Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան յարաբերական յանձնախումբին կազմակերպած դէպի Հայաստան ուխտագնացութիւնը ընթացք առաւ չորեքշաբթի, 22 ապրիլ 2015-ին եւ պիտի շարունակուի մինչեւ 27 ապրիլ 2015:
Ուխտաւորները ուրբաթ, 24 ապրիլ 2015-ին, պիտի մասնակցին դէպի Ծիծեռնակաբերդ քայլարշաւին:
Բարի երթ եւ ուխտը կատար բոլոր ուխտաւորներուն: