Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ Դասախօսութիւն` «Մորթային Հիւանդութիւններ» Նիւթով

Մարտ 19, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

DSC04878Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 18 մարտ 2015-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն` նիւթ ունենալով «Մորթային հիւանդութիւններ»-ը, զոր ներկայացուց մորթային հիւանդութեանց մասնագէտ տոքթ. Մարի Գասապեան:

Առողջապահական յանձնախումբին կողմէ բացման խօսքը ներկայացուց Սոնա Եափուճեան: Ան ներկայացնելէ ետք օրուան դասախօսը նշեց, որ մորթը մեզ կը պաշտպանէ արտաքին վնասակար մանրէներէ, թունաւոր հեղուկներէ: Մորթին վրայ կրնան յայտնուիլ խալեր, բշտիկներ, տարբեր գոյնի եւ չափի բիծեր, երբեմն ոչ վտանգաւոր կամ ժամանակաւոր երեւցող: Անոնք ներքին գերզգայնութեան հետեւանք կրնան ըլլալ, բայց երբեմն ալ լուրջ հիւանդութիւններու հետեւանք:

Շարունակելով իր խօսքը` Սոնա Եափուճեան նշեց, որ կան զանազան ներքին հիւանդութիւններ, որոնց առաջին ախտանշանները մորթին վրայ կը յայտնուին, ինչպէս` սննդառական խանգարումներ, լեարդի, ջիղերու ծայրամասերու բորբոքում, ինչպէս նաեւ որոշ քաղցկեղներու պարագային:

Տոքթ. Մարի Գասապեան դասախօսութեան սկսաւ նախ եւ առաջ մանրամասնօրէն բացատրելով մաշկին (մորթին) կառոյցը, պարտականութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը մարդ արարածին ֆիզիքական կառոյցին մէջ:

Ան բացատրեց մորթային հիւանդութիւնները` հետեւեալ ձեւով.

Էկզեմա.- Այս հիւանդութիւնը ունի իր ժառանգական ազդակները, ուր մաշկը աստիճանաբար կը բարակնայ: Այս ընթացքով մորթը կը կորսնցնէ պաշտպանութեան դեր կատարելու յատկութիւնը, ուր մազանման երակները յայտնուելով կը ստեղծեն նպաստաւոր միջավայր տարբեր մանրէներու զարգացման ու բորբոքումներու:

Էկզեմա մորթային հիւանդութեան գլխաւոր ախտանշաններն են կարմրութիւնը, չորութիւնը, ճեղքերու յայտնուիլը, եւ այլն:

Էկզեման բոլոր տարիքներուն կարելի է պատահիլ, ուր մարմինը կը դառնայ աւելի գերզգայուն: Գերզգայնութիւնը կրնայ ըլլալ զանազան տեսակի.

ա- Ուտելիքներու
բ- Տարբեր հոտերու
գ- Իրերու

Յաճախ գերճնշուածութիւնը հիմնական պատճառը կրնայ ըլլալ էկզեմայի յառաջացման:

Էկզեման կրնայ ախտաճանաչուիլ տարբեր տարրալուծարանային արեան քննութիւններով, եւ անոր բուժման համար կան զանազան քսուկներ, որոնց մէջ քորթիզոնի ազդեցութիւնը հիմնական է:

Ռոզասի- Քրոնիկ մորթային հիւանդութիւն, ընդհանրապէս կը պատահի 30-էն 40 տարիքի ընթացքին, ինչպէ՛ս նաեւ հաւանաբար աւելի կանուխ տարիքի: Այս մորթային հիւանդութիւնը ունի իր հանգրուանային աստիճանական ընթացքը:

Առաջին հանգրուանին դէմքի, յատկապէս այտերու ու քիթի վրայ կը յայտնուին փոքր կարմրութիւններ, որոնք կրնան աւելի ուշ վերանալ, ու դէմքը ունենայ իր բնական տեսքը:

Երկրորդ հանգրուանին եւ կրկին անգամ կը յայտնուին կարմրութիւններ քիչ մը աւելի մեծ ծաւալով, ինչպէս նաեւ պայթած մազանման երակներ:

Երրորդ հանգրուանին այտերու ու քիթի վրայ յայտնուած կարմրութեան տարողութիւնը աւելի կը զարգանայ, ինչպէս նաեւ բերնին շուրջ կը յայտնուին կարմիր կէտեր:

Վերջին եւ չորրորդ հանգրուանին քիթը կը սկսի ուռիլ, ինչպէս նաեւ դէմքի եւ բերնի շուրջ տարբեր չափի այտուցներ կը զարգանան:

Քրոնիկ այս հիւանդութեան գլխաւոր երկու պատճառները կրնան ըլլալ.

ա- Գերճնշուածութիւնը

բ- Ջերմաստիճանի եւ եղանակի փոփոխութիւնները

Տոքթ. Մարի Գասապեան յանձնարարեց այս պարագային երբեք չգործածել քորթիզոն պարունակող դեղեր, կաթիլներ, որոնք կրնան աւելի զարգացնել հիւանդութիւնը:

Դասախօսը նաեւ խօսեցաւ մորթին վրայ եւ մարմնի զանազան տեղերը յայտնուող խալերուն մասին:

Նախ եւ առաջ ան բացատրեց, թէ ինչպէս կարելի է մարմնի տարբեր մասերը լաւապէս քննել եւ յայտնաբերել տարբեր չափի խալերու գոյութիւնը:

Երկրորդ` ինչպէս զանազանել ու հետեւիլ լաւորակ եւ վատորակ խալերուն:

Վերջին բաժինով տոքթ. Մարի Գասապեան մանրամասնօրէն խօսեցաւ Փսորիասիսի մասին,  ժառանգական մորթային հիւանդութիւն մը, ուր մաշկը աստիճանաբար կը դառնայ աւելի հաստ ու կարծր: Հիւանդութիւնը չունի որեւէ հիմնական բուժում, բայց արեւի ճառագայթները եւ յատկապէս ծովու աղի ջուրը լաւագոյն միջոցները կը հանդիսանան բուժման:

Փսորիասիս հիւանդութիւնը կրնայ յայտնուիլ գլխուն, թեւին, արմուկներուն, ծունկին վրայ, ոտքին յատակը, ինչպէս նաեւ կուրծքին տակ: Խոնաւութիւնը կը զարգացնէ հիւանդութիւնը: Այս հիւանդութեան պատճառները զանազան են, բայց ժառանգական ազդակը հիմնական է, ինչպէս նաեւ գերճնշուածութիւնը եւ ջերմաստիճանի յանկարծակի փոփոխութիւնը մարմնին մէջ:

Աւարտին տոքթ. Մարի Գասապեան տարբեր բացատրութիւններով եւ օրինակներով պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:

Նախորդը

Բացում` Ժանեթ Յակոբեանի Անհատական Ցուցահանդէսին «Արթ Լաունճ»-Ի Մէջ

Յաջորդը

Ընդհարումներ` Դաշնակցական Երիտասարդութեան Եւ Թուրքիոյ Դեսպանատան Ապահովական Բաժինի Պաշտօնեաներուն Միջեւ

RelatedPosts

«Սրտի ներդաշնակութիւն. ձայն եւ կիթառ» համերգ
Գաղութային

«Սրտի ներդաշնակութիւն. ձայն եւ կիթառ» համերգ

Հոկտեմբեր 21, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին Կողմէ Մալոյեանի Սրբադասման Եւ Պապի Լիբանան Այցելութեան Առիթներով Նամակ` Պապական Նուիրակին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Նախագահ Վերապատուելի Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Նախագահ Վերապատուելի Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?