Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեանի Հովանաւորութեամբ Եւ Ներկայութեամբ` Րաֆֆի Թոքաթլեանի Քանդակներու Եւ Գեղանկարներու Ցուցահանդէսի Բացում

Մարտ 14, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-12-15_tokatՀինգշաբթի, 12 մարտ 2015-ին , երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Սայֆի Վիլեճ»-ի «Կալէօրի քոնեսանս տեզ ար» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմինի կազմակերպած`  արուեստագէտ Րաֆֆի Թոքաթլեանի քանդակներու եւ գեղանկարներու ցուցահանդէսին բացումը, Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի hովանաւորութեամբ եւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան գործակցութեամբ:

3-12-15_tokat1Ցուցահանդէսին ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան, հոգեւոր հայրեր, պատկան մարմիններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, արուեստագէտներ եւ հիւրեր:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմինի անդամ Վիգէն Ասիլեան: Ան բարի գալուստի խօսքէն ետք նշեց, որ Թուրքիոյ իրականացուցած ամէնէն վայրագ ու խուժդուժ ծրագիրներէն մէկն էր հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը հայոց բնօրրանին մէջ: Գիւղերու, կառոյցներու ամբողջական քանդման ու բնաջնջման հետ նոյն ճակատագիրին ենթարկուեցան նաեւ հայ ժողովուրդի ձեռարուեստի գործերը, ինչպէս` արհեստի գործերը,  ասեղնագործութիւնը, գեղանկարները եւ ձեռագիրները:

Ասիլեան ըսաւ, որ Րաֆֆի Թոքաթլեան Լիբանանի լաւագոյն արուեստագէտներէն մէկը կը նկատուի իր բարձր ճաշակով ու մեծ տաղանդով: Ան ծնած ու հասակ առած է Լիբանանի մէջ` մեծ հօր խնամքին ներքեւ, որ Հայոց ցեղասպանութեան ականատես եղած է: Թոքաթլեան ապրած է արուեստի միջավայրի մէջ` իր մեծ  հօր գաղթի պատմութիւններով, որոնք առիթ եղան, որ ան փոքր տարիքէն իսկ սկսի դիտել աշխարհը Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած իր մեծ հօր աչքերով: Ահա այսպէս կազմուեցաւ ապագայ արուեստագէտին հեռանկարը, որ հիմքը դարձաւ իր քանդակներուն:

Ասիլեան աւելցուց, որ Թոքաթլեանի արուեստը բոլորիս կը ներշնչէ, որ մարդկութեան նկատմամբ մեր հաւատքը չկորսնցնենք, որովհետեւ մարդկութիւնը ովկիանոսի կը նմանի. քանի մը աղտոտ կաթիլներ չեն յաջողիր ապականել ամբողջ ովկիանոսը:

Ասիլեան եզրափակեց իր խօսքը նշելով, որ ցուցահանդէսին առաքելութիւնն է նպաստել Հայոց ցեղասպանութեան իրազեկման խթանման ու ըմբռնման:

16610270899_95e487575c_cԱյնուհետեւ խօսք առաւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան: Ան բարձր գնահատեց Րաֆֆի Թոքաթլեանի արուեստը, որովհետեւ անոր տաղանդի եւ հանճարի գործունէութիւնը իւրօրինակ է: Անոր իւրաքանչիւր գործին մէջ կայ վախ, շեղում եւ երկնային ուժի մը կարօտը` ուղեձգուելու:

Նախարար Յակոբեան շեշտեց, որ Թոքաթլեանի գլխաւոր գործը` Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած, երեւակայութենէն դուրս   գեղեցիկ է եւ կը պատկերացնէ, թէ հայ ժողովուրդն ալ ապրեցաւ Քրիստոսի տառապանքը եւ կրեց նոյն չարչարանքները, ապա գաղթելով հասաւ արաբական երկիրներ, որոնք իրենց դռները բացին հայորդիներուն եւ որոնց շնորհակալ ենք ու երախտապարտ: Իսկ հայ ժողովուրդի զաւակները յաջողեցան վերընձիւղիլ եւ 100 տարի անց դաստիարակել ու կերտել Րաֆֆիներ, որոնցմով հպարտ ենք:

Ան մատնանշեց Թոքաթլեանի քանդակին փշրուած հայելին եւ ըսաւ, որ հայելիին փշուրները մեր սրտերուն մէջ կը կրենք, եւ ինչքան ալ փորձենք ձուլել ու միացնել կտորներ, այդ ցաւոտ գիծը անպայման պիտի մնայ մեր կեանքին ու յիշողութեան մէջ:

Նախարար Յակոբեան եզրափակեց իր խօսքը նշելով. «Հպարտ եմ հայ ժողովուրդով եւ հայ ժողովուրդի զաւակներուն գործերով, եւ իբրեւ այդպիսին հայութեան համար այլեւս կարելի չէ ընկրկիլ, պիտի յաղթենք. Հայ դատը յաղթանակ պիտի տանի: Թուրքիան ինչ ալ ընէ, ի վիճակի չէ այլեւս 10 միլիոն հայ լռեցնելու: Րաֆֆիի նման տաղանդաւորներու գործերը տարբեր ձեւերով համայն աշխարհին ներկայացնելու շնորհիւ` Թուրքիան ստիպուած պիտի ըլլայ ճանչնալ ցեղասպանութիւնը եւ հատուցել: Մենք պիտի տեսնենք այդ օրը»:

Հրանուշ Յակոբեան տեղեկացուց, որ Րաֆֆի Թոքաթլեան պիտի պարգեւատրուի «Արշիլ Կորքի»-ի շքանշանով:

3-12-15_tokat2Աւարտին խօսք առաւ արուեստագէտ Րաֆֆի Թոքաթլեան: Ան ըսաւ, որ մարդկային մտքի երեւակայութեան տարողութենէն վեր է հայ ժողովուրդին հետ կատարուածը ասկէ 100 տարի առաջ:

Մեզմէ իւրաքանչիւրը իւրովի կրնայ կարդալ, հասկնալ ու մեկնաբանել ցուցադրուած գործերը:

Ամէն մեկնաբանութիւն պատկերն է զայն մեկնաբանող անձին: Մենք` հայերս, ենթագիտակցաբար մեր մէջ կը կրենք ցեղին կանչը եւ փշրուած հայելին:

Անհրաժեշտ է աշխատիլ այնպէս, որ պատմութիւնը ինքզինք չկրկնէ, եւ բնաւ չտեսնենք նմանօրինակ օրեր, որոնց դաժանութենէն հրեշտակները առանց ձայնի յայտնուեցան այնտեղ:

Ներկաները շնորհաւորեցին արուեստագէտը եւ առիթ ունեցան վայելելու ու ապրելու ազգի մը պատմութիւնը քանդակներուն ընդմէջէն:

Նշենք, որ ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մինչեւ 30 մարտ:

 

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն. Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսաց Յատուկ Սիւնհոդոսի

Յաջորդը

Նշմար. Շփոթահարութի՞ւն, Թէ՞ Տգիտութիւն

RelatedPosts

«Բոլոր Մարդոց Հաւասարութիւնը Քրիստոնէական Հաւատքի Անյեղլի Սկզբունքներէն Մէկն Է»  Հաստատեց Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան
Գաղութային

«Բոլոր Մարդոց Հաւասարութիւնը Քրիստոնէական Հաւատքի Անյեղլի Սկզբունքներէն Մէկն Է» Հաստատեց Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան

Մարտ 24, 2023
ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Վարչապետի Պաշտօնակատար Միքաթիի Ներկայացուցիչները
Գլխաւոր լուրեր

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Վարչապետի Պաշտօնակատար Միքաթիի Ներկայացուցիչները

Մարտ 24, 2023
Ակնարկ.  «Մօտալուտ» Համաձայնագիրը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. «Մօտալուտ» Համաձայնագիրը

Մարտ 24, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In