Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ «Ազդակ»-ի խմբագրութեան կազմակերպութեամբ մամլոյ 101-րդ լսարանը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 11 մարտ 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Ռաֆֆի Տեմիրճեան, որ համառօտ ձեւով ներկաներուն ծանօթացուց «Ուիքիփետիա»-ն, ապա յայտնեց, որ «Ուիքիմետիա Հայաստան»-ը հասարակական կազմակերպութիւն է եւ կը միտի իր նախագիծերուն ճամբով տեղեկատուական հասարակութիւն ձեւաւորել` ներգրաւելով հասարակական լայն շերտեր:
Ան յայտնեց, որ «Ուիքիմետիա Հայաստան» կազմակերպութիւնը արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի պահպանման ու զարգացման ծրագիրներուն կողքին կ՛աշխատի հանրութեան ներկայացնել հայ ժողովուրդի պատմութիւնը, մշակոյթը եւ հիմնախնդիրները:
Տեմիրճեան իր խօսքը աւարտեց ըսելով, որ արհեստագիտական արդի գործիքները պէտք է ծառայեցնել ի նպաստ մեր արժէքներուն:
Ելոյթ ունեցաւ «Ուքիմետիա Հայաստան»-ի նախագահ եւ հիմնադիր Սուսաննա Մկրտչեան եւ ներկայացուց արեւմտահայերէն «Ուիքիփետիա»-ի ստեղծման ու զարգացման մասին ծրագիրը: Ան նախ եւ առաջ ներկայացուց «Ուիքիմետիա Հայաստան»-ը, որ գիտա-կրթական հասարակական եւ շահոյթ չհետապնդող կազմակերպութիւն մըն է, որուն տեսլականն է համացանցի միջոցով հայոց լեզուով ընդհանուր գիտելիքներ հասարակութեան հասանելի դարձնել եւ տարածել ազատ գիտելիքի գաղափարը Հայաստանի ու ամբողջ աշխարհին մէջ: Ան ըսաւ, որ այս կազմակերպութեան մասնակցած են 42 երկիրներ, եւ կազմակերպութիւնը սերտօրէն կը համագործակցի հասարակական կազմակերպութիւններու եւ յատկապէս կրթական հաստատութիւններու հետ:
Ան անդրադարձաւ, որ «Ուքիմետիա» համայնքին մաս կը կազմեն խմբագիր անդամները, իսկ միւս մասը այն անձերն են, որոնք իրենց կարողութիւններով եւ միջոցներով կը նպաստեն «Ուիքիմետիա Հայաստան»-ի նպատակներու իրագործման:
Սուսաննա Մկրտչեան դասախօսութեան ընթացքին ցուցադրեց տեսերիզներ` «Ուիքիմետիա Հայաստան» կազմակերպութեան աշխատանքներուն մասին: Ան նկատել տուաւ, որ «Ուիքիմետիա Հայաստան»-ը ազատ հանրագիտարան մըն է, իւրաքանչիւր ոք կրնայ խմբագրել զայն եւ կը զարգանայ կամաւոր խմբագրումներ կատարող ընթեցողներու միջոցով:
Մկրտչեան առ ի գիտութիւն փոխանցեց, թէ արեւելահայերէն յօդուածներուն թիւը կը կազմէ 149166, իսկ խմբագիրներու թիւը կը գերազանցէ 500-ը: իսկ արեւմտահայերէնը տակաւին 1200 յօդուած ունի:
Ան յայտնեց, որ կազմակերպութիւնը 2015-էն սկսած է գործակցիլ «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնադրամին հետ` նպատակ ունենալով արեւմտահայերէն «Ուիքիփետիա» ստեղծել ու զարգացնել` համախմբելով Հայաստանի եւ սփիւռքի կառոյցներու եւ անհատներու ներուժը:
Դասախօսութեան ընթացքին եւ աւարտին ներկաները յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար հարցումներ ուղղեցին զեկուցաբերին: