Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ Եկեղեցւոյ Հիմնադրութեան 90-Ամեակի Մեկնարկ Եւ Անուանակոչութիւն

Յունուար 15, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 12 յունուար 2025-ին հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 90-ամեակը եւ անուանակոչութիւնը: Արդարեւ, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան եկեղեցւոյ մէջ մատուցեց ս. պատարագ, որուն ընթացքին ան սրբալոյս միւռոնով օծեց արուեստագէտ Անի Քիւրքճեանին կողմէ եկեղեցւոյ նուիրուած սրբապատկերը:

Իր քարոզին մէջ սրբազան հայրը ըսաւ, որ կ՛ոգեկոչենք Ս. Յովհաննու Կարապետի տօնը եւ միաժամանակ  կը նշենք Յովհաննէս Մկրտիչի յիշատակը, որ Աստուծոյ կողմէ աշխարհ ղրկուած պատգամաբեր էր, որ իր ժողովուրդին մխիթարութեան համար յայտնուած էր մարդկութեան մէջ եւ իր խօսքը շեշտակի կերպով կ՛ուղղէր բոլորին: Ան 30 տարեկան հասակին, անապատին մէջէն իր ձայնը բարձրացնելով, իր կոչը ուղղեց հրեայ ժողովուրդին` թելադրելով, որ Տիրոջ ճամբան պատրաստեն, եւ այնքան ազդու կերպով խօսեցաւ, որ զինք գլխատեցին` փորձելով ճշմարտութիւնը լռեցնել:

Սրբազանը դիտել տուաւ, որ դարեր ետք մենք իր յիշատակը կը նշենք, որպէսզի իր օրինակէն թելադրուելով` մենք ալ փորձենք մեր կեանքէն ներս բան մը փոխել, Տիրոջ օրհնութիւնը ընդունելու համար նախ Տիրոջ ճամբան պատրաստել, կրաւորական եւ սպասողական վիճակէն դուրս գալով` մեր կացութեան համար քայլերու դիմել, ճիգ թափել, որպէսզի բարոյապէս, հոգեպէս եւ ազգային հասկացողութեամբ ըլլանք ու մնանք ամուր եւ տոկուն, մեր աչքին դիմաց ունենալով մեզ կանխող սերունդներուն օրինակը, որոնք հաւատքով դիմակալեցին կեանքէն ներս իրենց ունեցած եւ ապրած տեսակաւոր հարցերն ու դժուարութիւնները եւ իրենց ճիգով փորձեցին պահել մեր հայրերուն հաւատքը անաղարտ կերպով, ինչպէս նաեւ` այն բոլոր արժէքները, որ իրենց հետ անապատի աւազներուն մէջ պահպանելէ ետք բերին մինչեւ այս ափունքները, որպէսզի մենք իրենց շառաւիղները, Տիրոջ ճամբան պատրաստելով, շարունակենք մեր կեանքը` հայօրէն ապրելով եւ պաշտպանելով մեր իրականութեան մէջ այն, ինչ որ նուիրական է եւ սուրբ:

Առաջնորդ սրբազանը ըսաւ, որ այդ նուիրականին ու սուրբին մէջ կան մեր եկեղեցիները, կառոյցները, դպրոցները, նաեւ` մեր տուները, ընտանիքները, զաւակները եւ իբրեւ հաւաքականութիւն` մեր ընկերութիւնը, որ հօր խրախոյսի եւ քաջալերանքի պէտք ունի, եւ մասնաւորապէս պէտք ունի Տիրոջ յայտնութեան շնորհքին, որպէսզի ինքզինք բարեկարգելով եւ ուղղելով` կարողանայ իր կարգին վերցնել այն բեռը որ իրեն կը պատկանի, եւ ապրիլ այն կեանքը, որ վայել է մեր հաւաքականութեան ու մեր ժողովուրդին: Սրբազանը ըսաւ, որ այս հասկացողութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս այս տարին կը ձօնէ աւանդութիւններու վերակենսաւորման անհրաժեշտութեան եւ քաղուածաբար ներկայացուց վեհափառ հայրապետին հռչակագիրը:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:

Այնուհետեւ եկեղեցւոյ «Սեդրակ Աճեմեան» սրահին մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան: Օրուան հանդիսավար Մարալ Հարպոյեան ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք անդրադարձաւ` սուրբերու կեանքին, եկեղեցւոյ ունեցած կարեւորութեան եւ հաւատացեալներու ներդրումին:

Եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդի ատենապետ Քրիստ Աճեմեան հաստատեց, որ Թաղական խորհուրդը եւ անոր յարակից մարմիններու գործունէութիւնը կը վայելեն սրբազան հօր անվերապահ օրհնութիւնն ու հոգատարութիւնը, եւ օրըստօրէ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը կը ծաւալի ու կը բարգաւաճի` շնորհիւ եկեղեցւոյ հովիւին եւ ա՛յն բոլոր կամաւորներուն, որոնք անշահախնդիր կը ծառայեն ս. խորանին:

Աճեմեան ըսաւ, որ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին հարուստ է իր աւանդութիւններով, տօնակատարութիւններով եւ սուրբերով, աւելցնելով, որ տօնական օրերէն ետք կրկին անգամ Հայ եկեղեցին իր հաւատացեալներուն նոր յոյս կը ներշնչէ Յովհաննու Կարապետ սուրբին ճամբով: Աճեմեան յայտնեց, որ մէկ տարի առաջ եկեղեցին կանխահաս մահով կորսնցուց իր հաւատաւոր զաւակներէն Անի Նալպանտեանը, որ նուիրումով կը կատարէր իր ծառայութիւնը:

Եզրափակելով իր խօսքը` ան շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր իր հայրական հոգատարութեան համար, եկեղեցւոյ բարեկամներուն եւ բարերարներուն, որոնք միշտ եկեղեցւոյ կողքին են եւ իրենց նիւթական ու բարոյական աջակցութեամբ կ՛օժանդակեն եկեղեցւոյ:

Առաջնորդ սրբազան հայրը խօսք առնելով` շեշտեց ծառայութեան ոգի ունենալու անհրաժեշտութիւնը: Սրբազանը յայտնեց, որ իւրաքանչիւր հաւատացեալ իր կարողութեան համաձայն պէտք է ունենայ նուիրուելու առաքելութիւնը եւ նիւթապէս ու բարոյապէս զօրակցի եկեղեցւոյ: Ան գնահատեց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը` իրենց անձնուէր ծառայութեան եւ եկեղեցին շէն պահելու համար:

Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցաւ Շաքէ Պաղտասարեան` երգեհոնի ընկերակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանի: Յայտագիրին նաեւ իրենց մասնակցութիւնը բերին Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլէճի աշակերտներէն Լոռի Յովսէփեան եւ Մարիա Այվազեան` սրինգ, Պարոյր Նալպանտեան` տուտուկ (մասնակցութեամբ իր ուսուցչուհիին` Սէրլի Նեմշէհիրլեանի), Գէորգ եւ Հրակ Պալեաններ` թաւջութակ:

 

Նախորդը

«Ազատ Օր»-ի Խմբագրական. Վերանորոգ Յանձնառութիւնը Թող Ամրապնդէ Մեր Կամքը

Յաջորդը

Ողբ Հայաստանի

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին

Յուլիս 12, 2025
Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան.  Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան. Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?