Աշխատանքային Առողջ Մթնոլորտի Մը Մէջ Սկսաւ Արեւմտահայերէնին Նուիրուած «Ուիքի» Ճամբարը
Երկուշաբթի, 3 օգոստոս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Զմմառի «Հայր Շելհուպ» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Ուիքի» ճամբարի բացման հանդիսութիւնը` կազմակերպութեամբ «Ուքիմետիա Հայաստան» հասարակական կազմակերպութեան եւ հովանաւորութեամբ «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնադրամին: Ճամբարին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն լիբանանահայ 10 վարժարաններէ 43 աշակերտներ, որոնց ընկերակցեցան Հայաստանէն «Ուիքի» խմբագրող աշակերտներ: Հաւաքին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց «Ուիքիմետիա Հայաստան»-ի Լիբանանի համակարգող Րաֆֆի Տեմիրճեան, որ ներկայացուց ճամբարին օրէնքները եւ...




















