Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

March 13, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-12-15_լօ1-fԵրէկ` հինգշաբթի, 12 մարտի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեան եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Յակոբ Հաւաթեան եւ Վիգէն Աւագեան, այցելեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին:

Շուրջ 2 ժամ տեւած հանդիպումին, արծարծուեցան Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի, ինչպէս նաեւ լիբանանահայ գաղութի ազգային կեանքին հետ առնչուած հիմնական օրակարգեր:

Կեդրոնական կոմիտէն վեհափառ հայրապետին փոխանցեց գաղութի կենսունակութեան եւ աշխուժացման առնչուած իր հիմնական ծրագիրները, ինչպէս նաեւ այս իմաստով ճշդած առաջնահերթութիւնները:

Շեշտուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկներուն գաղութային ամբողջական ուժականութիւն տալու անհրաժեշտութիւնը` տրուած ըլլալով, որ լիբանանահայ գաղութը այս իմաստով ունի յատուկ կենսափորձ եւ միշտ ալ գտնուած է պատասխանատուութեան առաջին դիրքերու վրայ:

Հանդիպման ընթացքին յատուկ կարեւորութեամբ արծարծուեցաւ Ազգային միացեալ վարժարանի շինութեան ծրագիրի կարեւորութիւնը` վեր առնելով անոր ունենալիք դերակատարութիւնը գաղութի հաւաքական կեանքի ապագայ հոլովոյթին մէջ: Քննարկուեցաւ նաեւ Պուրճ Համուտի ազգային դիմագիծի պահպանման խնդիրը եւ այս իմաստով կատարուելիք աշխատանքները եւ անհրաժեշտութիւնները: Խօսուեցաւ նաեւ երիտասարդութեան դիմագրաւած տագնապներուն եւ դժուարութիւններուն մասին: Վեհափառ հայրապետը այս բոլոր հարցերուն գծով փոխանցեց իր տեսակէտները եւ պատկերացումները:

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Ըստ Միացեալ Նահանգներու Նախագահութեան Թեկնածուին. Քիւրտիստանի Համար Պէտք Է Հող Առնել Թուրքիայէն, Իրաքէն Եւ Սուրիայէն

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.