Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Արեգ» Թատերական Դպրոցի Բաց Դասարանը` «Նամակներ» Խորագիրով

January 11, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու ամանորեայ ձեռնարկներու ծիրին մէջ, երեքշաբթի, 7 յունուար 2025-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Արեգ» թատերական դպրոցի բաց դասարանը` «Նամակներ» խորագիրով, ներկայութեամբ` Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան ներկայացուցիչներու, տնօրէններու, ծնողներու եւ բարեկամներու:

Ներկայացումին հեղինակն ու բեմադրիչն է «Արեգ» թատերական դպրոցի բաժինի վարիչ Սիլվա Սողոմոնեան:

4 դասարաններու տարբեր տարիքի 36 աշակերտներ Կաղանդի եւ Կաղանդ պապային ու անկէ սպասումներու տարբեր պատկերներով հանդէս եկան` իւրաքանչիւրը իրեն յանձնուած դերը լաւագոյնս կատարելու ճիգով: Կաղանդ պապային նամակներ գրելու, անկէ տարբեր խնդրանքներ կատարելու երեւոյթին ընդմէջէն փոքրիկ դերասանները շեշտեցին, որ խաղալիքներէն, նիւթականէն բացի` այլ փափաքներ եւս ունին` վայելելու խաղաղութիւն, արդարութիւն, ազնիւ ու բարի ընկերներ, պայծառ ու մաքուր միջավայր եւ այլն:

Թատրոնին ընթացքին շեշտը դրուեցաւ հայրենի հողի հանդէպ կապուածութեան ու անվերջ սիրոյ գաղափարին վրայ, որ զրոյցէ անդին` դրսեւորուեցաւ հայկական «Հայաթ փրոճեքթ» խումբի «Ես քո Արցախն եմ, դու իմ Հայաստանը» երգի մեկնաբանութեամբ եւ համապատասխան հայկական պարով:

Այս հրապարակային ներկայացման ճամբով «Արեգ» մանկապատանեկան դպրոցի աշակերտները առիթ ունեցան ցարդ իրենց սորվածը հրամցնել «Յակոբ Տէր Մելքոնեան»-ը լեցուցած իրենց ծնողներուն, բարեկամներուն եւ յատկապէս ընկերներուն, որոնք «Նամակներ» թատերախաղէն պատգամներ ստացած` վերադարձան իրենց տուները:

Ներկայացումի աւարտին Սիլվա Սողոմոնեան խօսեցաւ բաց դասարանի կարեւորութեան մասին` դիտել տալով, թէ անիկա առիթ հանդիսացաւ, որ «Արեգ» թատերախումբի բոլոր աշակերտները բեմ բարձրանան եւ ձեռք ձգեն բեմական վարժողական փորձառութիւն, իսկ ծնողները մօտէն ծանօթանան դպրոցի ու աշակերտներու աշխատանքներուն: Ան յայտնեց, որ ամէն մարդ կեանքին մէջ երազներ ունի, եւ հակառակ անոր որ բոլոր երազները իրականութիւն չեն դառնար, բայց բոլորս կը շարունակենք երազել եւ փափաքիլ, իսկ ասոր գաղտնիքն այն է, որ մենք իրականութենէ աւելի` պատրանքին կը հաւատանք:

Սողոմոնեան ըսաւ, որ թատրոնին ընթացքին ներկայացուեցան տարբեր տեսակի «նամակներ»: Մէկուն համար «նամակը» հեքիաթ էր, ուրիշին համար` պար, երրորդի մը համար` ասմունք, փափաք, մարդկութեան խաղաղութիւն, հայրենի հողի վերադարձ, մէկուն փափաքը նիւթեղէն է, միւսինը հոգեւոր… Իւրաքանչիւրը կը հաւատայ իր փափաքի իրականացման: Ան դիտել տուաւ, որ աշակերտները թատրոնին ընդմէջէն նաեւ իրենց դժգոհութիւնը յայտնեցին, որ արհեստագիտութեան արագ յառաջդիմութեան պատճառով նահանջ արձանագրած են ընկերային արժէքները, եւ անոնց փափաքներէն մէկն էր այդ արժէքներու վերատիրացումը:

Աւարտին իսկական նամակներ եւ մաղթանքներ թափեցան հանդիսատեսին վրայ` ժողովուրդը մղելու, որ իրենց կարգին հաւատան երազներուն եւ մաղթանքներուն, եւ անոնց հաւատալով ու զանոնք հետապնդելով է, որ իրականութիւն կը դառնան:

 

Նախորդը

ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի Մասնաճիւղը Յաջորդաբար 9-րդ Տարին Ըլլալով` Դարձեալ Ժողովուրդին Կողքին

Յաջորդը

Ամանորի Եւ Ս. Ծննդեան Մտորումներ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Նամակ Մը Յղեց Ապահովական Խորհուրդի Եւ ՄԱԿ-ի Անդամ Երկիրներու Դեսպաններուն

November 10, 2026
ՀՅԴ Երիտասարդականը Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Ժողովին Բարձրաձայնեց Հայ Պատանդներու Եւ Արցախի Հայաթափման Հարցերը
Գաղութային

ՀՅԴ Երիտասարդականը Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Ժողովին Բարձրաձայնեց Հայ Պատանդներու Եւ Արցախի Հայաթափման Հարցերը

November 10, 2026
Մըզհերի Հոգեւոր Լսարանը Սկսաւ Նոր Տարեշրջանին
Գաղութային

Մըզհերի Հոգեւոր Լսարանը Սկսաւ Նոր Տարեշրջանին

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.