ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Անուշ Հայրենիք» Ծրագիրը` Հրազդանի, Աբովեանի Եւ Մարտունիի Մէջ
Երէկ` չորեքշաբթի, 29 յուլիսին 21 ԼԵՄ-ականներ գործուղուեցան Հայաստան` իրականացնելու համար ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնած ու կազմակերպած «Անուշ հայրենիք» ծրագիրը: Ծրագիրը, որ կ՛իրականացուի յաջորդական վեցերորդ տարին ըլլալով, այս տարի կ՛ընդգրկէ երեք տարածքներ: Գործուղուողները պիտի բաժնուին Հրազդանի, Աբովեանի եւ Մարտունիի շրջաններուն մէջ` իւրաքանչիւր շրջանի համար 7 ԼԵՄ-ական ընկեր-ընկերուհի: Գործնական աշխատանքները պիտի սկսին 3 օգոստոսին: Պատրաստուած ծրագիրները ունին դաստիարակչական բնոյթ եւ կ՛ընդգրկեն...



















