Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեսփոխան Էտկար Թրապուլսիի Այցելութիւնը ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն

January 21, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հինգշաբթի, 16 յունուար 2025-ին ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն այցելեց երեսփոխան Էտկար Թրապուլսի` ընկերակցութեամբ նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի Լիբանանի բժշկական միութեան վարչութեան անդամ տոքթ. Հապիպ Հազգիալի եւ ԱՏՐԱ կազմակերպութենէն ներկայացուցիչներու:

Պատուիրակութիւնը տեսակցեցաւ կեդրոնի տնօրէն Նազելի Աւագեանի հետ: Հանդիպման ներկայ էր ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Թալին Ուրիշեան: Այցելութիւնը կը միտէր աւելի մօտէն ծանօթանալ «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի մատուցած ծառայութիւններուն եւ խորհրդակցիլ ապագայ ծրագիրներու կարելիութիւններուն շուրջ:

Բարի գալուստի խօսքէն ետք Նազելի Աւագեան բարձր գնահատեց  պատուիրակութեան կեդրոն այցելութիւնը, ապա անոնց ներկայացուց «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի հիմնադրութեան նպատակն ու բաժանմունքներուն տարած ծաւալուն գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ` «Վարդուհի Տէկիրմէնճեան» խոհանոցի «Տաք ճաշ» ծրագիրը եւ ժողովուրդին կարիքներուն հասնելու ճամբուն վրայ ցցուող մարտահրաւէրները:  Ան լուսարձակի տակ առաւ նաեւ կեդրոնին` ժողովուրդին կողքին ըլլալու կարեւորութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը, եւ որուն համար կեդրոնը միշտ կարիքը ունի բարերարներու նեցուկին:

Զեկոյցին հետեւելէ ետք երեսփոխան Թրապուլսի եւ ԱՏՐԱ կազմակերպութեան ներկայացուցիչները տնօրէնին հետ քննարկեցին ապագայ գործակցութեան կարելիութիւնը: Անկէ ետք անոնք շրջեցան կեդրոնէն ներս եւ աւելի մօտէն ականատես եղան բժշկական, տարրալուծարանի, ատամնաբուժարանի, շտապ օգնութեան, մարձումի, շողանկարումի, ընկերային ծառայութեան գրասենեակի եւ դեղարանի բաժանմունքներուն մասնագիտական ծառայութիւններուն, որմէ ետք այցելեցին նաեւ «Վարդուհի Տէկիրմէնճեան» խոհանոց, ուր Շրջանային վարչութեան ատենապետ Թալին Ուրիշեան ներկայացուց «Տաք ճաշ» ծրագիրին պատրաստութեան փուլերն ու ընթացքը:

Երեսփոխան Էտկար Թրապուլսի դրուատեց կեդրոնին առաքելութիւնն ու ժողովուրդին ի նպաստ կատարած բազմաբնոյթ աշխատանքներն ու զոհողութիւնները, ինչպէս նաեւ`  «Վարդուհի Տէկիրմէնճեան» խոհանոցի «Տաք ճաշ» ծրագիրը, իսկ այցելութեան աւարտին դեղեր նուիրեց կեդրոնին:

Այցելուները կեդրոնէն մեկնեցան մօտիկ ապագային փոխադարձ գործակցութեան եւ կեդրոնին աջակցութեան հեռանկարով:

 

 

Նախորդը

Լիբանանի Վերջին Զարգացումները` Թուրք-Սէուտական Մրցակցութեան Պրիսմակէն Դիտուած

Յաջորդը

Դոկտ. Ժան Կէօքճեան` Միջին Արեւելքի Ուսումնասիրութիւններու Միութեան 2025 Թուականի Ծրագիրի Մշակման Խորհուրդի Անդամ

RelatedPosts

Կիպրոսի Հայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչը Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին
Գաղութային

Կիպրոսի Հայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչը Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

January 15, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Ազատութիւն` 1890 Օր Ետք»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Ազատութիւն` 1890 Օր Ետք»

January 15, 2026
Բագրատունի. «Վիգէն Իւլճեքեանը`  Դէպի Ազատութիւն»
Գաղութային

Բագրատունի. «Վիգէն Իւլճեքեանը` Դէպի Ազատութիւն»

January 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.