Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Առաջնորդարանի Ընկերային Ծառայութեան Բաժանմունք. Սուրբ Ծննդեան Տօնին Առիթով Մտերմիկ Ընկերային Հաւաք-Ճաշ

Յունուար 16, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանի ընկերային ծառայութեան բաժանմունքին, շաբաթ, 11 յունուար 2025-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Ծննդեան հաւաք-ճաշ` ներկայութեամբ 160 ազգայիններու:

Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց բաժանմունքի վարիչ Սարին Շէմէմեան: Ան ըսաւ, որ անգամ մը եւս հաւաքուած ենք միասնաբար յիշելու եւ տօնելու Քրիստոսի ծնունդը, աւելցնելով, որ Սուրբ Ծննդեան իսկական ուրախութիւնը նուէրներ գնել կամ սեղաններ զարդարել չէ, այլ զիրար սիրելն ու իրարու ծառայելն է, որովհետեւ Քրիստոս աշխարհ գալով` մարդուն տուաւ հոգիի ուրախութիւն, սէր եւ խաղաղութիւն:

Ապա Ազգային վարչութեան փոխատենապետ եւ ընկերային յանձնախումբի մօտ Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչ, նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան դիտել տուաւ, որ 2024 տարին անցաւ իր դժուարութիւններով, մարտահրաւէրներով, նաեւ` իր ուրախութիւններով եւ յաջողութիւններով, եւ այժմ պահն է, որ միասնաբար մտածենք, թէ ինչպէ՛ս պիտի վերանորոգենք այս տարուան մեր յանձնառութիւնը: Ան դիտել տուաւ, որ առաջնորդարանի Ընկերային ծառայութեան բաժանմունքը իր տարբեր ծրագիրներով միշտ եղած է ու պիտի շարունակէ մնալ ազգայիններու կողքին` կարելի սահմաններուն մէջ զօրակցելու ընտանիքներուն, ապահովելու տեսակաւոր կարիքները եւ յաղթահարելու դժուարութիւնները:

Սրբազան հայրը, իր կարգին, ողջունեց բոլոր ներկաները եւ փառք յայտնեց Աստուծոյ, որ այս առիթը ընծայեց իրարու քով գալու խաղաղ պայմաններու մէջ, աղօթելով, որ Աստուած իր խաղաղութիւնը պարգեւէ Լիբանանի եւ հայութեան, որպէսզի ուրախ, հանգիստ ու խաղաղ պայմաններու մէջ մեր հարազատներուն հետ միասին մեր առօրեան կարենանք շարունակել: Սրբազանը կրկին անգամ յիշեցուց, որ տօնական առիթներով կարեւորը միատեղ ըլլալու իրողութիւնն է շեշտելով, որ կամաց կամաց այդ մէկը բոլորիս համար քիչ մը դժուար կ՛ըլլայ կեանքի պարտադրանքին պատճառով: Առաջնորդ սրբազանը ըսաւ, որ մենք մեր գիտակցութեան մէջ թուլացած ենք, նախկին եռանդով եկեղեցի չենք երթար եւ նախկին եռանդով ակումբներու եւ միութիւններու մէջ չենք, ինչպէս նաեւ մեր հարազատներուն հետ չենք, որովհետեւ իւրաքանչիւրը կը փորձէ առանձին ճամբայ կտրել` մոռնալով, որ մեր ուժը, կարողութիւնը, ուրախութիւնը, զօրութիւնը հաւաքական մեր միասնութեան մէջ կը գտնուի:

«Այս պահը առիթ է, որ նոր միացում հաստատենք մեր մէջ եւ անդրադառնանք, թէ իսկապէս իւրաքանչիւրս ընելիք ունի մեր անձերուն, մեր եկեղեցոյ, մեր կառոյցներուն եւ դպրոցներուն համար, եւ եթէ նիւթապէս չենք կրնար օժանդակել, նուազագոյնը ներկայութեամբ, աշխատանքով ու հաւատքով մասնակից դառնանք», շեշտեց առաջնորդը` մաղթելով, որ այդ նոր եռանդը վերադարձնենք մեր երկրին, մեր աշխատանքներուն ու մեր կեանքին, որպէսզի բոլորս միասին նախկին ապրումներով, նախկին խանդավառութեամբ եւ նախկին հաւատքով մասնակից ըլլանք հաւաքական մեր կեանքին:

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Հրդեհները. Ոգեշնչող Եւ Դառնացնող Պատկերներ

RelatedPosts

«Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Եռօրեայ Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Արդիւնաւէտ Խորհրդաժողով
Գաղութային

«Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Եռօրեայ Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Արդիւնաւէտ Խորհրդաժողով

Հոկտեմբեր 13, 2025
Առանց Սիրոյ Զգացումին Կարելի Չէ Ճանչնալ Զաստուած
Գաղութային

Մասնակից Դառնանք Հայ Դպրոցի Առաքելութիւնը Կանգուն Պահելու Նուիրական Գործին

Հոկտեմբեր 11, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ազգային Միացեալ Վարժարան Եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ազգային Միացեալ Վարժարան Եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն

Հոկտեմբեր 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?