Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փոքրիկ Հայաստանէն Թրքական Հիւպատոսարան Ճանապարհը Ողողուեցաւ Արդարութիւն Պահանջող 130,000 Հայորդիներով

Ապրիլ 28, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-24-15_La-5Ուրբաթ, ապրիլ 24-ի առաւօտեան կանուխ ժամերէն Լոս Անճելըսի հայութիւնը շարժման մէջ էր: Լոս Անճելըսի եւ մերձակայ քաղաքներու հայկական կեդրոններէն ու եկեղեցիներէն հանրակառքերով, իսկ հազարաւոր հայեր սեփական փոխադրական միջոցներով կը ժամանէին Փոքրիկ Հայաստան, ուրկէ պիտի սկսէր Արդարութեան քայլարշաւը:

Ժողովուրդին հոսքը կարծես դադրելու միտում չունէր: Սանսեթ եւ Ուէսթըրն խաչմերուկ հասնող բոլոր փողոցներէն երիտասարդ ու տարեց, աշխարհի ամէնէն տարբեր շրջաններէ եկած ու այժմ Լոս անճելըսահայ համայնքը կազմած, զարմանալի միասնականութեան ոգիով կողք կողքի քալող հայ մարդիկ կը խտացնէին լայն պողոտան գրաւած ազգակիցներու շարքերը:

Քալիֆորնիոյ հայութեան հիմնական բոլոր կառոյցներու Միացեալ մարմինին կողմէ հովանաւորուած ու կազմակերպուած քայլարշաւը մեկնարկելէ առաջ, Միացեալ հայ երիտասարդներու պատասխանատուներու ղեկավարութեամբ գործադրուեցաւ յայտագիր մը, որուն ընթացքին շրջանի առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական համայնքներու հոգեւոր առաջնորդները աղօթք մատուցեցին եւ քաղաքային ու նահանգային օրէնսդիր մարմիններու անդամներ ուղերձներով դիմեցին ժողովուրդին: Այստեղ խօսք առնող գլխաւոր քաղաքական դէմքերն էին Քալիֆորնիոյ նահանգի ծերակոյտի նախագահ Քեվըն Տը Լիոն, Փոքրիկ Հայաստան շրջանը ներկայացնող Լոս Անճելըսի Քաղաքային Խորհուրդի անդամ Միչ ՄըքՖարըլ, եւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարսեթին: Խօսք առին նաեւ Միացեալ Հայ երիտասարդներու ղեկավարները եւ քայլաշաւը կազմակերպող միացեալ մարմինի համանախագահ Կարօ Ղազարեանը: Երգով հանդէս եկաւ Արմէնչիքը:

4-24-15_La-2Ապա ժողովուրդը շարժեցաւ դէպի թրքական հիւպատոսարան: Շուրջ եօթը մղոն երկարութիւն ունեցող ամբողջ ճամբուն երկայնքին, գրասենեակներու մէջ աշխատողներ, հանրային վարժարաններու աշակերտներ, կոչերով, պարզած պաստառներով ու հայկական դրօշներով զօրակցութիւն կը յայտնէին քայլարշաւի մասնակցողներուն:

Թրքական հիւպատոսարանին մօտ եւս գործադրուեցաւ յայտագիր մը, որ սկսաւ Յարութ Փամպուքեանի երգերով: Խօսք առին քոնկրեսական Ատամ Շիֆ, հիւպատոսարանի շրջանի բնակչութիւնը ներկայացնող Փոլ Քորեթց, Միացեալ մարմինի համանախագահներ Թալին Եագուպեան եւ Կարօ Ղազարեան, Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան ներկայացուցիչ Կեվ Իսկաճեան, Լոս Անճելըսի Քաղաքային խորհուրդի անդամ Փոլ Գրիգորեան, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեանը:

Խօսք առնող քաղաքական բոլոր դէմքերը շեշտեցին Հայոց ցեղասպանութեան փաստի անժխտելիութիւնը, իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին հայ ժողովուրդին` յանուն արդարութեան, Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման պահանջի տարած պայքարին: Հռետորները նաեւ դատապարտեցին նախագահ Օպամայի թրքական ուրացման քաղաքականութիւնը ջատագովելու վարքագիծը:

Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան դրուատեց Լոս Անճելըսի համայնքի ցուցաբերած աննախադէպ զօրաշարժը` յանուն արդարութեան հաստատման, յանուն մեր ազգային ամբողջական իրաւունքներու տիրացման պայքարին, որ պիտի յաւելեալ թափով շարունակուի մինչեւ մեր երազի իրականացումը:

Յատկանշական էր, որ տեղական եւ համաամերիկեան հեռատեսիլի գրեթէ բոլոր կայանները ժամերով իրենց ուշադրութեան կեդրոնը պահեցին այս քայլարշաւը, որ վիեթնամի ցոյցերէն ետք ամէնէն մեծ բազմութեամբ իրականացած ցուցական ձեռնարկներու շարքին էր:

 

Նախորդը

Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Ոգեկոչումը Թայմզ Սքուերի Վրայ

Յաջորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Նուիրուած Նախաձեռնութիւններ` Սուրիոյ Մէջ

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 15, 2025
Բագրատունի – Ռուսիոյ Դեսպան Հանդիպում
Գաղութային

Բագրատունի – Ռուսիոյ Դեսպան Հանդիպում

Յուլիս 15, 2025
Ազգային Միացեալ Վարժարանը Տուաւ «Աւանդապահ Եւ Ուխտապահ Սերունդ»-ի Իր Ութերորդ Հունձքը
Գաղութային

Ազգային Միացեալ Վարժարանը Տուաւ «Աւանդապահ Եւ Ուխտապահ Սերունդ»-ի Իր Ութերորդ Հունձքը

Յուլիս 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?