Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ներկայացում` «Ինչպէս Տեղի Ունեցաւ Մուսա Լերան Հերոսամարտը /Ժամանակագրութիւն, Կազմակերպութիւն, Դէպքեր Եւ Դէմքեր/» Նիւթով

August 3, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

8-01-15_mousa-2

Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 75-ամեակի ձեռնարկներուն երկրորդը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 1 օգոստոս 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ, Մուսա լերան հերոսամարտի նահատակ Յովհաննէս Գուճանեանի (ֆէնտ) յիշատակին:

Եսայի Հաւաթեան
Եսայի Հաւաթեան
Խաժակ Հերկելեան
Խաժակ Հերկելեան

Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-քարոզչական յանձնախումբի անդամ Խաժակ Հերկելեան: Ան ըսաւ, թէ սոյն ներկայացումը պիտի մանրամասնէ Մուսա լերան ժողովուրդի պատմութիւնը, որպէսզի ներկաները մօտէն ծանօթանան Մուսա լերան հերոսամարտի մանրամասնութիւններուն, հերոսամարտի պատմութեան ենթարկուած չարաշահումներուն եւ վերջապէս վերջին տասնամեակներուն հրատարակուած յուշագրութիւններուն:

Ան իր խօսքի աւարտին ըսաւ, թէ Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 75-ամեակի կեդրոնական մարմինի նախագահ Եսայի Հաւաթեան բծախնդրօրէն ուսումնասիրած եւ պատրաստած է սոյն ներկայացումը, որ կը յստակացնէ, թէ ինչպէ՛ս տեղի ունեցաւ Մուսա լերան հերոսամարտը:

Սահիկներու ցուցադրութեամբ ներկայացուեցաւ Մուսա լերան ժողովուրդի պատմութիւնը 1850-էն  1915 թուականներուն: Ամփոփ կերպով ներկայացուեցան «Կեանքը Մուսա լերան մէջ հայկական զարթօնքէն առաջ», «Հնչակեաններու մուտքն ու գործունէութիւնը Մուսա լերան մէջ», «1909-ի ջարդերը եւ մուսալեռցիներու դիրքը», «ՀՅ Դաշնակցութեան մուտքն ու գործունէութիւնը Մուսա լերան մէջ», «1915-ի նախօրեակի մթնոլորտը» եւ մանրամասնօրէն «Մուսա լերան ժողովուրդին ինքնապաշտպանութիւնը» գլուխները:

Ներկայացումը պատմական փաստերու հիման վրայ ցոյց տուաւ հերոսամարտի գլխաւոր ճակատամարտները, դերակատարները եւ մուսալեռցիներու փրկութիւնը ֆրանսական մարտանաւերուն կողմէ:

Հաւաթեան մէջբերումներ կատարելով տարբեր աղբիւրներէ` ցոյց տուաւ հերոսամարտը յաղթանակի առաջնորդող բոլոր այն քայլերը, որոնք առնուած էին պատասխանատուներուն կողմէ:

Ներկայացումը իր աւարտին հասաւ ժողովուրդի փրկութեան տեսարաններով, որոնք ցոյց կու տային հայ ժողովուրդին տարած փառաւոր յաղթանակը թրքական զօրքերուն դէմ, հայոց պատմութեան ամէնէն ճակատագրական ժամանակաշրջանին:

 

Նախորդը

«Կիւրճիեֆ» Ժողովրդական Նուագարաններու Համոյթի Ելոյթը` Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի «Էսեմպլի Հոլ» Սրահին Մէջ

Յաջորդը

Բարի Լոյս 8. Սուրիահայութեան Տագնապ. Զգուշ Ըլլանք Բոլորս

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.