Գաղութային

«Անի Պէզիքեան» Կեդրոնի Բացում` Երեւանի Մէջ

«Անի Պէզիքեան» Կեդրոնի Բացում` Երեւանի Մէջ

Անի Պէզիքեան կը պարգեւատրուի պապական շքանշանով (Լուսանկարը` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի) 13 յունիսին տեղի ունեցաւ Անարատ յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան նախաձեռնութեամբ եւ իտալահայ բարերար Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան ամոլին միջոցներով կառուցուած եւ կահաւորուած կեդրոնի բացումը: Երեւանի մէջ կառուցուած կեդրոնը շարունակութիւնն է Գիւմրիի մէջ գործող «Տիրամայր Հայաստանի» կրթօճախին եւ նախատեսուած է ծառայելու իբրեւ կացարան ու կեդրոն այն երիտասարդ աղջիկներուն համար, որոնք կու գան...

Բալուի Հայրենակցական Միութիւն.  Մեծարանքի Հանդիսութիւն` Նուիրուած  Յարութիւն Խաչատուրեանի Ազգային  Միութենական 60-Ամեայ Գործունէութեան

Բալուի Հայրենակցական Միութիւն. Մեծարանքի Հանդիսութիւն` Նուիրուած Յարութիւն Խաչատուրեանի Ազգային Միութենական 60-Ամեայ Գործունէութեան

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ կազմակերպութեամբ Բալուի հայրենակցական միութեան վարչութեան, երէկ` կիրակի, 14 յունիս 2015-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ «Յակոբ եւ Սօսի Չիլինկիրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մեծարանքի հանդիսութիւն, նուիրուած` Յարութիւն Խաչատուրեանի ազգային, միութենական, մշակութային եւ եկեղեցանուէր 60-ամեայ ծառայութեան եւ վաստակին: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը...

Հարցազրոյց` Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակի  Հաղորդակցութեան  Պատասխանատու Պետօ Տեմիրճեանի Հետ

Հարցազրոյց` Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակի Հաղորդակցութեան Պատասխանատու Պետօ Տեմիրճեանի Հետ

Երէկ` ուրբաթ, 12 յունիս 2015-ին, «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ հարցազրոյց Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի հաղորդակցութեան պատասխանատու Պետօ Տեմիրճեանի հետ: Հարցազրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան: Հարցազրոյցը առիթ մը եղաւ անդրադառնալու վերջերս շարք մը եւրոպական երկիրներու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման երեւոյթին, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ մէջ 7 յունիսին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն` նկատի ունենալով, որ Տեմիրճեան մաս...

«Կոկիկեան» Հիմնարկի Գործադիր Տնօրէնը  Այցելեց «Ազդակ»-ի Խմբագրատուն

«Կոկիկեան» Հիմնարկի Գործադիր Տնօրէնը Այցելեց «Ազդակ»-ի Խմբագրատուն

Երէկ «Ազդակ»-ի խմբագրատուն այցելեց «Կոկիկեան» հիմնարկի գործադիր տնօրէն Սոհէյլա Հայեք: Ան հանդիպում ունեցաւ «Ազդակ»-ի խմբագրութեան հետ: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ մօտէն ծանօթանալու «Կոկիկեան» հիմնարկի առաքելութեան ու աշխատանքներուն: Հայեք նաեւ ծանօթացաւ «Ազդակ»-ի աշխատանքներուն: Այս առիթով Հայեքի հետ տեղի ունեցաւ հարցազրոյց մը, որուն մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ «Կոկիկեան» հիմնարկի աշխատանքներուն ու հետապնդած նպատակներուն, ինչպէս նաեւ կրթանպաստ ստանալու դիմող համալսարանական ուսանողներու ընտրութեան համար որդեգրուած...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Քանատայի Մէջ  Հայաստանի Եւ Լիբանանի Դեսպանատուները

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Քանատայի Մէջ Հայաստանի Եւ Լիբանանի Դեսպանատուները

Քանատա տուած պաշտօնական կարճատեւ այցելութեան ընթացքին, Արամ Ա. կաթողիկոսը` ընկերակցութեամբ իր շքախումբին, Օթթաուայի մէջ այցելեց Հայաստանի դեսպանատուն, ուր ընդունուեցաւ դեսպան Արմէն Եկանեանի եւ դեսպանատան աշխատակազմին կողմէ: Դեսպանը Արամ Ա. կաթողիկոսին տեղեակ պահեց դեսպանատան տարած աշխատանքներուն մասին, թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ մշակութային մակարդակներու վրայ: Վեհափառ հայրապետը իր կարգին շեշտեց հայ եւ քանատացի ժողովուրդներուն բարեկամութեան կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ գնահատեց դեսպանին ու դեսպանատան...

Լուրեր Կաթողիկոսարանէն. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Իր Պատգամը  Ուղղեց Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմի  Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին

Լուրեր Կաթողիկոսարանէն. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Իր Պատգամը Ուղղեց Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին

Միացեալ Նահանգներուն Արեւելեան թեմին տրուած հովուապետական այցելութեան աւարտին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իր պատգամը ուղղեց Պոսթընի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ գումարուող Արեւելեան թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովին: Արեւելեան թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց Արամ Ա. կաթողիկոսին` վստահեցնելով, որ հովուապետական այս այցելութիւնը նոր աւիւն պիտի ներարկէ թեմին ազգային-եկեղեցական ծառայական կեանքին մէջ, իսկ հայրապետական պատգամները իբրեւ ուղեցոյց պիտի ծառայեն թէ՛ թեմական...

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանատան Մէջ.  Բանաստեղծ Սարգիս Կիրակոսեան  Պարգեւատրուեցաւ Նախագահական  «Մովսէս Խորենացի» Շքանշանով

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանատան Մէջ. Բանաստեղծ Սարգիս Կիրակոսեան Պարգեւատրուեցաւ Նախագահական «Մովսէս Խորենացի» Շքանշանով

«Շատ պիտի ուզէի այս շքանշանը ստանալ հերոսածին Սարդարապատի հողին վրայ, սակայն կամքէ անկախ պատճառներով այսօր կը ստանամ, բայց որովհետեւ այս դեսպանատունն ալ հայկական հող է, իսկ Հայաստանի ամէն մէկ թիզ հող մեզի համար ե՛ւ Ծիծեռնակաբերդ է, ե՛ւ Սարդարապատ է, ե՛ւ Զանգեզուր է, ե՛ւ Արցախ, ես զայն ստացած կը սեպեմ 28 մայիսին առիթով, 28 մայիսին, նոյնիսկ եթէ օրացոյցը այսօր ուրիշ թուական...

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ցաւակցագիր- Նամակը`  Ուղղուած Ամերիկայի Փոխնախագահ Ճօ Պայտընին

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ցաւակցագիր- Նամակը` Ուղղուած Ամերիկայի Փոխնախագահ Ճօ Պայտընին

Արամ Ա. կաթողիկոս Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմին կատարած հովուապետական այցելութեան ընթացքին, իմացաւ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճօ Պայտընի որդիին` Պօ Պայտընին մահուան լուրը: Այս տխուր առիթով վեհափառ հայրապետը Պոսթընէն ցաւակցական նամակ մը յղեց փոխնախագահին: Ստորեւ` ցաւակցագիր նամակին թարգմանութիւնը. Սիրելի՛ փոխնախագահ Պայտըն, Խոր ցաւով իմացանք ձեր որդիին` Պօ Պայտընին մահը, որ պատահեցաւ յետ իր կարճատեւ հիւանդութեան: Երիտասարդի մը մահը խոր կսկիծ պատճառեց...

Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» Քոլեճի  Դասական Երաժշտութեան Երեկոյ

Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» Քոլեճի Դասական Երաժշտութեան Երեկոյ

«Հայ Ժողովուրդը Ա՛յն Ժողովուրդն Է, Որ Պայքարեցաւ Եւ Կը Պայքարի Ի՛ր Հողերու Ձեռքբերման Համար, Եւ Ոչ Թէ Ուրիշին Հողերուն Տիրանալու» Ըսաւ Անթուան Ուատիհ Սաֆի Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան եւ նախագահութեամբ Թալին Խաչատուրեանի, շաբաթ, 6 յունիս 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Սէն Ժոզեֆ համալսարանի «Փիեռ Պու Խաթեր» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի դասական երաժշտութեան երեկոյ: Ձեռնարկին բացումը կատարեց...

ԼՕԽ-ի Այնճարի «Աղթամար»  Մասնաճիւղի  Վերանորոգուած «Ֆիլհաննէսեան»  Դարմանատուն-Կեդրոնի Բացում

ԼՕԽ-ի Այնճարի «Աղթամար» Մասնաճիւղի Վերանորոգուած «Ֆիլհաննէսեան» Դարմանատուն-Կեդրոնի Բացում

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, նախագահութեամբ Այնճարի ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Այնճարի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան շաբաթ, 6 յունիս 2015-ի կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Այնճարի մէջ տեղի ունեցաւ մասնաճիւղի վերանորոգուած «Ֆիլհաննէսեան» դարմանատուն-կեդրոնի բացումը: Գիւղի հոգեւոր հայրերուն օրհնութեան աղօթքով եւ  ժապաւէնի հատումով տեղի ունեցաւ  դարմանատուն-կեդրոնին բացումը: Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք հանդիսութեան բացումը կատարեց Ռոզ Պագալեան: Ան ...

Յայտարարութիւն

Յայտարարութիւն

Լիբանանում Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը տեղեկացնում է, որ Հայաստանի նախագահի 2015 թուականի  մայիսի 26-ի թիւ 414-Ա հրամանագրով ներքոյիշեալ համարների ստացագրեր ունեցողների Հայաստանի Հանրապետութեան  քաղաքացիութիւն ստանալու դիմումները մերժուել են. 12889, 12748, 12892, 12839, 12882, 12741, 12961, 12913, 12961, 12943, 12912, 12824, 12873, 12944, 12692, 12906, 12970 (շարունակելի) Լրացուցիչ մանրամասնութիւնների համար խնդրում ենք դիմել Լիբանանում Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւն:  

Արամ Ա. Կաթողիկոս Տեսակցութիւն Ունեցաւ  Քանատայի Ծերակոյտի Նախագահին Հետ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Տեսակցութիւն Ունեցաւ Քանատայի Ծերակոյտի Նախագահին Հետ

Հինգշաբթի, 4 յունիս 2015-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս հանդիպում ունեցաւ Քանատայի Ծերակոյտի նախագահ Լէօ Յուսաքոսի հետ եւ շնորհաւորեց Յուսաքոսը իր նոր պաշտօնին նշանակումին առիթով: Ծերակոյտի նախագահը իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին եւ խօսեցաւ Քանատայի ծաղկման մէջ հայ ժողովուրդին բերած ներդրումին եւ իբրեւ կազմակերպ համայնք ունեցած կարեւոր դերակատարութեան մասին: Վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի ներկայ կացութեան` զայն որակելով համաշխարհային վտանգ...

«Լեւոն Շանթ» Կեդրոնին Մէջ «Արեգ» Թատերական Դպրոցի Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

«Լեւոն Շանթ» Կեդրոնին Մէջ «Արեգ» Թատերական Դպրոցի Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Համազգայինի «Արեգ» թատերական դպրոցի երկամեայ-եռամեայ կրթական ծրագիրը աւարտող աշակերտներու ամավերջի հանդէսը եւ վկայականաց բաշխումը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 6 յունիս 2015-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ: Ծնողներուն կողքին հանդիսութեան ներկայ էր Համազգայինի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սեպուհ Այնթապլեան: Բարի գալուստի խօսքը փոխանցեց եւ թատերական դպրոցին աշխատանքը բարձրօրէն գնահատեց Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն...

Հայկազեան Համալսարանի «Մաթոսեան»  Սրահին Մէջ Ցուցադրելով Իր Գործերը`.  Գեղանկարիչ Լենա Այտընեանի Գոյներու  Եւ Գիծերու Պարային Ներդաշնակումով   Ուրուագծած Պատգամաբոյր Երկխօսութիւնը

Հայկազեան Համալսարանի «Մաթոսեան» Սրահին Մէջ Ցուցադրելով Իր Գործերը`. Գեղանկարիչ Լենա Այտընեանի Գոյներու Եւ Գիծերու Պարային Ներդաշնակումով Ուրուագծած Պատգամաբոյր Երկխօսութիւնը

ՍԻԼՎԱ ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ Անցնող 5 յունիսէն ի վեր Հայկազեան համալսարանի «Մաթոսեան» ցուցասրահին մէջ կը շարունակուի լիբանանահայ գեղանկարիչ Լենա Այտընեանի անհատական 6-րդ ցուցահանդէսը, որ կ՛երկարի մինչեւ 16 յունիս: Խորապէս ազդուած իր մեծ հօր` սուրիահայ գեղանկարիչ Սահակ Ոսկեանի գեղանկարչական ստեղծագործութիւններէն, Լենա Այտընեանի ներաշխարհին մէջ փոքր տարիքէն խմորուած է արուեստի ստեղծագործական մղումն ու զայն արժեւորող բնատուր ձիրքը: Դամասկոսի մէջ դիտելով իր մեծ հօր գործերը`...

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին  Նուիրուած «Հարիւր» Ցուցահանդէսը` «Schizzo» Արուեստի Ցուցասրահին Մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Նուիրուած «Հարիւր» Ցուցահանդէսը` «Schizzo» Արուեստի Ցուցասրահին Մէջ

ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի մշակութային յանձնախումբը եւ ՀԲԸՄ-ի երիտասարդ արհեստավարժները «Schizzo» արուեստի ցուցասրահին հետ համագործակցութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով կը ներկայացնեն «Հարիւր» խորագիրը կրող ցուցահանդէսը, որուն բացումը կատարուեցաւ ուրբաթ, 5 յունիս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Schizo» արուեստի ցուցասրահին մէջ: Իր տեսակին մէջ իւրայատուկ էր «Հարիւր» ցուցահանդէսը, որուն մասնակցած ինը արուեստագէտները տարբեր բնոյթի գործերով շօշափած են Հայոց ցեղասպանութեան եւ հայութեան վերածնունդը թեմաները: Անոնք...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Քանատայի Պաշտպանութեան Նախարարին Հետ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Քանատայի Պաշտպանութեան Նախարարին Հետ

Չորեքշաբթի, 3 յունիս 2015-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս Օթթաուայի մէջ հանդիպում ունեցաւ Քանատայի պաշտպանութեան նախարար Ճէյսըն Քենիի հետ: Վեհափառ հայրապետն ու պաշտպանութեան նախարարը անձնական բարեկամներ ըլլալով եւ Անթիլիասի ու Քանատայի մէջ յաճախակի առիթներով հանդիպած ըլլալով մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ու իրապաշտ մօտեցումով քննարկեցին շարք մը հարցեր, որոնց կարգին` Միջին Արեւելքի ներկայ կացութիւնը եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին հետ առնչութիւն ունեցող շարք մը խնդիրներ:...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Քանատայի Վարչապետ Սթիվըն Հարփըրին Հետ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Քանատայի Վարչապետ Սթիվըն Հարփըրին Հետ

Չորեքշաբթի, 3 յունիս 2015-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս Օթթաուայի մէջ, հանդիպում ունեցաւ Քանատայի վարչապետ Սթիվըն Հարփըրի հետ: Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով վեհափառ հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց Քանատայի ժողովուրդին ու կառավարութեան` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գծով իրենց որդեգրած յստակ կեցուածքին համար: Վեհափառ հայրապետը նաեւ իր մտահոգութիւնը յայտնեց ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Սուրիոյ մէջ տիրող կացութեան գծով եւ կոչ ուղղեց Քանատայի պետութեան աւելի...

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան»  Ցուցասրահին Մէջ.  Զոհրապ Քիրէճեանի  Ցուցահանդէսի Բացում

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահին Մէջ. Զոհրապ Քիրէճեանի Ցուցահանդէսի Բացում

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ երէկ` հինգշաբթի, 4 յունիս 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին բացումը կատարուեցաւ Զոհրապ Քիրէճեանի ցուցահանդէսին: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սիւզի Տէրտէրեան: Ան բարի գալուստ մաղթելէ ետք արուեստասէր ներկաներուն ըսաւ, որ Զոհրապ Քիրէճեան ծանօթ է հայ հասարակութեան իբրեւ արձակագիր: Աշխատակցած է գրական զանազան պարբերաթերթերու հետ: Ապա յայտնեց, որ Զոհրապ Քիրէճեան հրատարակած է երեք հատորներ եւ անդամ է Հայաստանի...

«Ազդակ Էփ»-ը` Առցանց

«Ազդակ Էփ»-ը` Առցանց

Ինչպէս յայտարարած էինք տարեսկիզբին, աշխատանքներ կ՛իրականացուէին «Ազդակ»-ի բովանդակութիւնը «էփլիքէյշըն» տարազով տրամադրելի դարձնելու թէ՛ «Էփփըլ» եւ թէ՛ «Էնտրոյտ» դրոյթներու օգտատէրերուն: «Ազդակ»-ի «մոպայլ» տարազով բովանդակութիւնը առօրեայ դրութեամբ կարելի է կարդալ «Ազդակ էփ»-ի ճամբով: Յատկապէս մեր երիտասարդ ընթերցողներէն կը խնդրենք տարածել «Ազդակ էփ»-ը (aztagdaily). անոնք, որոնք կը ներբեռնեն (download) «Ազդակ էփ»-ը իրենց բջիջային հեռախօսներուն թէ «այ փէտ»-երուն մէջ, անպայման պէտք է ընդունին նաեւ...

Page 344 of 364 1 … 343 344 345 … 364

Արխիւներ