Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն. Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսաց Յատուկ Սիւնհոդոսի

Մարտ 14, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսաց յատուկ սիւնհոդոսի բացումը կատարուեցաւ 24 փետրուար 2015-ին, Քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանին մէջ, Հռոմ, նախագահութեամբ ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց եւ մասնակցութեամբ հետեւեալ թեմերու առաջնորդներուն. Լիբանան, Հայաստան եւ Արեւելեան Եւրոպա, Պոլիս, Հալէպ, Դամասկոս, Բարձր Ճեզիրէ, Եգիպտոս, Պարսկաստան, Ֆրանսա, Միացեալ Նահանգներ եւ Քանատա, Լատինական Ամերիկա, Յունաստան:

Սիւնհոդոսական հայրերը քննարկեցին գլխաւորաբար հետեւեալ կէտերը.

Ա. Քննարկում` Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ իրավիճակին, ընդհանրապէս աշխարհի եւ յատկապէս Միջին Արեւելքի ներկայ արմատական վերիվայրումներուն եւ անոնց հետեւանքով ստեղծուած մտահոգիչ կացութեան լոյսին ներքեւ: Որոշուեցան առնուելիք քայլերը` դիմագրաւելու համար բազմապիսի հարցերն ու մարտահրաւէրները, որոնք կը սպառնան մեր հաւատացեալներուն ազգային ու հոգեւոր ինքնութեան:

Բ. Ցեղասպանութեան 100-ամեակի յիշատակութեան ծիրին մէջ կատարուելիք` Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ նախաձեռնութեամբ, ինչպէս նաեւ համահայկական մակարդակի վրայ եւ զանազան կազմակերպութիւններուն հետ ծրագրուած ձեռնարկներու կարգաւորում եւ անմիջական նախաքայլեր:

Գ. Այս նոյն գծով եւ յատուկ կերպով նշուեցան հետեւեալ կէտերը.

– Նորին սրբութիւն Ֆրանչիսկոս քահանայապետին կողմէ տրուած դրական պատասխանը գերերջանիկ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին կողմէ ուղղուած աղերսին` սուրբ պատարագ մատուցելու Հռոմի Սուրբ Պետրոս մայր տաճարին մէջ, 12 ապրիլին` մասնակցութեամբ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ նուիրապետութեան, ինչպէս նաեւ քոյր եկեղեցիներու եւ այլ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն եւ ի ներկայութեան հայ եւ օտար քաղաքական անձնաւորութիւններու:

– Սիւնհոդոսի հայրերը շնորհակալութեան նամակ յղեցին սրբազան պապին` Ցեղասպանութեան ոգեկոչումին առիթով հայ ժողովուրդին նկատմամբ անոր ցուցաբերած զօրակցութեան համար: Յայտնեցին նաեւ իրենց երախտագիտութիւնը անոր պատմական որոշումին համար` ի մօտոյ Ս. Գրիգոր Նարեկացին Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ հռչակելու:

Դ. Սիւնհոդոսական հայրերը զօրակցութիւն յայտնեցին Միջին Արեւելքի զանազան երկիրներուն մէջ տարագրութեան ու ջարդի ենթարկուող բազմահազար քրիստոնեաներուն, որոնք, ի նմանութիւն առաջին դարերու քրիստոնեաներուն, կը նահատակուին իրենց քրիստոնէական հաւատքին կառչած մնալնուն համար: Հայրերը յայտնեցին իրենց պատրաստակամութիւնը` բոլոր մարզերուն մէջ յառաջ տանելու իրենց ջանքերը, այդ հալածուած ժողովուրդին օգնութեան հասնելու եւ անոնց տառապանքները թեթեւցնելու համար:

Սիւնհոդոսական նիստերը փակուեցան 28 փետրուար 2015-ին` յատուկ արարողութեամբ, քահանայապետական  Լեւոնեան հայ վարժարանի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ:

Հռոմ, 28 փետրուար 2015

ՔԱՐՏՈՒՂԱՐՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՑ ՍԻՒՆՀՈԴՈՍԻՆ

 

 

Նախորդը

Ճորճ Եւ Ամալ Քլունիի Ներկայութեամբ` «100 Lives» Նախաձեռնութեան Մեկնարկ

Յաջորդը

Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեանի Հովանաւորութեամբ Եւ Ներկայութեամբ` Րաֆֆի Թոքաթլեանի Քանդակներու Եւ Գեղանկարներու Ցուցահանդէսի Բացում

RelatedPosts

Ապագայ Լրագրողները Ծանօթացան  Ելեւմտական Շուկաներուն, Դրամին ու Թուայնացած Դրամին
Գաղութային

Ապագայ Լրագրողները Ծանօթացան Ելեւմտական Շուկաներուն, Դրամին ու Թուայնացած Դրամին

Մարտ 25, 2023
«Բոլոր Մարդոց Հաւասարութիւնը Քրիստոնէական Հաւատքի Անյեղլի Սկզբունքներէն Մէկն Է»  Հաստատեց Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան
Գաղութային

«Բոլոր Մարդոց Հաւասարութիւնը Քրիստոնէական Հաւատքի Անյեղլի Սկզբունքներէն Մէկն Է» Հաստատեց Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան

Մարտ 24, 2023
Քուէյթի Եւ Շրջակայից Թեմի Պատուիրակութիւնը ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Մօտ
Գաղութային

Քուէյթի Եւ Շրջակայից Թեմի Պատուիրակութիւնը ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Մօտ

Մարտ 23, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In