Երկուշաբթի, 3 օգոստոս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Զմմառի «Հայր Շելհուպ» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Ուիքի» ճամբարի բացման հանդիսութիւնը` կազմակերպութեամբ «Ուքիմետիա Հայաստան» հասարակական կազմակերպութեան եւ հովանաւորութեամբ «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնադրամին: Ճամբարին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն լիբանանահայ 10 վարժարաններէ 43 աշակերտներ, որոնց ընկերակցեցան Հայաստանէն «Ուիքի» խմբագրող աշակերտներ:
Հաւաքին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց «Ուիքիմետիա Հայաստան»-ի Լիբանանի համակարգող Րաֆֆի Տեմիրճեան, որ ներկայացուց ճամբարին օրէնքները եւ յայտագիրը: Տեմիրճեան շնորհակալութիւն յայտնեց մասնակից աշակերտներու ծնողներուն, ուսուցիչներուն եւ տնօրէններուն, որոնք վստահութեամբ եւ գործակցութեամբ մասնակից դարձան նշեալ նախաձեռնութեան յաջողութեան:
«Ուիքիմետիա Հայաստան» կազմակերպութեան նախագահ Սուսաննա Մկրտչեան ըսաւ, որ «Ուիքի» ճամբարը ազատ մթնոլորտի մէջ մտային զարգացումներու նպաստող միջավայր է: Ան աւելցուց, որ «Ուիքիփետիա»-ն լեզուները կենդանի պահելու լաւագոյն եւ արդիական միջոցն է, եւ այս առնչութեամբ Արեւմտահայերէն «Ուիքիփետիա»-ն նշեալ նպատակին էապէս կը ծառայէ: Մկրտչեան յայտնեց, որ իւրաքանչիւր աշակերտ, ուսուցիչ, խմբագիր, իր փոքր թէ մեծ մասնակցութեամբ կրնայ քար մը աւելցնելով նպաստել հաւաքական աշխատանքին:
Ապա Լիզպոնէն «Սքայփ»-ի ճամբով իր սրտի խօսքը փոխանցեց «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնարկի հայկական բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան, որ մեծապէս գնահատեց արեւմտահայերէնի անդրանիկ ճամբարին կազմակերպումը: Փանոսեան շնորհակալութիւն յայտնեց Սուսաննա Մկրտչեանին, Րաֆֆի Տեմիրճեանին եւ բոլոր անոնց, որոնք մասնակից դարձան այս նախաձեռնութեան յաջողութեան: Փանոսեան յոյս յայտնեց, որ «Ուիքի» ճամբարը ծառայէ իր նպատակին եւ աշակերտները ընկերային առողջ մթնոլորտի մէջ դառնան «Ուիքի» խմբագիրներ:
Իր կարգին, «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնադրամի արեւմտահայերէնի տարածման ծրագիրներու աւագ վարիչ Անի Կարմիրեան շեշտեց, թէ աշակերտները պէտք չէ վախնան սխալներէն, այլ` պէտք է ինքնավստահութեամբ աշխատին, որպէսզի կատարելագործեն իրենց թեքնիք եւ լեզուական կարողականութիւնները: Կարմիրեան մաղթեց, որ այս ճամբարը սկիզբ հանդիսանայ արեւմտահայերէն «Ուիքիփետիա»-ի զարգացման նոր իրագործումներուն:
Ապա տեղի ունեցաւ «Ուիքի» ճամբարին մասնակցող աշակերտներու ծանօթացումը:
Յայտնենք, որ «Ուիքի» ճամբարը իր աւարտին կը հասնի 12 օգոստոս 2015-ին: Ճամբարին մասնակիցները պիտի սորվին գործածել «Ուիքիփետիա»-ն, խմբագրել արեւմտահայերէնով եւ անցընել հաճելի եւ ուրախ պահեր: