«Հայաստան երթալ կ՛ուզենք,
Արարատ տեսնել կ՛ուզենք,
Արարատի գագաթին,
Եռագոյն պարզել կ՛ուզենք»:
Այսպէս բացագանչելով` ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններէն 124 պատանիներ մեկնեցան օդակայան, մեծ խանդավառութեամբ, բուռն զգացումով ու յոյսերով մեկնեցան հայրենիք` իրականացնելու իրենց կեանքի երազը` գրկելու սրբազան հայրենիքի հողը:
Այսպէս, հինգշաբթի, 30 յուլիսի երեկոյեան ժամը 9:20-ին պատանիները իրենց պատասխանատու ընկերներուն առաջնորդութեամբ հասան «Զուարթնոց» օդակայան` հոն գտնելով իրենց պատասխանատուներու երկրորդ խմբակը, որոնք ազգային երգերով ու պարերով դիմաւորեցին իրենց ընկերները` մեծ խանդավառութիւն սփռելով անոնց մօտ եւ նախաքայլը հանդիսանալով ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինի կազմակերպած «Դար մը բռունցքով դէպի ամբողջական հատուցում» բանակումին:
Օդակայանէն պատանիները անմիջապէս մեկնեցան Կոտայքի Քանաքեռաւան շրջանի «Սերժ Գալուստեան» բանակավայր` հոն գտնելով Երեւանի պատանեկան միութեան ու Կոտայքի մարզի պատանիները, որոնք իրենց հայրենակիցները ընդունեցին մեծ ջերմութեամբ:
Պատանիները բանակավայր հասնելէն անմիջապէս ետք բաժնուեցան չորս խումբերու` «Փոթորիկ», «Նեւրուզ», «Խան» եւ «Որսկան», որոնք կը խորհրդանշեն 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարու սկիզբին ՀՅԴ «Դէպի երկիր» զինատար խումբերը: Ութօրեայ սոյն բանակումը պիտի ընդգրկէ յատկանշական հանդիպումներ, տեսարժան վայրերու այցելութիւններ եւ հանդիպումներ, դաստիարակչական յատուկ ծրագիր, մարզական օրակարգեր ու զանազան աշխատանքներ` համալրուած դաշնակցական պատանիի կարգապահութեամբ:
«Դար մը բռունցքով դէպի ամբողջական հատուցում» բանակումի տեսարժան վայրերու այցելութիւններու շարքին առաջինն էր դէպի Գառնի ու Գեղարդ այցելութիւնը, իսկ պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ նոյն օրը` ուրբաթ, 30 օգոստոսի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, բանակավայրին մէջ` ներկայութեամբ պատկան մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու, ընկերներու ու բարեկամներու: Դրօշակի արարողութենէն ետք իր խօսքը ուղղեց ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Սարգիս Մկրտչեան, որ անդրադարձաւ բանակումի իւրայատկութեան ու պատանեկան շարքերուն մէջ անջնջելի կնիք մը դրոշմելու իմաստի խորհուրդին: Մկրտչեան յայտնեց, որ այս բանակումը նախ եւ առաջ կը ծառայէ Հայաստանը ճանչնալու, որպէսզի կարելի ըլլայ միջոցներ որոնել օգտակար դառնալու մեր ժողովուրդին: Անդրադառնալէ ետք նախորդ բանակումներուն` Մկրտչեան ըսաւ, թէ ասիկա իր տեսակին մէջ առաջինն է այս նորաստեղծ բանակավայրին մէջ` այն յոյսով, որ քայլ առ քայլ կը կարողանանք համալրել այս աշխատանքները: «Հայաստանը մանաւանդ այն հայ մարդն է, որ կ՛ապրի ու կ՛աշխատի այս հողին վրայ», ընդգծեց Մկրտչեան:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի խօսքը փոխանցեց Վիգէն Աւագեան, որ վեր առաւ այս բանակումի գաղափարական իմաստն ու արժէքը ներկայ եւ գալիք սերունդներուն համար: «Այսպիսի բանակում մը կարելի պիտի չըլլար իրագործել, առանց լիբանանահայութեան եւ յատկապէս Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքին ամբողջական մասնակցութեան», ըսաւ Աւագեան: Անդրադառնալով երկար տարիներու վրայ կազմակերպուող ճամբարներուն ու բանակումներուն` Աւագեան յայտնեց, որ Արագածի փէշերուն վրայ կատարուող այս բանակումները անպայման պիտի կրկնուին Արարատի լանջերուն: Ապա, ան իր խօսքը ուղղելով պատանիներուն, մաղթեց, որ անոնք Արցախն ու Հայաստանը պահեն իրենց մտածումներուն ու հոգիներուն մէջ, երբ կը վերադառնան դէպի իրենց երկիրը, կարենալու համար շարունակել պահանջատիրութիւնը ու հետապնդել Հայ դատը` ամբողջական Հայաստանի տեսլականով: Իր խօսքի աւարտին, Աւագեան յաջողութիւն մաղթեց պատանիներուն եւ բանակումի աշխատանքներուն:
ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմնի խօսքը փոխանցեց Սագօ Արապօղլեան, որ անդրադարձաւ հանգուցեալ Սերժ Գալուստեանի` Հայաստանի մէջ բանակում ընելու երազին եւ այդ երազը իրականացնելու խորհուրդին այսօր` իբրեւ դաշնակցական պատանիներու դաստիարակութեան դարբնոց: Ապա, Հայաստանի Ընդհանուր վարիչ մարմինի խօսքը փոխանցեց Սիմոն Գաֆալեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նիւթական ու բարոյական աջակցութիւն տրամադրած են այս բանակավայրի աշխատանքները համալրելու համար: Իր խօսքի աւարտին, Գաֆալեան յայտնեց, որ այս բանակավայրը իւրայատուկ դրոշմ մը պիտի ձգէ իւրաքանչիւր բանակողի ու այցելուի վրայ: Ան մաղթեց, որ այս բանակավայրը մնայ յաւերժ իբրեւ դաստիարակիչ դարբնոց մը:
Լիբանանի պատանեկան միութիւններու խօսքը փոխանցեց Մեղեդի Կիւտէշեան, որ ըսաւ, թէ այս բանակումը աւելի եւս պիտի ամրապնդէ հայրենիքի արժէքը պատանիներու առօրեային մէջ, որովհետեւ անոնք իւրաքանչիւր քայլափոխի պիտի տեսնեն քաջերու եւ նախահայրերու քրտինքով կերտուած հայրենիքը: «Մենք կ՛ապացուցենք, որ ո՛չ թուրքին եաթաղանը, ո՛չ ալ օտարութեան ծանր լուծը յաջողեցան ոչնչացնել մեզ: Մեր քայլերը տակաւին ամուր են եւ մեր նպատակի ուղին` անշեղ», ըսաւ Կիւտէշեան եւ եզրափակեց իր խօսքը հաւատք ընծայելով, թէ պիտի հասնինք ամբողջական Հայաստանին, «թէ արեւներն իսկ փլչին եւ ճամբաները ըլլան դժոխք ու արիւն»:
Ներկայացուցիչներու խօսքերէն ետք, Լիբանանի եւ Հայաստանի պատանեկան միութիւններէն պատանիներ ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիր մը, որ կ՛ընդգրկէր շուիի վրայ նուագ, երգ ու ասմունք: Պատանիներու առաջին օրուան խանդավառութիւնը իր գագաթնակէտին հասցուցին Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր երգիչներ Լէյլա Սարիբէկեան, Արսէն Գրիգորեան, Դաւիթ Ամալեան, Մակիչ եւ Գէորգ Հաճեան, որոնք հրամցուցին ազգային ու յեղափոխական փունջ մը երգեր:
Բանակումի երրորդ օրը սկսաւ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան Եռաբլուր պանթէոն այցելութեամբ, ուր պատանիները դարձեալ հանդիպեցան իրենց կեանքերը զոհած ազատամարտիկներուն: Նոյն օրը, պատանիները ծանօթացան Երեւանին, շրջեցան Վերնիսաժ` առիթը ունենալով յուշանուէրներ գնելու իրենց հարազատներուն ու ընկերներուն: Կէսօրէ ետք, անոնք այցելեցին Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր` Ծիծեռնակաբերդ` իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն: Նշենք, որ իւրաքանչիւր յիշատակելի վայրին մէջ, պատանիները կը լսեն այդ վայրին մասին զեկուցումներ:
Յետմիջօրէին անոնց վերադարձին, պատանիները լսեցին դասախօսութիւն` Հայ դատի յանձնախումբերու աշխատանքներուն մասին. դասախօսութիւնը ներկայացուց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեան: Ապա տեղի ունեցաւ ռատիօ-խաղի օրակարգ` օրուան այցելութիւններուն ու դասախօսութեան վերաբերեալ: Երեկոյեան, պատանիները խմբուեցան խարոյկին շուրջ ու երեկոն փակեցին յեղափոխական երգերով: