– Կազմակերպութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Սուրիոյ կեդրոնական մարմինին, ներկայութեամբ Սուրիահայ համայնքապետերուն, Հալէպի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսին ու սուրիահայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ հոծ բազմութեան մը, ուրբաթ 24 ապրիլ 2015-ի յետմիջօրէի ժամը 5:00ին հալէպահայութիւնը յիշելու եւ պահանջելու ուխտով ոգեկոչեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը:
– Կիրակի, 26 ապրիլ 2015-ի յետմիջօրէին ժամը 4:00-ին, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած երիտասարդական ոգեկոչական ձեռնարկ` կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղի սկաուտ խորհուրդին ու խմբապետական կազմին:
Բացման խօսքէն ետք ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը, որ կ՛ընդգրկէր տեսերիզի ցուցադրութիւն, երգ, նուագ, ասմունք եւ կենդանի պատկեր:
Ոգեկոչական ձեռնարկին բանախօսն էր Արամ Աւագեան, որ փոխանցեց օրուան խորհուրդը: Ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ Պարգեւ քհնյ. Պալգէորգեանի սրտի խօսքով եւ պահպանիչով:
Պէտք է նշել, որ սրահի մուտքին սկաուտները պատրաստած էին նկարներու, պատի թերթերու եւ ձեռային աշխատանքներու ցուցահանդէս մը` Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նիւթով:
– Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Սուրիոյ կեդրոնական մարմինին հովանաւորութեամբ եւ ՀԵՄ-ի նախաձեռնութեամբ շաբաթ, 25 ապրիլ 2015-ին տեղի ունեցաւ արեան տուչութեան արշաւ:
Արդ, 100 երիտասարդ-երիտասարդուհիներ «Արամ Մանուկեան» ժողովրդային տան դիմացէն ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ ուղղուեցան դէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցի:
Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դիմաց հնչեցին Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգները, որմէ ետք Սրբոց Նահատակաց յուշարձանին առջեւ տեղի ունեցաւ ծաղկեմատոյց, ձեռամբ` մասնակիցներուն, Հալէպի պետական աւագանիի ներկայացուցիչներուն, ճարտարարուեստի գրասենեակի տնօրէնին, ինչպէս նաեւ Հալէպի արեան տուչութեան կեդրոնի տնօրէնին:
Նախքան արեան տուչութեան գործընթացը, կազմակերպիչ յանձնախումբին կողմէ արաբերէն խօսք արտասանեց տոքթ. Աբրահամ Եագուպեան, իսկ հայերէն` Քարոլին Քիւրքլեան-Արոյեան, որոնք անդրադարձան Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին եւ Սուրիոյ ասպնջական ժողովուրդի հիւրընկալութեան` նշելով, որ արեան տուչութեան այս ձեռնարկը հալէպահայութեան երախտագիտութեան արտայայտութիւնն է:
– Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Սուրիոյ կեդրոնական մարմինին հովանաւորութեամբ եւ ՀԲԸՄ-ի ու ՀԵԸ-ի ուսանողական միութիւններուն նախաձեռնութեամբ շաբաթ, 25 ապրիլ 2015-ին, Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ:
Օրուան դասախօսն էր կրթական մշակ, իրաւաբան Մարիա Գաբրիէլեան, որ հանգամանօրէն եւ պատմաիրաւաբանական փաստերով ներկայացուց «Հայ դատի իրաւական հիմունքները» նիւթը լսատեսողական արդի միջոցներով:
Դասախօսութեան աւարտին ուսանող երիտասարդ- երիտասարդուհիներու խմբակ մը ներկայացուց գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր մը, որ կ’ընդգրկէր երգ, ասմունք եւ նուագ , որոնց յաջորդեց տեսերիզի ցուցադրութիւն, որուն ընթացքին ներկայացուեցան զրոյց-հանդիպումներ ցեղասպանութեան երրորդ սերունդի ներկայացուցիչներու հետ, որոնք իրենց ականատես նախնիներուն յիշատակները վերապատմեցին եւ պահանջեցին հայութեան արդար իրաւունքները:
Երեկոն իր աւարտին հասաւ ՀԲԸՄ-ի Շրջանակային յանձնաժողովի ատենապետ Ներսէս Ներսոյեանի խրախուսիչ պատգամով, որ օրուան բանախօսին շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք քաջալերեց ներկայ երիտասարդութիւնը առաւել նուիրուածութեամբ ծառայելու ազգին եւ արժանավայել կերպով պահանջատիրութեան ջահը փոխանցելու յաջորդ սերունդներուն: