
Կիրակի, 2 օգոստոս 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Ժեհթաուիի Սրբոյ Կուսին աւետման եկեղեցւոյ մէջ Ս. պատարագ եւ հոգեհանգստեան պաշտօն մատուցուեցաւ երջանկայիշատակ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքի հոգւոյն համար` անոր մահուան քառասունքին առիթով:
Ս. պատարագը մատուցեց Վարդան վրդ. Գազանճեան` ժողովրդապետ Սրբոյ Կուսին աւետման եկեղեցւոյ: Իսկ արարողութեան նախագահեց եւ օրուան խօսքը փոխանցեց Մանուէլ եպս. Պաթագեան` վաստակաւոր առաջնորդը Հիւսիսային Ամերիկայի թեմին: Խորանին ծառայեց նաեւ Կարապետ քհնյ. Թադէոսեան:
Երգեցողութիւնը կատարեցին «Կռունկ» պատրիարքական երգչախումբը եւ «Կիլիկիա» ժողովրդապետական երգչախումբը միասին:
Գերապայծառը իր խօսքին մէջ վերյիշեց երջանկայիշատակ պատրիարքը, մանաւանդ անոր հոգեւոր յատկութիւնները եւ ըսաւ, թէ ան «հոգեւոր կեանքը կը նկատէր իբրեւ կենսական ու անփոխարինելի պայման եկեղեցականի մը կոչումին ու առաքելութեան արդիւնաբերութեան: Ան չէր կրնար պահ մը իսկ երեւակայել, թէ քահանայ մը կրնայ յաւակնիլ ըլլալ Քրիստոսի աշակերտ եւ առաքեալ` առանց աղօթքը դարձնելու իր կեանքին բեւեռը, կորիզն ու սնունդը: Եւ այդ ցոյց կու տար իր հաւատարմութեամբը Ս. պատարագի առօրեայ մատուցումին եւ ժամերգութեան: Ծայր աստիճանի բծախնդիր էր ծիսական կեանքին հարազատ պահպանումին ու գործադրութեան նկատմամբ` զայն նկատելով քրիստոնեայ հասարակութեան պաշտամունքային կեանքին լիակատար ապրումին բարձրագոյն արտայայտութիւնը»:
Ս. պատարագի աւարտին հաւատացեալները ցաւակցութիւններ յայտնեցին գերապայծառ հօր:
Նշենք, որ նոյն օրը աշխարհատարած բոլոր հայ կաթողիկէ եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգստեան աղօթքներ բարձրացան առ Աստուած` երջանկայիշատակ վախճանեալ հոգեւոր տիրոջ հոգւոյն համար:


