չկարենանք ըմբռնել Աստուծոյ խորհուրդները, սակայն հաւատքով վստահաբար պիտի մօտենանք մեզի եկող մեր Աստուծոյն եւ զինք պիտի զգանք ու շօշափենք մեր կեանքի իրական վիճակներուն մէջ: Առաջնորդը ըսաւ, որ հաւատք կարենալ ունենալու համար պէտք է հոգեպէս տագնապինք, աղօթքի պահեր ապրինք, մեր ուշքը դէպի երկինք ուղղենք` անջատուելով աշխարհի երեւոյթներէն, որպէսզի կարենանք զգալ, թէ Աստուած ոչ միայն ներկայ է մեր կեանքէն ներս, ոչ միայն մեզմէ անջատ չէ, այլ մեզի հետ է` մեզի հետ կիսելով մեր ապրած առօրեան, մեզի հետ դիմագրաւելով մեր ունեցած հարցերն ու խնդիրները, մեր ապրած տագնապներն ու ցաւերը, որպէսզի մեզ վերադարձնէ իր աստուածային շնորհքներուն:

«Եթէ այսօր կատարեալ հաւատքով եւ վստահութեամբ աշխարհ եկող մեր Փրկիչը ողջունենք, նաեւ ստանանք մեր հոգիներուն մէջ Իրմէ երկիր եկող շնորհն ու յոյսը, որպէսզի անոնցմով նաեւ կերպարանափոխենք մեր ապրած միջավայրը, որ այնքան հեռացած է Աստուծոյ շնորհքէն եւ այնքան կարիքը ունի աստուածային սփոփարար ներկայութեան»,  եզրափակեց սրբազանը` յորդորելով ներկաները, որ աղօթեն, որպէսզի Աստուծոյ շնորհքը շարունակաբար մեզ առաջնորդէ մեր կեանքէն ներս, մեզմէ հեռու պահէ փոթորիկները, տագնապներն ու աշխարհի անցաւոր խնդիրները եւ մեզ առաջնորդէ կենարար կեանքի, նաեւ իր սուրբ ծնունդով վերանորոգէ մեր հաւատքն ու եռանդը, որպէսզի մենք մեր աշխատանքով, մեր մասնակցութեամբ, մեր ներդրումով ու մեր մղումով մեր կեանքին պարգեւենք Իրմէ ստացած մեր լոյսն ու շնորհքը եւ ուրիշներն ալ մեր օրինակին առաջնորդելով` զանոնք մօտեցնենք Աստուծոյ օրհնութեան:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ ջրօրհնէք:

Ս. Ծննդեան պատարագէն անմիջապէս ետք առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան ու Ազգային վարչութիւնը շնորհաւորութիւններ ընդունեցին Պէյրութի առաջնորդարանի դահլիճին մէջ, մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 2:00:

Նոյն օրը երեկոյեան ժամը 7:30-9:00 Պուրճ Համուտի առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, ներկայութեամբ սրբազան հօր եւ Ազգային վարչութեան անդամներուն, տեղի ունեցաւ Ս. Ծննդեան պաշտօնական ընդունելութիւն: Շնորհաւորութիւններ յայտնեցին` Պէյրութի կաթողիկէ պատրիարքական թեմին օգնական եպիսկոպոս Գրիգոր եպս. Պատիշահ, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի կազմակերպական ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան, Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան ատենապետ Վանիկ Տաքեսեան, Ռամկավար ազատական կուսակցութենէն պատուիրակութիւն մը, Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան, կազմակերպութիւններու, միութիւններու եւ ազգային կառոյցներու ներկայացուցիչները, նախկին երեսփոխաններ եւ նախարարներ, քաղաքապետական խորհուրդներու անդամներ, առաջին կարգի պաշտօնեաներ, միութիւններու ներկայացուցիչներ, թաղապետներ, լիբանանահայ վարժարաններու տնօրէններ, թաղական խորհուրդներու, տիկնանց յանձնախումբերու եւ դպրաց դասերու անդամներ, ինչպէս նաեւ` ազգայիններ:

Հաւաքի սկզբնաւորութեան, նախագահութեամբ սրբազան հօր եւ մասնակցութեամբ քահանայից դասուն, կատարուեցաւ տնօրհնէքի արարողութիւն: Այնուհետեւ խօսք առաւ Ազգային վարչութեան ատենապետ Գրիգոր Արսլանեան: Ան իր եւ Ազգային վարչութեան անունով շնորհաւորեց Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներու առիթով` մաղթելով, որ 2025 տարին լուսաւոր օրեր բերէ մեր ազգին, անոր զաւակներուն տայ ուժ եւ կորով, որպէսզի փոխհասկացողութեան ոգիով կարենանք դիմագրաւել հայութեան դիմաց ծառացած բազմապիսի դժուարութիւնները: Ան գոհունակութիւն յայտնեց, որ ըստ աւանդութեան, տօնական այս օրերուն հաւաքուած ենք սրբազան հօր հովանիին ներքեւ` շնորհաւորելու զինք եւ զիրար: Արսլանեան մաղթեց, որ բոլորը մնան Ազգային առաջնորդարանի կողքին եւ զայն պահեն մեր գաղութի լուսաւոր մէկ կեդրոնը:

Սրբազան հայրը իր խօսքին մէջ դիտել տուաւ, որ բոլորիս համար նուիրական նշանակութիւն ունի միասին ըլլալու իրողութիւնը եւ այդ հասկացողութեամբ հաւաքուած ենք Ազգային առաջնորդարանի դահլիճէն ներս, որ` մասնաւորաբար Ս. Ծննդեան տօնին առիթով միասին ըլլանք` իբրեւ միեւնոյն ընտանիքի անդամներ, որպէսզի իրարմով զօրացած` քիչ մը փարատենք մեր մտքերուն մէջ կուտակուած նեղութիւնները, դժուարութիւնները, անստուգութեան վիճակը եւ լաւատեսութեամբ նայինք վաղուան: Առաջնորդը նկատել տուաւ, որ մեծաթիւ աջակիցներ չունինք, հետեւաբար պարտաւոր ենք իրարու աջակցելով, զիրար զօրացնելով միասին քալելով` յարատեւել եւ այդ ձեւով պահպանել մեր եկեղեցական, համայնքային, կազմակերպ վիճակները եւ կեանքը, նաեւ` պաշտպանելու համար այն բոլոր արժէքները որոնք նախորդ սերունդներուն կողմէ մեզի տրուեցան:

Ան ըսաւ, թէ պէտք է արդարօրէն խոստովանինք, որ քաղքենի պայմաններու մէջ այդ սովորութիւններէն ոմանք սկսած են նօսրանալ մեր յիշողութեան մէջ, հետեւաբար յատուկ ճիգով այդ սովորութիւնները պէտք է վերաթարմացնելու աշխատանք տանինք, որպէսզի անոնցմով յարատեւենք, պահպանենք մեր ազգային հոգեւոր նկարագիրն ու աւանդը: Առաջնորդը նկատել տուաւ, որ դժուար կացութիւններու մէջէն անցանք եւ բոլորս ալ այդ դժուարութիւնները ապրեցանք եւ մինչեւ երկու ամիս առաջ վստահ չէինք, որ Ս. Ծննդեան առիթով միատեղ հաւաքուելու առիթ պիտի ունենանք, հետեւաբար այսօր ամէն պատճառ ունինք Աստուծոյ փառք տալու, որ այս գեղեցիկ առիթը կ՛ընծայէ մեզի լիբանանեան այս խառնակ պայմաններու մէջ: Սրբազան հայրը աղօթեց, որ իսկապէս ամբողջական խաղաղութեան հասնի այս երկիրը եւ խաղաղութեան պայմաններուն մէջ վերածաղկինք` մենք մեր աշխատանքով, մեր եռանդով, մեր ներշնչումներով եւ մեր սպասումներով:

Եզրափակելով իր խօսքը` առաջնորդը շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք իրենց ներկայութեամբ շէնցուցին ազգին առաջնորդարանը, հաստատելով, որ իրենցմով պայմանաւորուած է մեր աշխատանքը, իրենցմով կանգուն ենք եւ իրենցմով կը յարատեւենք:

Նախորդը

«Գանձասար»-ի Խմբագրական. Սուրիոյ Նոր Իրավիճակին Ընդառաջ

Յաջորդը

Տեշան Պիտի Հեռանայ 2026-ի Մոնտիալէն Ետք

RelatedPosts

Վեհափառ Հայրապետին Այցելեց Քրիստոնէական Զօրակցութեան Միջազգային Կազմակերպութեան Նախագահը
Գաղութային

Վեհափառ Հայրապետին Այցելեց Քրիստոնէական Զօրակցութեան Միջազգային Կազմակերպութեան Նախագահը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Համազգայինի Աշխատանքներու Ներկայացման Ու Համակարգման Հանդիպում
Գաղութային

Համազգայինի Աշխատանքներու Ներկայացման Ու Համակարգման Հանդիպում

Հոկտեմբեր 28, 2025
Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?