Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պելճիքայի Մէջ. Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի Բարերարներէն Արմէն Արսլանեանի Յուղարկաւորութիւնը

June 1, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

armen-1655Շաբաթ, 23 մայիս 2015-ին, Անվերսի Սուրբ Պոնիֆաս Աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ, հոծ բազմութեան մը ներկայութեան տեղի ունեցաւ ազգային բարերար, Համազգայինի Պելճիքայի մասնաճիւղի ատենապետ, վաստակաւոր հեծելանւորդ, ՀՄԸՄ-ական Արմէն Արսլանեանի յուղարկաւորութիւնը:

Արմէն Արսլանեանի բոլոր բարեկամները Պելճիքա եկած էին, Ֆրանսայէն, Անգլիայէն, Լիբանանէն եւ այլ վայրերէ` իրենց վերջին հրաժեշտը տալու:

Յուղարկաւորութեան նախագահեց Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Պելճիքայի հոգեւոր հովիւ Զատիկ վրդ. Աւետիքեան: Ապա, վեր. Սարգիս Փաշայեան իր սրտի խօսքը փոխանցեց Արմէն Արսլանեանի ընտանիքին եւ հարազատներուն: Անկլիքան եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Սթիվըն Սվանսոն խօսք առնելով վերյիշեց քանի մը նկարագրային գիծեր եւ կարդաց փոքր բանաստեղծութիւն մը, գրուած` Արմէն Արսլանեանի կողմէ, երբ ան տակաւին հիւանդանոցն էր:

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան Համազգայինի մեծ ընտանիքին եւ Համազգայինի կրթական եւ մշակութային բոլոր կառոյցներուն անունով փոխանցեց իր խօսքը (խօսքը ամբողջութեամբ կու տանք հետագային):

Ապա, Պելճիքայի հայ համայնքի վարչութեան ատենապետ Անտրէ Կիւմիւշճեան, Արսլանեան ընտանիքի եւ Արմէն Արսլանեանի բարեկամներուն անունով փոխանցեց իր սրտի խօսքը` ներկայացնելով անոր կենսագրական գիծերը եւ մատնանշելով, թէ Արսլանեան հայրենասէր էր. ան հպարտ համազգայնական, աշխուժ հեծելանւորդ, մշակութասէր ու ընկերասէր էր:

Կիւմիւշճեանի խօսքէն ետք  կարդացուեցաւ վեր. Ռենէ Լեւոնեանի յղած ցաւակցագիրը: Ապա Արմէն Արսլանեանի որդին` Վարդան Արսլանեան, խօսք առնելով վերյիշեց քանի մը հաճելի դրուագներ եւ ըսաւ, թէ իր հայրը միշտ կ՛ըսէր, թէ ինք երբե՛ք պիտի չծերանայ ու այս աշխարհէն պիտի հեռանայ իբրեւ երիտասարդ:

Վերջապէս Արմէն Արսլանեանի քոյրը` Սանտրա Արսլանեան, կիթառի նուագակցութեամբ կատարեց երգ մը, որուն բառերը գրած էր նոյնինքն Արմէն Արսլանեան:

Յուղարկաւորութիւնը վերջ գտաւ ունկնդրութեամբ «Լեռներ հայրենի» երգին, որ Արմէն Արսլանեանի նախասիրած երգն էր:

Հանգուցեալին մարմինը ամփոփուեցաւ Հոպոքենի «Սքունսըլհոֆ» գերեզմանատունը:

 

 

 

Նախորդը

Խմբագրական «Ասպարէզ»-ի. Նուիրուիլ Հայաստանին

Յաջորդը

«Մէկ Ազգի, Մէկ Անցեալի Ու Ապագայի Պատկանելիութիւնը Աւիշն Է Մեր Ինքնութեան Եւ Աղբիւրը Մեր Զօրութեան» Յայտարարեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

RelatedPosts

Հետեւեցէ՛ք ՀՅԴ Լիբանանի Նոր Կայքէջին` ARFLEBANON.ORG
Գաղութային

Հետեւեցէ՛ք ՀՅԴ Լիբանանի Նոր Կայքէջին` ARFLEBANON.ORG

February 10, 2026
Վարդանանց Մի՛շտ Այժմէական Խորհուրդը
Գաղութային

Կոչ Զօրակցութեան

February 9, 2026
Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն Եւ Տօնախմբութիւն
Գաղութային

Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն Եւ Տօնախմբութիւն

February 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.