Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վենետիկի Պիենալէին Շուրջ Հարցազրոյց` Բեմադրիչ Նիկոլ Պեզճեանի Հետ

May 30, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG_1668Երէկ` ուրբաթ, 29 մայիս 2015-ին, «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ Վենետիկի պիենալէին շուրջ հարցազրոյց` բեմադրիչ Նիկոլ Պեզճեանի հետ: Հարցազրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան:

Հարցազրոյցին ընթացքին Պեզճեան ըսաւ, որ Վենետիկի երկամեայ ցուցահանդէսը միջազգային ժամանակակից արուեստի ցուցահանդէս մըն է, իր տեսակին մէջ մեծագոյնն է եւ աշխարհագրական սահմանափակում մը չունի, այլ միայն գոյութիւն ունին պայմաններ, զորս պէտք է ամբողջացնել:

Ան նշեց, որ այս տարի պիենալէին մասնակցած են 89 երկիրներ: Պեզճեան տարբեր տաղաւարներէն ստացած է այն տպաւորութիւնը, թէ մարդիկ սկսած են անդրադառնալ աշխարհը յուզող հարցերուն, ինչպէս` կլիմային ու տնտեսութեան:

Խօսելով Հայաստանի տաղաւարին մասին` ան նշեց տաղաւարի անմիջական երկու յատկութիւնները. 1) Մասնակից արուեստագէտները բոլորն ալ սփիւռքահայ էին, 2) Ցուցադրութեան վայրը ընդհանուր ցուցասրահներէն դուրս էր` Վենետիկի Մխիթարեան հայրերու վանքն էր, որ ամբողջութեամբ վերածուած էր ցուցասրահի: Ան ընդգծեց, որ տաղաւարին նշեալ վանքին մէջ ըլլալը նաեւ նշանակալից էր եւ պատգամ մը կը փոխանցէր, որովհետեւ անիկա պատմութիւն մը ունի եւ կը վկայէ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու հալածանքին մասին:

Պատասխանելով Հայաստանի տաղաւարին «Ոսկիէ Առիւծ» գլխաւոր մրցանակին տիրանալուն մասին հարցումի մը` Պեզճեան ըսաւ. «Մենք չենք հասկցած, որ մշակոյթը նաեւ տնտեսական ասպարէզ մըն է, եւ մենք նիւթական մեծ ներդրումներ չենք կատարած այդ մարզին, ներառեալ այս տաղաւարին մէջ»:

Հարցազրոյցը յառաջիկայ օրերուն պիտի տեղադրուի «Ազդակ»-ի կայքին վրայ:

 

 

Նախորդը

Համազգայինի «Սիմոն Վրացեան» Մասնաճիւղի Բարեզարդուած Սրահի Բացում

Յաջորդը

«Եւրասիական Տնտեսական Միութիւնը Մեծ Ապագայ Ունի` Հակառակ Բոլոր Դժուարութիւններուն» Կ՛ըսէ Նազարպայեւ

RelatedPosts

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում
Գաղութային

Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.