Երէկ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի ընկերային ցանցերու վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը.
«Անգամ մը եւս հարաւային Լիբանանի բնակչութիւնը պարտադրեց իր հաւասարութիւնը` միջազգային բոլոր շահերուն դիմաց: Հարաւային Լիբանանի հողը ազատագրուեցաւ ժողովուրդին դիմադրութեամբ եւ լիբանանեան բանակին զոհողութիւններով, հակառակ հողին բռնագրաւումը շարունակելու եւ քաղաքայիններուն դէմ բռնամիջոցներու դիմելու թշնամիի փորձերուն:
Ոչ մէկ ձայն աւելի բարձր կը հնչէ, քան հողի տէրերու բազկերակին ձայնը»:


