Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի երիտասարդական մարմինին կազմակերպած երէկուան հսկումի արարողութենէն առաջ, լիբանանահայութիւնը ակնդէտ հետեւեցաւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ Ս. Էջմիածինի մէջ կատարուած` Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն զոհերու սրբադասման արարողութեան:
Սրբադասման արարողութենէն ետք, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 6:15-ին, Լիբանանի հայոց թեմի բոլոր եկեղեցիներուն զանգերը 100 անգամ հնչեցին` իբրեւ խորհրդանիշ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին: Հայ կաթողիկէ եկեղեցիներն ալ իրենց զանգերը 100 անգամ հնչեցուցին: Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Մեծ եղեռնի յուշակոթողին շուրջ կատարուեցաւ «Տէրունական աղօթքի եւ «Սուրբ սուրբ»-ի կատարում:
Յընթացս, երէկ յետմիջօրէի ժամը 4:15-էն սկսեալ, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մեծ պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու սրբադասման արարողութիւնը: Արարողութեան ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով հաւատացեալներ` գլխաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ Լիբանանի հայոց թեմի քահանայից դասուն: