Կազմակերպութեամբ Լիբանանեան ամերիկեան համալսարանի Ժիպէյլի «Հայկական ակումբ»-ին, երկուշաբթի, 20 ապրիլ 2015-ին, նոյն համալսարանի «Սելինա Գորպար» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ: Ներկայութեամբ համալսարանի տնօրէնութենէն ներկայացուցիչներու, բազմաթիւ դասախօսներու եւ աւելի քան 280 համալսարանականներու:
Լիբանանեան ամերիկեան համալսարանի «Հայկական ակումբ»-ին ներկայացուցիչը փոխանցեց ակումբին խօսքը, ապա ներկաներուն բացատրեց անմոռուկ ծաղիկին նշանակութիւնը` իբրեւ 100-ամեակի խորհրդանիշ: Այնուհետեւ խօսք առաւ համալսարանի բժշկական բաժինի ուսանող Հատի Մուրատ, որ Հայոց ցեղասպանութեան մասին բանաստեղծութիւն մը գրած էր: Ան ընթերցեց իր գրութիւնը, որ արդէն հրատարակուած է Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան կողմէ: Ապա հրաւիրուեցաւ լրագրող եւ բանաստեղծ Հապիպ Եունեսը, որ մանրամասնութեամբ ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան դէպքերու ժամանակագրութիւնը: Ձեռնարկի աւարտին խօսք առաւ եւ նուագեց միջազգային ճանաչում վայելող դաշնակահար Կի Մանուկեան: Ձեռնարկին աւարտին հիւրերուն յանձնուեցան շնորհակալական յուշանուէրներ եւ 100-ամեակը յիշատակող թի-շըրթներ: