Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի դասախօսներէն դոկտ. Ժան Կէօքճեան պաշտօնապէս հրաւիրուեցաւ միանալու Միջին Արեւելքի ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի 2025 թուականի Ծրագիրի մշակման խորհուրդին: Այդպիսով, ան պաշտօնապէս եղաւ Ծրագիրի մշակման խորհուրդի անդամ, որ իր աշխատանքներուն կը սկսի այս տարի` 22-25 նոյեմբեր 2025-ին Ուաշինկթընի մէջ կայանալիք տարեկան ժողովին նախապատրաստուելու նպատակով:
Այս խորհուրդը, որուն անդամներէն մէկը առաջին անգամ ըլլալով հայ մը կ՛ըլլայ` յանձինն դոկտ. Ժան Կէօքճեանի, տարուան ընթացքին տարբեր աշխատանքներ պիտի տանի, ժողովներ պիտի գումարէ եւ ծրագիրներ մշակէ` Միջին Արեւելքի ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի 59-րդ տարեկան ժողովին գործունէութեան կազմակերպման ի խնդիր: