Գաղութային

Առաջնորդ Սրբազան Հօր Այցելութիւնը Ազգային Միացեալ Վարժարան

Առաջնորդ Սրբազան Հօր Այցելութիւնը Ազգային Միացեալ Վարժարան

Չորեքշաբթի, 5 փետրուար 2025-ին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան այցելեց Ազգային Միացեալ վարժարան, ուր ջերմօրէն եւ ծափողջոյններով դիմաւորուեցաւ դպրոցի խնամակալութեան, տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ աշակերտներուն կողմէ: Սրբազան հօր պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչ Լիզա Պասթաճեանը եւ Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ Վիգէն Աւագեանը: Բացման խօսքը արտասանեց դպրոցի կրթական տնօրէն  Լիւսի Բէնէնեանը, որ բարի գալուստ մաղթեց առաջնորդին եւ անոր...

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Այցելեց Լիբանանի Նորակազմ Կառավարութեան Անդամ Նախարար Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Այցելեց Լիբանանի Նորակազմ Կառավարութեան Անդամ Նախարար Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան

Քիչ առաջ, Շաբաթ, 8 Փետրուար 2025-ին, Անթիլիասի Մայրավանք այցելեց եւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի Հանրապետութեան նորակազմ կառավարութեան երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նորանշանակ նախարար դոկտոր Նորա Պայրագտարեան։ Դոկտ. Նորա, իբրեւ նախարար, իր առաջին այցելութիւնը տուաւ Վեհափառ Հայրապետին՝ ստանալու համար անոր հայրական օրհնութիւնը՝ իրեն վստահուած գործունէութեան սկսելէ առաջ։ Արամ Ա. Կաթողիկոս իր ուրախութիւնը յայտնեց ու ջերմօրէն շնորհաւորեց նախարարը եւ...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Սամի Ժեմայելին

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Սամի Ժեմայելին

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէէն պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Կեդրոնական կոմիտէի կազմակերպական ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան եւ Ճորճ Գրիգորեան, 5 փետրուարին այցելեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայելին: Հանդիպումին ներկայ էր Փաղանգաւոր կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Սերժ Տաղերն ու կուսակցութեան օրէնսդրութեան եւ ընդհանուր քաղաքականութեան բաժանմունքի նախագահ Լարա Սաատէն: Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ երկու կուսակցութիւններուն միջեւ...

Վեհափառ Հայրապետին Այցելեց Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը

Վեհափառ Հայրապետին Այցելեց Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը

Հինգշաբթի, 6 փետրուար 2025-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ խօսելու Լիբանանի ներքին կացութեան, Հայաստան-սփիւռք յարաբերութեան եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ու Կովկասի մէջ հայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին:

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Վեր. Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանին Հետ

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Վեր. Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանին Հետ

Տօնական օրերուն առիթով եւ հոգեւոր պետերու այցելութիւններու շրջագիծին մէջ, երկուշաբթի, 3 փետրուար 2025-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին Հայկազեան համալսարանին մէջ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը հանդիպում մը ունեցաւ Հայ աւետարանական եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի նախագահ վերապատուելի դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանին հետ: Շնորհաւորական մաղթանքներ կատարելէ ետք Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սեմ Սիմոնեան ներկայացուց Համազգայինի գործունէութիւնը եւ ծրագիրները: Սիմոնեան շեշտեց հայ մշակութային ժառանգութիւնը լիբանանեան հասարակութեան...

Պօղոս Սնապեանին Նուիրուած Նախաձեռնութիւն Ազունիէի Ազգային Բուժարանին Մէջ

Պօղոս Սնապեանին Նուիրուած Նախաձեռնութիւն Ազունիէի Ազգային Բուժարանին Մէջ

Շաբաթ, 25 յունուար 2025-ի առաւօտուն Ազունիէի Տիկնանց օժանդակ մարմինի (ԱՏՕՄ) խումբ մը անդամներ ամսական դրութեամբ իրենց այցելութիւնը տուին Ազունիէի Ազգային բուժարան: Այս անգամ այցելութիւնը այլ բնոյթ կը կրէր: Ծրագիրը կ՛ընդգրկէր գեղարուեստական-գրական յայտագիր: Արդարեւ, ԱՏՕՄ-ականներուն կ՛ընկերակցէր բանաստեղծ, գրագէտ Պօղոս Սնապեանի դուստրը` Թամար Սնապեան-Սուրճեան, որ իր նախորդ այցելութեան փափաք յայտնած էր իր հօր գործերէն քանի մը նմուշ նուիրել կեդրոնի գրադարանին: Այս նախաձեռնութիւնը...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ռայի Պատրիարքը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ռայի Պատրիարքը

Չորեքշաբթի, 5 փետրուար 2025-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց մարոնի եկեղեցւոյ պետ Պշարա Ռայի պատրիարքը` ընկերակցութեամբ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Փոլ Սայյահ արքեպիսկոպոսին: Վեհափառ հայրապետին կողքին ներկայ էին միաբան հայրեր: Պատրիարք հայրը նախ եւ առաջ վեհափառ հայրապետին իր ցաւակցութիւնը յայտնեց Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի դժբախտ պատահարին առիթով: Ապա երկու հոգեւոր պետերուն միջեւ խորհրդակցութիւնը կեդրոնացաւ Լիբանանի Հանրապետութեան նոր կառավարութեան կազմութեան առնչուած հարցերու...

Յայտարարութիւն

Հաղորդագրութիւն

Վերջին շրջանին բազմացան կառավարութեան կազմութեան վերաբերող մամլոյ հրապարակումները, թափ առին նաեւ անճիշդ տեղեկութիւններու սպրդումները ընկերային ցանցերու վրայ, ինչ որ ստիպեց համապատասխան մարմիններ քանի մը առիթով հերքումներ կատարելու։ Այս մտահոգիչ պայմաններուն մէջ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կու գայ յստակացնելու հետեւեալ կէտերը.- Առաջին. ՀՅ Դաշնակցութիւնը՝ մեկնելով երկիրը, պետութիւնը եւ ժողովուրդը իրենց յաջորդական տագնապներէն եւ դժուարութիւններէն դուրս բերելու անհրաժեշտութենէն՝ այս փուլին նախագահ զօր....

Բագրատունի. «Կը Տեսնենք, Թէ Իրողական Գետնի Վրայ  Ո՛չ Երդման Ճառը, Ո՛չ Ալ Նշանակեալ Վարչապետին  Ճշդած Սկզբունքները Կը Գործադրուին»

«Բոլոր Համայնքները Ունին Իրենց Մտավախութիւնները, Եւ Այդ Բոլորը Պէտք Է Նկատի Առնուին» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին խստիւ դատապարտեց Պեքայի հոգեւոր տեսուչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի անարգ սպանութիւնը: Ան շեշտեց, որ հայր սուրբին սպանութիւնը հետեւանք է երկրին մէջ անապահով վիճակին` ընդգծելով, որ քստմնելի այդ ոճիրը առաջինը չէ դժբախտաբար: Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը, լիբանանեան...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կ՛ողջունէ  Զուիցերիոյ Ազգային Խորհուրդի Բանաձեւը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Լիբանանի Մէջ Զուիցերիոյ Դեսպանէն Պատասխան Նամակ Մը Ստացաւ

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ Զուիցերիոյ դեսպան դոկտ. Մարիոն Վիխելթէն ստացաւ պատասխան նամակ մը: Հայ դատի մարմինը 19 դեկտեմբեր 2024-ին դեսպանին յղած էր նամակ մը` ողջունելով Զուիցերիոյ Ազգային խորհուրդին կողմէ որդեգրումը պատմական բանաձեւի մը, որ երկրի դաշնակցային կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէ կազմակերպելու միջազգային խորհրդաժողով մը` ջատագովելու համար արցախահայութեան տունդարձի իրաւունքը: «Կ՛ողջունենք այս բանաձեւին որդեգրումը, որ Զուիցերիոյ օրէնսդիր...

Վերջին Օծում Եւ Կարգ Թաղման` Տ. Անանիա Ծ. Վրդ. Գուճանեանի

Վերջին Օծում Եւ Կարգ Թաղման` Տ. Անանիա Ծ. Վրդ. Գուճանեանի

Շաբաթ, 1 փետրուար 2025-ի վաղ առաւօտուն վախճանեցաւ հայ եկեղեցւոյ ծառայ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Սուրբ Աթոռին հաւատարիմ զաւակ եւ շատերու բարեկամ ու սիրելի Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան` զոհը դառնալով անողորմ ոճիրի մը: Օրհնութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, երեքշաբթի, 4 փետրուար 2025-ի առաւօտեան, հայկական աւան Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ, յընթացս սուրբ եւ անմահ պատարագի մատուցման, կատարուեցաւ հոգելոյս հայր սուրբին վերջին...

Բագրատունի. «Կը Տեսնենք, Թէ Իրողական Գետնի Վրայ  Ո՛չ Երդման Ճառը, Ո՛չ Ալ Նշանակեալ Վարչապետին  Ճշդած Սկզբունքները Կը Գործադրուին»

Բագրատունի. «Կը Տեսնենք, Թէ Իրողական Գետնի Վրայ Ո՛չ Երդման Ճառը, Ո՛չ Ալ Նշանակեալ Վարչապետին Ճշդած Սկզբունքները Կը Գործադրուին»

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի «Նիւ Թի.Վի.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին, անդրադառնալով Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի սպանութեան, յայտնեց, որ ոճրագործը պէտք է ձերբակալուի, ան Լիբանանի մէջ ըլլայ, թէ Սուրիոյ մէջ, եւ պէտք է խստագոյն պատիժի ենթարկուի: Անդրադառնալով հայր Անանիայի սպանութենէն ետք Պուրճ Համուտի շրջանին մէջ հայերու եւ սուրիացիներու միջեւ կռիւին առիթով ընկերային ցանցերու եւ «Նիւ...

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Այցելեց ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Այցելեց ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը

Շաբաթ, 1 Փետրուար 2025-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութենէն (ՀՅԴ) պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տէր Գէորգեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի եւ կազմակերպական ներկայացուցիչ Ալպէր Պալապանեան: Հանդիպումին արծարծուած հիմնական թեմաներն էին Հայաստանի ներկայ իրավիճակը, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու այսօրուան համապատկերը, Ցեղասպանութեան...

«Սիմոն Զաւարեանի Անտիպ Նամակները»  Հատորի Շնորհահանդէս

ՀՅԴ-ի Պատմութեան Մէջ Կարեւոր Եւ Ուրոյն Արժէք Ներկայացնող «Սիմոն Զաւարեանի Անտիպ Նամակները» Հատորի Շնորհահանդէս

Հինգշաբթի, 30 յունուար 2025-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ գրասէր հոծ բազմութեան մը ներկայութեան տեղի ունեցաւ պատմաբան, բանասէր ՀՅԴ Բիւրոյի երկար տարիներու անդամ Երուանդ Փամպուքեանի խմբագրութեամբ եւ  «Վէմ» մատենաշարի նախաձեռնութեամբ լոյս տեսած «Սիմոն Զաւարեանի անտիպ նամակները» հատորին շնորհահանդէսը: ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի քարոզչական մարմինին անունով ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Յարութ Մարկոսեան, որ  յայտնեց,...

«Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»-ի ԽԴ. Հատորի Զոյգ Գիրքերու Շնորհահանդէս

«Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»-ի ԽԴ. Հատորի Զոյգ Գիրքերու Շնորհահանդէս

Չորեքշաբթի, 29 յունուարի երեկոյեան ժամը 6:00-ին Հայկազեան համալսարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ շնորհահանդէսը համալսարանի հայագիտական տարեգիրքին.  երրորդ տարին է ահա, որ լոյս կը տեսնէ երկու գիրքով` մին տարուան կիսուն, միւսը` աւարտին: 44-րդ հատորի զոյգ գիրքերուն շնորհահանդէսին ներկայ էին` Ծիծեռնակաբերդի Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի գիտաշխատողներ դոկտ. Նարինէ Մարգարեան եւ դոկտ. Սեդա Պարսամեան, հոգեւոր, կրթական, ակադեմական շրջանակներէ մարդիկ, գրասէր հայորդիներ: Կեդրոնական սեղանին ցուցադրուած...

ՀՅԴ 134-Ամեակը Դարձաւ Առիթ Վերաշեշտելու Հայութեան Բովանդակ Իրաւունքներու Պաշտպանութիւնը Եւ Հայ Դատի Աշխատանքները Շարունակելու Վճռականութիւնը

ՀՅԴ 134-Ամեակը Դարձաւ Առիթ Վերաշեշտելու Հայութեան Բովանդակ Իրաւունքներու Պաշտպանութիւնը Եւ Հայ Դատի Աշխատանքները Շարունակելու Վճռականութիւնը

«134 տարիներու անսահման զոհողութիւն» խորագիրը կրող հանդիսութեամբ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Լիբանանի մեծ ընտանիքը 31 յունուար 2025-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Հապթուր» պանդոկի «Էմիրէյց» սրահին մէջ նշեց կուսակցութեան 134-ամեակը, որուն առիթով արտասանուած խօսքերուն մէջ շեշտուեցաւ համայն հայութեան իրաւունքներ ձեռք բերելու առումով անզիջողական կեցուածքը, Արցախի, արցախահայութեան եւ Հայ դատին վերաբերող աշխատանքներուն շարունակականութեան վճռականութիւնը, կազմակերպ ու հզօր սփիւռք ունենալու հրամայականէն աննահանջ երթը, ՀՅԴ-ի շարքերու...

ՀՅԴ 134-Ամեակի Ծիրին Մէջ.  Նահատակուած Եւ Մահացած Դաշնակցականներու Յիշատակին Հոգեհանգստեան Արարողութիւն

ՀՅԴ 134-Ամեակի Ծիրին Մէջ. Նահատակուած Եւ Մահացած Դաշնակցականներու Յիշատակին Հոգեհանգստեան Արարողութիւն

ՀՅԴ 134-ամեակի նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ երէկ` կիրակի, 2 փետրուար 2025-ի կէսօրին Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան ՀՅԴ Պանթէոնին առջեւ տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում եւ նահատակուած ու մահացած դաշնակցականներու յիշատակին հոգեհանգստեան արարողութիւն: Հոգեհանգստեան արարողութեան նախագահեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան` ընկերակցութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի քահանայից դասի անդամներու: Ներկայ էին ՀՅԴ Լիբանանի մեծ ընտանիքի Կեդրոնական կոմիտէի եւ կոմիտէներու կազմերը, շարքային մեծաթիւ...

Յայտարարութիւն

Դատապարտագիր

Շաբաթ, 1 փետրուար 2025-ին բացայայտուեցաւ ահաւոր ոճիր մը, երբ գտնուեցաւ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի դիակը, որուն վրայ կ՛երեւէին տանջանքի հետքերը` գազանային սպանութենէն առաջ: Մենք խստիւ կը դատապարտենք այս անարգ ոճիրը եւ մեր խորին ցաւակցութիւնը կը յայտնենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, վախճանեալ հայր սուրբի ընտանեկան պարագաներուն, հարազատներուն եւ սիրելիներուն: Պատկան կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք իրենց պարտականութիւնը կատարելու վճռականութեամբ եւ արագօրէն կ՛ակնկալենք, որ...

«134 Տարիներու Անսահման Զոհողութիւն» Խորագիրով Հանդիսութեամբ` ՀՅԴ Լիբանանի Կառոյցն Ու  Լիբանանահայութիւնը Նշեցին Կուսակցութեան 134-Ամեակը

«134 Տարիներու Անսահման Զոհողութիւն» Խորագիրով Հանդիսութեամբ` ՀՅԴ Լիբանանի Կառոյցն Ու Լիբանանահայութիւնը Նշեցին Կուսակցութեան 134-Ամեակը

134 տարեկան միշտ երիտասարդ ու պատնէշի վրայ գտնուող Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Լիբանանի կառոյցը երէկ` ուրբաթ, 31 յունուար 2025-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Հապթուր» պանդոկի «Էմիրէյց» սրահին մէջ մեծ շուքով տօնեց կուսակցութեան հիմնադրութեան 134-ամեակը` «134 տարիներու անսահման զոհողութիւն» խորագիրը կրող հանդիսութեամբ: ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ եւ Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՅԴ-ի դրօշակակիր պատանիներու ու ԼԵՄ-ականներու մուտքով ընթացք առած հանդիսութիւնը պաշտօնապէս բացուեցաւ Լիբանանի, Հայաստանի...

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Շնորհաւորական Այցելութիւնը Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Շնորհաւորական Այցելութիւնը Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան

Երկուշաբթի, 27 յունուար 2025-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը այցելեց հայ կաթողիկէ պատրիարքարան եւ հանդիպում մը ունեցաւ հայ կաթողիկէ Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական Գրիգոր եպս. Պատիշահի հետ: Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սեմ Սիմոնեան նախ շնորհաւորեց հոգեւոր հօր Նոր տարին եւ Սուրբ Ծնունդը, ապա վերահաստատեց Համազգայինի եւ հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի համագործակցութիւնն ու աջակցութիւնը, որմէ ետք ներկայացուց Շրջանային...

Page 47 of 364 1 … 46 47 48 … 364

Արխիւներ