Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սրբոց Հռիփսիմեանց Տօնին Նուիրուած Շաբաթը Վերջ Գտաւ` Աւելի Քան 100 Դպիր-Դպրուհիներու Ձեռնադրութեամբ

May 30, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-29-15_hrip1

Չորեքշաբթի, 27 մայիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ յատուկ աղօթք` նուիրուած սուրբ կոյսերուն, ապա Սրբոց Հռիփսիմեանց մասունքով կազմուեցաւ թափօր` առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, մասնակցութեամբ թեմի քահանայից դասուն ու հաւատացեալ ժողովուրդին եւ կոյսերու մասունքները փոխադրուեցան Ս. Աստուածածին եկեղեցի:

Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ յատուկ աղօթք` նուիրուած Սրբոց Հռիփսիմեանց կոյսերուն, որմէ ետք սրբազանը իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ եկեղեցական եւ ազգային մեր սփիւռքեան փորձառութիւնը ծնունդ առած ու զարգացած է մեր ժողովուրդի ծառայական ոգիէն` աւելցնելով, որ մեր ժողովուրդը ինքզինք ընծայելով կառուցած է եկեղեցիներ, վարժարաններ, կառոյցներ, որպէսզի ծառայութեան ճամբով ինքզինք արդիւնաւորէ:

Հինգշաբթի, 28 մայիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած Հռիփսիմեանց կոյսերուն նուիրուած յատուկ արարողութենէն ետք առաջնորդ սրբազանը ձեռնադրեց Ս. Աստուածածին եւ Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցիներու, նաեւ Ֆանարի մատրան դպիր-դպրուհիներէն 29 հոգի` անոնց շնորհելով 4 աստիճաններ: Այնուհետեւ իր քարոզին մէջ առաջնորդ սրբազանը յայտնեց, որ ասիկա Սրբոց Հռիփսիմեանց տօնակատարութեան ծիրին մէջ վերջին ձեռնադրութիւնն էր, որ կատարուեցաւ, եւ ըստ Կրօնական ժողովին հետ տրուած որոշումին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով ձեռնադրուեցան աւելի քան 100 դպիր – դպրուհիներ: Ան հաստատեց, որ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին ոչինչով նուազ է ուրիշ եկեղեցիներէ, եւ յորդորեց ներկաները ամուր մնալու իրենց հաւատքին մէջ:

Այնուհետեւ եկեղեցւոյ թաղականութեան կողմէ յուշանուէրներ յանձնուեցան ձեռնադրուած դպիր – դպրուհիներուն:

Ուրբաթ, 29 մայիսին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հռիփսիմեանց կոյսերուն նուիրուած աղօթքի շաբթուան փակումը:

Այս տարի Հռիփսիմեանց տօնակատարութիւնը, որ յատուկ ձեւով կատարուեցաւ, ունէր 2 նպատակ. ա) Մեր հոգեւոր արժէքները փոխանցել ժողովուրդին` իբրեւ հաւատքի ամրապնդման միջոց, եւ այս պարագային Սրբոց Հռիփսիմեանց կոյսերու մասունքով կատարուած աղօթքներն ու հանդիսաւոր թափօրները եղան առիթ մը, որպէսզի ժողովուրդը առաւել եւս ամրապնդուի իր հաւատքին մէջ, բ) Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով կատարուեցան յատուկ ձեռնադրութիւններ` յատկապէս դպրուհիներու, եւ նման նախաձեռնութիւն մը  Լիբանանի թեմին մէջ առաջին անգամն էր, որ  կը պատահէր: Այս ձեռնադրութիւնը կը նպատակադրէր քաջալերել մեր եկեղեցիներուն մէջ ծառայող դպրուհիները եւ հրաւիրել զանոնք յաւելեալ նուիրումի: Հռիփսիմեանց տօնակատարութիւնը նաեւ առիթ մը պէտք է ըլլայ,  որպէսզի հաւատացեալ ժողովուրդը քաջալերուի եւ ամէն օր աղօթքի պահ ունենայ իր տան մէջ:

Յայտնենք, որ երկուշաբթի, 1 յունիսի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ պիտի մատուցուի հանդիսաւոր Ս. պատարագ, որուն պիտի յաջորդէ ջրօրհնէք եւ խունկի օրհնութեան արարողութիւն:

 

 

Նախորդը

«Լիբանանեան Բանակն Ու Ապահովութեան Ուժերը Սահմանադրութեան Համաձայն Երկիրը Պաշտպանելու Առաքելութեան Մէջ Են, Իսկ Քաղաքական Անձնաւորութիւններուն Պարտականութիւնն Է Զօրակցիլ Անոնց» Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

Յաջորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան 97-Ամեակի Ժողովրդային Տօնակատարութիւն. Վճռականութեան Վերանորոգում` Շարունակելու Մայիս 28-ով Սկսած Երթը

RelatedPosts

Միջկուսակցական Հանդիպումը Քննարկեց Պատերազմական Կացութեան Վերջին Իրադարձութիւնները
Գաղութային

Միջկուսակցական Հանդիպումը Քննարկեց Պատերազմական Կացութեան Վերջին Իրադարձութիւնները

March 10, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու «Վարիչի Դպրոց» Մարդուժի Պատրաստութեան Եռամսեայ Ծրագիրի Մեկնարկ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու «Վարիչի Դպրոց» Մարդուժի Պատրաստութեան Եռամսեայ Ծրագիրի Մեկնարկ

March 10, 2026
Յարութ, Յասմիկ Եւ Հուրի Սողոմոնեաններ  1.300.000 Ամերիկեան Տոլար Կը Նուիրեն  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան
Գաղութային

Բնակարան Գնելու Եւ Մինչեւ 100.000 Ամերիկեան Տոլարի Փոխատուութիւն Ստանալու Կարելիութիւն

March 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.