Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կիւրճիեֆ» Ժողովրդական Նուագարաններու Համոյթի Ելոյթը` Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի «Էսեմպլի Հոլ» Սրահին Մէջ

Օգոստոս 3, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG_1305

Մշակոյթի նախարարութեան հովանաւորութեամբ եւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Զեքի Նասիֆ» երաժշտական ծրագիրին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ «Կիւրճիեֆ» ժողովրդական նուագարաններու համոյթին ելոյթը 1 եւ 2 օգոստոս 2015, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Էսեմպլի հոլ» սրահին մէջ:

«Կիւրճիեֆ» ժողովրդական նուագարաններու համոյթը ելոյթ ունեցաւ երկու տարբեր ծրագիրներով: 1 օգոստոս 2015-ին համոյթը ներկայացուց մեծ փիլիսոփայ եւ երաժիշտ Գէորգի Կիւրճիեֆի  ստեղծագործութիւնները: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Կիւրճիեֆ » համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Լեւոն Իսկենեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Պէյրութի մէջ իր ելոյթներուն կապակցութեամբ, ապա ըսաւ, թէ երկար տարիներ ապրած է Լիբանանէն հեռու, բայց միշտ երազած է ելոյթ ունենալ նաեւ իր ծննդավայրին մէջ, եւ ահա իր երազը իրականացած է, եւ ինք իր հիմնադրած «Կիւրճիեֆ» ժողովրդական նուագարաններու համոյթով հանդէս պիտի գայ հանրութեան:

IMG_1299

Ինչ կը վերաբերի Կիւրճիեֆի, Լեւոն Իսկենեան ըսաւ, թէ ան շրջագայած է Ասիա, Չինաստան, Թիպեթ, Հնդկաստան, Միջին Ասիա, ուսումնասիրած է շատ կրօններ, արեւելեան փիլիսոփայութիւն եւ գրած շատ աշխատութիւններ, ուսումնասիրած է տարբեր երկիրներու ժողովրդային երաժշտութիւնը, երգերն ու պարերը: Ան հիմնած է նաեւ մարդու ներդաշնակ զարգացման ուսումնարանը: Գէորգի Կիւրճիեֆի արուեստի ակունքները կու գան մարդու հոգեկանէն, ներաշխարհէն եւ տիեզերական կապէն:

Իսկենեան յայտնեց, որ «Կիւրճիեֆ» ժողովրդական նուագարաններու համոյթը 2011-էն ի վեր ելոյթներ ունեցած է Եւրոպայի շատ երկիրներու մէջ, իսկ Պէյրութի զոյգ ելոյթները Միջին Արեւելքի մէջ առաջինը կը նկատուին: Ան աւարտեց խօսքը ըսելով` ուրախ եմ, որ ձեզի հետ պիտի բաժնեկցիմ երաժշտական ծրագիրներս, շնորհակալ եմ ձեր ներկայութեան համար եւ բարի վայելում:

«Կիւրճիեֆ» համոյթի երաժիշտները իրենց նուագարաններով` տուտուկ, թառ, սազ, քամանչա, ուտ, սանթուր, տափ, տհոլ, պլուլ, բեմ բարձրացան 20-րդ  դարու հայազգի իմաստասէր, երաժիշտ Գէորգի Կիւրճիեֆի ստեղծագործութիւնները ժողովրդական նուագարաններու միջոցով Լիբանանի հանրութեան ներկայացնելու առաքելութեամբ: Եզակի երեւոյթ էր ժողովրդական նուագարաններու ոչ միայն հանդիպումը, այլեւ համատեղ բարձրորակ կատարումները, որոնց հանդիսատեսը կ՛արձագանգէր ծափողջոյններով:

Հնչեց մաքուր, նուրբ եւ հոգիի երաժշտութիւն: Հայկական, քրտական, ասորական, արաբական յունական, կովկասեան երաժշտական կտորները տուեալ ազգերուն բնորոշ յատկանիշներ եւ արտայայտչականութիւն ունէին գերազանցապէս:

Երկրորդ օրուան ծրագիրը կ՛ընդգրկէին Կոմիտաս Վարդապետի գործերը: Ողջոյնի խօսքով կրկին հանդէս եկաւ համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Լեւոն Իսկենեան: Ան ներկայացուց որոշ մանրամասնութիւններ Կոմիտասի ստեղծագործական կեանքին վերաբերեալ, ապա որոշ բացատրութիւններ տուաւ յայտագիրի բաժիններուն մասին:

Ապա «Կիւրճիեֆ» ժողովրդական նուագարաններու համոյթի երաժիշտները իրենց տեղը գրաւելով բեմին վրայ սկսան ներկայացնել Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները:

Երաժիշտները բարձրարուեստ կատարումներով գերեցին եւ մեծ զգացմունքով պարուրեցին ներկաները: Խոր եւ արտայայտիչ հնչեղութեամբ կատարուած գործերը հանդիսատեսին պատմեցին հայ ազգի արժանիքներուն մասին, անոր կենցաղին, մշակոյթին ու ճակատագիրին: Ուշագրաւ էր «Մշոյ օրօր» ստեղծագործութիւնը, որ հրաշալիօրէն հանդիսատեսին առջեւ կը բանար Մշոյ Ս. Կարապետ վանքի հազարաւոր ուխտաւորներու ազատ ու հանգիստ պարն ու երգը, աղօթքն ու խնճոյքը:

Աւարտին հանդիսատեսին յոտնկայս ծափահարութիւնները շնորհակալութեան լաւագոյն արտայայտութիւնն էր համոյթին, որ առիթ ունեցաւ երկու օրուան ընթացքին ըմբոշխնել հայ եւ համաշխարհային երաժշտութեան գեղեցկագոյն կտորները:

Լուսանկարները`
ԴԱԼԱՐ ԱԼԻԵՄԷԶԵԱՆի

Նախորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւնները` Հայրենի Հողին Վրայ. ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու «Դար Մը Բռունցքով Դէպի Ամբողջական Հատուցում» Բանակումը Պաշտօնապէս Բացուած Կը Յայտարարուի

Յաջորդը

Ներկայացում` «Ինչպէս Տեղի Ունեցաւ Մուսա Լերան Հերոսամարտը /Ժամանակագրութիւն, Կազմակերպութիւն, Դէպքեր Եւ Դէմքեր/» Նիւթով

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի Վարժարաններ Եւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի Վարժարաններ Եւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ

Հոկտեմբեր 17, 2025
Թրամփ. «Իսրայէլ Մէկ Խօսքովս Կրնայ Կազայի Մէջ Կռիւը Շարունակել, Եթէ Համաս Զինադադարի Համաձայնութիւնը Չյարգէ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իսրայէլ Մէկ Խօսքովս Կրնայ Կազայի Մէջ Կռիւը Շարունակել, Եթէ Համաս Զինադադարի Համաձայնութիւնը Չյարգէ»

Հոկտեմբեր 17, 2025
Նախագահ Աուն. « Լիթանիէն Հարաւ Բանակի Անդամներուն Թիւը Այս Տարեվերջին Պիտի Հասնի Շուրջ 10 Հազարի»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն. « Լիթանիէն Հարաւ Բանակի Անդամներուն Թիւը Այս Տարեվերջին Պիտի Հասնի Շուրջ 10 Հազարի»

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?