Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սրբոց Քառասնից Մանկանց Տօնի Հանդիսաւոր Նշում. «Այս Սուրբերուն Վարքը Պէտք Է Մեր Կեանքին Ուղեցոյցը Դառնայ» Ըսաւ Շահէ Եպս. Փանոսեան

Մարտ 16, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-15-15_քառասունԵրէկ` կիրակի, 15 մարտ 2015-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ  անուանակոչութեան տօնն էր: Առ այդ, առաւօտեան ժամը 9:00-ին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան հասաւ Արաքս թաղի մուտքը, ուր արժանացաւ ժողովրդային ընդունելութեան: Ապա, առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, թափօրը ուղղուեցաւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցի, ուր մատուցուեցաւ Ս. պատարագ:

Յընթացս Ս. պատարագին, առաջնորդ սրբազանը օծեց  2 սրբապատկերներ, որոնք եկեղեցւոյ նուիրուած էին Հրաչ Յակոբեանի եւ Յակոբ Քէշիշեանի կողմէ: Այս սրբապատկերները գծած են արուեստագէտներ Ռազմիկ Պերթիզլեան եւ Լուսին Գաբրիէլեան:

Իր քարոզին մէջ սրբազանը անդրադառնալով Սրբոց Քառասնից Մանկանց տօնին բացատրեց, որ 4-րդ դարուն ապրած այդ 40 զօրականները կը ծառայէին Հռոմէական կայսրութեան բանակին մէջ եւ անոնք անդրդուելի մնալով իրենց հաւատքին վրայ նահատակուեցան: Ան նկատել տուաւ, որ անցնող դարերուն այդ սուրբերուն յիշատակը մարդոց յիշողութենէն չհեռացաւ, եւ անոնց յիշատակով աշխարհի տարածքին կը գործեն եկեղեցիներ: Առ այդ, 40 սուրբերը մեր կեանքին համար ալ նշանակութիւն ունին, եւ այդ հասկացողութեամբ ամէն տարի կը նշենք անոնց տօնը, որպէսզի անոնց օրինակով անդրադառնանք, որ մեր կեանքին մէջ տեւող մեծութիւնները, տոկուն արժէքները անկասկած հիմնուած կ՛ըլլան հաւատքի ամրութեան վրայ:

Շարունակելով իր քարոզը` առաջնորդ սրբազանը յորդորեց ներկաները, որ իրենց երկիւղածութիւնը արտաքին երեւոյթ չմնայ, այլ դառնայ իրենց ներաշխարհը արտայայտող հաւատքի առիթ մը` շեշտելով, որ 40 զօրականներուն նախաձեռնութիւնը իրենց կեանքի ուղեցոյցը պէտք է հանդիսանայ: «Մեր կեանքին մէջ կան նուիրական արժէքներ եւ սրբութիւններ, որոնք պէտք է պաշտպանել հաւատքով», հաստատեց առաջնորդ սրբազանը` աւելցնելով, որ հակառակ անոր որ մենք պահեցինք անցեալի մեր ցեղային առաքինութիւնները եւ  ազգային ձգտումները, սակայն բազմաթիւ արժէքներ մոռցանք եւ շատ բան կորսնցուցինք, որովհետեւ կուրցանք մեր հաւատքին մէջ` տկարանալով եւ հրաժարելով այն բոլոր արժէքներէն, որոնց երկրպագուներն էին Ցեղասպանութիւն ճանչցած ու ճաշակած սերունդները:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով առաջնորդ սրբազանը կոչ ուղղեց հաւատացեալ ժողովուրդին իմանալու, որ մեզ պատնէշի վրայ պահողը մեր մէջ գոյութիւն ունեցող հաւատքի ամրութիւնն է, եւ անոր կառչելով մենք կրնանք շարունակել ու պահել մեր գոյութիւնը եւ արձանագրել նորանոր նուաճումներ` ի շահ մեր հաւաքականութեան եւ ի խնդիր մեր յաւերժական հայրենիքին:

«Ի՞նչ հոգիով, ի՞նչ տեսակ հաւատքով եւ ինչպիսի՞ զգացումներով պիտի դիմաւորենք մեր հաւաքականութեան համար յատուկ նշանակութիւն ունեցող առիթը, ապրիլ 24-ը, եթէ մենք մեր հաւատքի ամրութեան մէջ չենք, ազգի կեանքին մասնակից չենք եւ ներկայ տագնապներուն մէջ չենք», հարց տուաւ առաջնորդ սրբազանը` յորդորելով ներկաները 40 սուրբերու կեանքը օրինակ առնելու, որպէսզի յաջորդ սերունդները տեսնելով ոգեւորուին եւ ապրին հաւատքի կեանք մը` խիզախութեամբ եւ գիտակցութեամբ:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:

Այնուհետեւ եկեղեցւոյ «Յակոբ եւ Սօսի Չիլինկիրեան» սրահին մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան:

 

Նախորդը

«Ամերիքանա» Առեւտուրի Կեդրոնը Կ՛արգիլէ Ցեղասպանութեան Նուիրուած Շապիկներու Վաճառքը

Յաջորդը

Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեանի Այցելութիւնները Եւ Հանդիպումները

RelatedPosts

Ապագայ Լրագրողները Ծանօթացան  Ելեւմտական Շուկաներուն, Դրամին ու Թուայնացած Դրամին
Գաղութային

Ապագայ Լրագրողները Ծանօթացան Ելեւմտական Շուկաներուն, Դրամին ու Թուայնացած Դրամին

Մարտ 25, 2023
«Բոլոր Մարդոց Հաւասարութիւնը Քրիստոնէական Հաւատքի Անյեղլի Սկզբունքներէն Մէկն Է»  Հաստատեց Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան
Գաղութային

«Բոլոր Մարդոց Հաւասարութիւնը Քրիստոնէական Հաւատքի Անյեղլի Սկզբունքներէն Մէկն Է» Հաստատեց Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան

Մարտ 24, 2023
Քուէյթի Եւ Շրջակայից Թեմի Պատուիրակութիւնը ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Մօտ
Գաղութային

Քուէյթի Եւ Շրջակայից Թեմի Պատուիրակութիւնը ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Մօտ

Մարտ 23, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In