Նախագահութեամբ նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան ու տնօրէնութեան, մասնակցութեամբ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի ու «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի արուեստագէտ ուսուցիչներուն, ուրբաթ, 10 յունուար 2025-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հայ աւետարանական առաջին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ամանորի համերգ:
Հանդիսութեան ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, Հայ աւետարանական եկեղեցիներու Համաշխարհային խորհուրդի նախագահ վերապատուելի դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Ռամկավար ազատական կուսակցութեան եւ Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան ներկայացուցիչներ, Լիբանանի տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մաքարի, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի ներկայացուցիչ, երեսփոխաններ Նիքոլա Սահնաուի, Ֆարիտ Պուսթանի, Մըլհեմ Խալաֆ, Էտկար Թրապուլսի, Նապիլ Պատըր եւ Յակոբ Թերզեան, նախկին նախարարներ Ռիշար Գույումճեան, Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, Վրէժ Սապունճեան, նախկին երեսփոխան Նուրիճան Տէմիրճեան, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ, հոգեւոր հայրեր, լիբանանեան եւ հայկական կրթական, մշակութային, երիտասարդական, առողջապահական եւ մարզական միութիւններու ու կառոյցներու ներկայացուցիչներ, արուեստագէտներ, աշակերտներ եւ մեծաթիւ բազմութիւն:
Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան անունով բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Սամիկ Կարապետեան, որ նշեց, թէ վաստակ ունեցող ուսուցիչները, իբրեւ վաւերական արուեստագէտներ, նշեալ ելոյթով իրենց տաղանդը պիտի արտայայտեն հմայիչ երաժշտական կատարումներով` յիշեցնելով ա՛յն ստեղծագործական ոգին եւ նուիրուածութիւնը, որոնցմով անոնք ամէն օր կ՛առաջնորդուին իրենց գործին մէջ: Կարապետեան մեծապէս գնահատեց դերը գեղարուեստի դպրոցներու ուսուցիչներուն, որոնք մասնագիտական հմտութիւններ սորվեցնելու կողքին կը փոխանցեն ազգին ծառայելու գիտակցութիւն եւ անխոնջ սէր: Ան ըսաւ, որ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցները յանձնառու կը մնան հայոց լեզուի ու մշակոյթի ժառանգութիւնը պահպանելու առաքելութեան:
Գեղարուեստական յայտագիրի առաջին բաժինով ելոյթ ունեցան Արմէն Ճէնտէրէճեան (ջութակ) եւ Վերոնա Ռուսիալեան (դաշնամուր), որոնք նուագեցին Ֆրիթզ Քրէյսլըրի «Viennese Miniature March» ստեղծագործութիւնը: Ապա Ճէնտէրէճեան եւ Սարգիս Աւագեան (ջութ) նուագեցին Ֆրանզ Անթոն Հոֆմէթի Duetto op.19 «Ատաճիօ, Ալէկրօ»-ն:
Երկրորդ բաժինով ելոյթ ունեցան Շողիկ Թորոսեան (սոփրանօ) եւ Սիրվարդ Պոյաճեան-Սապունճեան (դաշնամուր), որոնք կատարեցին Կոստանդին Պետրոսեանի «Տիրամայր»-ը եւ Արտեմի Այվազեանի «Երեւան»-ը:
Ապա Ամանորի համերգը շարունակեցին Զաքար Քէշիշեան (շուի, թաւշուի, տուտուկ), Կամիլա Երկանեան (դաշնամուր) եւ Նարեկ Քէշիշեան (տհոլ): Անոնք ներկայացուցին Գրիգոր Եղիազարեանի «Շողեր ջան»-ը, Խաչատուր Աւետիսեանի «Յուշեր»-ը եւ «Ծաղիկ ես եւ վեր-վերի» ժողովրդական երգաշարը:
Մարի Արապաճեան (ճազ մեներգչուհի) եւ Սիրվարդ Պոյաճեան-Սապունճեան (դաշնամուր) ներկայացուցին Ուիլիըմ Ուոքոըրի «Էմէյզինկ Կրէյս»-ը, Առնօ Պապաճանեանի «Երգ առաջին սիրոյ»-ն եւ Ռոպերթ Ամիրխանեանի «Դու իմ երգն ես»-ը:
Աւարտին, ելոյթ ունեցան Արմինէ Ապաճեան-Պասթաճեան եւ Կամիլա Երկանեան, որոնք դաշնամուրով միասնաբար (չորս ձեռք) նուագեցին Արամ Խաչատուրեանի «Սուրերու պար»-ը եւ Առնօ Պապաճանեանի «Երազ»-ը:
Ելոյթի ընթացքին «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի գեղանկարիչ ուսուցիչներ Գօգօ Կարապետ եւ Հրանդ Գալեմքէրեան ստեղծագործեցին օրուան խորհուրդը:
Ամանորին նուիրուած այս յոյս ներշնչող եւ բարձրորակ համերգի աւարտին Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան ատենապետ Շանթ Յարութիւնեան եւ կրթական տնօրէն Կամիլա Երկանեան յուշանուէր մը յանձնեցին հանդիսութեան նախագահ Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանին: Այս առիթով նախկին նախարարը նշեց, որ Լիբանանը քաղաքակրթութեան եւ արուեստի զարգացման կեդրոն է, ուր Համազգայինը տարիներու ընթացքին իր բազմաճիւղ աշխատանքներով ունի իր իւրայատուկ կարեւորութիւնն ու դերակատարութիւնը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք մասնակից դարձան այս նախաձեռնութեան յաջողութեան, եւ յոյս յայտնեց, որ յառաջիկան Լիբանանի համար կ՛ըլլայ ծաղկումի եւ վերականգնումի փուլ:
Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան եզրափակեց. «Այս օրինակը պէտք է պահպանենք, անիկա մեր շատ սիրած Լիբանանի օրինակն է, մարդու Լիբանանը, մշակոյթի Լիբանանը, իր բազմազանութեամբ եւ այլազանութեամբ հարուստ Լիբանանը»: