Գաղութային

Հայ Վիրաւոր Մը` Հալէպի Մէջ

Հայ Վիրաւոր Մը` Հալէպի Մէջ

«Գանձասար» կը հաղորդէ, որ չորեքշաբթի, 12 օգոստոս 2015-ին Հալէպի Համիտիէ շրջանի համալսարան տանող Մաարրի փոխադրակառքի մը վրայ ինկած հրթիռին պատճառով վիրաւորուած է տարեց հայորդի մը` Կարպիս Հապէշեան: Ենթական հիւանդանոցն է եւ բարեբախտաբար վիճակը մտահոգիչ չէ:

«Ուիքի» Ճամբարը  Վերջ Գտաւ Փակման Հանդիսութեամբ

«Ուիքի» Ճամբարը Վերջ Գտաւ Փակման Հանդիսութեամբ

Հովանաւորութեամբ «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնադրամին, կազմակերպութեամբ «Ուիքիմետիա Հայաստան» հասարակական կազմակերպութեան, 3 օգոստոսին Զմմառի «Հայր Շելհուպ» կեդրոնին մէջ սկիզբ առած «Ուիքի» ճամբարը վերջ գտաւ երէկ` չորեքշաբթի, 12 օգոստոսի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեամբ: Արդարեւ, լիբանանահայ 10 վարժարաններէ 43 աշակերտներ` ընկերակցութեամբ Հայաստանէն «Ուիքի» խմբագրող աշակերտներու, 10 օրերու ընթացքին սորվեցան գործածել «Ուիքիփետիա»-ն եւ խմբագրեցին արեւմտահայերէնով: Մասնակցող աշակերտներուն...

«Քրիստոնեայ-Իսլամ Երկխօսութիւնը  Հրամայական Անհրաժեշտութիւն Է  Համաշխարհայնացած Աշխարհին Մէջ»  Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Քրիստոնեայ-Իսլամ Երկխօսութիւնը Հրամայական Անհրաժեշտութիւն Է Համաշխարհայնացած Աշխարհին Մէջ» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Երկուշաբթի, 10 օգոստոս 2015-ի երեկոյեան, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեցին «Կրօններու եւ մշակոյթներու հանդիպում» յանձնախումբի անդամները` գլխաւորութեամբ յանձնախումբի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Հիւսէյն Ահմետ Շհատէի: Ժողովին ներկայ էին նաեւ կաթողիկոսարանի Միջեկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան եւ Միջեկեղեցական յանձնախումբի անդամ դոկտ. Ժան Սալմանեան: Ընդհանուր քարտուղարը նախ անդրադարձաւ վեհափառ հայրապետին բանալի դերակատարութեան` միջեկեղեցական, միջկրօնական եւ ժողովուրդներու միջեւ խաղաղ համագոյակցութեան մարզերուն մէջ...

Զապատանիի Շրջանին Մէջ Զոհուեցաւ  Սուրիական Բանակի Ծառայող Յաբեթ Աբրիկեան

Զապատանիի Շրջանին Մէջ Զոհուեցաւ Սուրիական Բանակի Ծառայող Յաբեթ Աբրիկեան

«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, որ կիրակի, 9 օգոստոս 2015-ին, Դամասկոսի արուարձաններէն Զապատանիի շրջանին մէջ տեղի ունեցած արիւնալի մարտերուն հետեւանքով արձանագրուեցան զոհեր: Զոհերու  կարգին էր սուրիական բանակին ծառայող զինուոր, 1993-ի ծնունդ, հալէպահայ Յաբեթ Մանուկ Աբրիկեան: Աբրիկեանի յուղարկաւորութեան արարողութեան կարգը տեղի պիտի ունենայ Հայ կաթողիկէ Ս. Երրորդութիւն (Զուարթնոց) եկեղեցւոյ մէջ: Նշենք, որ Յաբեթ Մանուկ Աբրիկեան յետմահու արժանացաւ պատուոյ սպայի կոչումին:  

Հայկական Կեդրոններ Կը Շարունակեն  Ջրամատակարարման Ծառայութիւն  Կատարել Հալէպի Մէջ

Հայկական Կեդրոններ Կը Շարունակեն Ջրամատակարարման Ծառայութիւն Կատարել Հալէպի Մէջ

Հալէպի բնակչութիւնը կը շարունակէ ճաշակել աշխարհի ամէնէն վտանգաւոր պատերազմներէն մէկը` հրասանդներու, կազի շիշերու եւ զանազան տեսակի հրթիռներու արձակումներուն պատճառած ահ ու սարսափի, աւեր ու քանդումի կողքին տարիներէ ի վեր կը դիմագրաւէ նաեւ կենցաղային դժուարութիւններ: Այս մասին կը յայտնէ «Բերիոյ նիուզ»-ը: Արդարեւ, քանի մը շաբաթէ ի վեր Հալէպի մէջ ջուրի հոսքի դադրեցման պատճառով, հերթաբար ջրամատակարարում կը կատարուի քաղաքի զանազան շրջաններու մէջ:...

Մեր Կորուստները.  Ոչ Եւս Է Քաղաքագէտ Լեւոն Մելիք Շահնազարեան

Մեր Կորուստները. Ոչ Եւս Է Քաղաքագէտ Լեւոն Մելիք Շահնազարեան

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, թէ ծանր եւ երկարատեւ հիւանդութենէ ետք մահացած է հասարակական, քաղաքական գործիչ, «Ոսկանապատ» վերլուծական կեդրոնի տնօրէն Լեւոն Մելիք Շահնազարեան: Լեւոն Մելիք Շահնազարեան ծնած է 1958-ին, Կիրովապատի մէջ: 1974-ին ընդունուած է Թաշքենդի Ռուսաց լեզուի եւ գրականութեան հիմնարկը: 1988-ին տեղափոխուած է Արցախ: 1991-ին ընտրուած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր: 1992-էն 1995 ղեկավարած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին կապերու...

Այնճարի Մէջ.  Մուսա Լերան Եւ Այնճարին Նուիրուած  Գիրքերու Ցուցահանդէս  Եւ Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն

Այնճարի Մէջ. Մուսա Լերան Եւ Այնճարին Նուիրուած Գիրքերու Ցուցահանդէս Եւ Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն

Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 75-ամեակի յոբելենական ձեռնարկներու շարքին չորրորդը` Մուսա լերան եւ Այնճարին նուիրուած գիրքերու ցուցահանդէսը եւ ժապաւէնի ցուցադրութիւնը  տեղի ունեցաւ շաբաթ, 8 օգոստոս 2015-ի երեկոյեան ժամը  8:00-ին, Այնճարի «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ` հովանաւորութեամբ պետական նախկին նախարար Փանոս Մանճեանի: Ձեռնարկը նուիրուած էր նահատակ Յակոբ Հաւաբեանի (Քեսապցի) յիշատակին: Գիւղի հոգեւոր պետերու եւ նախկին...

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 100-Ամեակի  Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 75-Ամեակի  Տօնակատարութիւններու Ծիրին Մէջ`  Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան  «Գուսան» Երգչախումբի Ելոյթը` Այնճարի Մէջ

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 100-Ամեակի Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 75-Ամեակի Տօնակատարութիւններու Ծիրին Մէջ` Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան «Գուսան» Երգչախումբի Ելոյթը` Այնճարի Մէջ

Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 75-ամեակի տօնակատարութիւններուն ծիրին մէջ, կիրակի, 9 օգոստոս 2015-ի երեկոյեան ժամը  8:00-ին, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան «Գուսան» երգչախումբին ելոյթը, խմբավարութեամբ` Գրիգոր Ալլոզեանի, Մուսա լերան հերոսամարտի նահատակ Յաբէթ Վանայեանի յիշատակին: Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Համազգայինի Այնճարի «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ: Վարչութեան անունով ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Սեւան Ադամեան:...

Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքը`  Հայ Եւ Օտար Ուխտաւորներու Սրբավայր

Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքը` Հայ Եւ Օտար Ուխտաւորներու Սրբավայր

«Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքը իր եկեղեցիով, Նահատակաց խորանով, Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակը եւ հայ ժողովուրդի վերածնունդը խորհրդանշող յուշարձանով եւ յարակից վանական կառոյցներով դարձած է կրօնական ու ազգային ուխտագնացութեան սրբավայր», այսպէս բնորոշեց Արամ Ա. կաթողիկոս` անցնող օրերուն ընթացքին ուխտաւորներ ընդունելով Ս. Աստուածածին վանքին մէջ: Ուխտաւորներ` հայ թէ օտար, Լիբանանէն թէ արտասահմանէն, գրեթէ ամէն օր կ՛այցելեն Ս. Աստուածածին վանք` աղօթելու, խոկալու, յարգանքի...

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց  Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքի  Գահակալութեան Հանդիսաւոր Արարողութիւնը

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքի Գահակալութեան Հանդիսաւոր Արարողութիւնը

Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց նորընտիր Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքի գահակալութեան արարողակարգը տեղի ունեցաւ կիրակի, 9 օգոստոս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Զմմառու Տիրամօր վանքի շրջափակին մէջ` Հայ կաթողիկէ պատրիարքական եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսի արքեպիսկոպոսներուն եւ եպիսկոպոսներուն հրաւէրով: Սրբազան արարողութեան ներկայ էին Հռոմի Ս. Աթոռի Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի ներկայացուցիչներ, Լիբանանի մէջ պապական նուիրակը, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի ներկայացուցիչը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ...

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւնները`  Հայրենի Հողին Վրայ.  137 Պատանիներ` Արագած Լեռէն  Դէպի Հերոսական Արցախ

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւնները` Հայրենի Հողին Վրայ. 137 Պատանիներ` Արագած Լեռէն Դէպի Հերոսական Արցախ

«Դար մը բռունցքով դէպի ամբողջական հատուցում» բանակումին ութերորդ օրը, պատանիները առաւօտեան ընթացիկ օրակարգերէն ետք ուղղուեցան դէպի անառիկ Ամբերդ, այցելեցին Այբենարան, որմէ ետք անոնք մեծ խանդավառութեամբ արշաւեցին Արագածի ուղիով դէպի Քարի լիճ` ապրելով արկածախնդրական պահեր: Պատանիները ամբողջ յետմիջօրէին բնութեան հետ համակերպելով նաեւ խանդավառեցին իրենց շրջակայքը` առիթ ստեղծելով աւելի մօտէն ծանօթանալու շրջանի բնակիչ հայրենակիցներու կենցաղին, եւ հաճելի յիշատակներով ուշ երեկոյեան վերադարձան բանակավայր:...

Այնճարի Մէջ.  Գեղարուեստական Երեկոյ` Կազմակերպութեամբ  ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շաւարշ Միսաքեան» Մասնաճիւղին

Այնճարի Մէջ. Գեղարուեստական Երեկոյ` Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շաւարշ Միսաքեան» Մասնաճիւղին

Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 75-ամեակի տօնակատարութիւններուն երկրորդ շաբթուան ձեռնարկները սկսան` ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շաւարշ Միսաքեան» մասնաճիւղին կազմակերպած գեղարուեստական երեկոյով` նահատակ Յակոբ Գարակէօզեանի (Ըլլէօն-Առիւծ)  յիշատակին: Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 7 օգոստոս 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ: Ձեռնարկին ներկայ էին գիւղի հոգեւոր հայրերը,  Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէն եւ մեծ թիւով հայրենակիցներ: Բացման...

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Այցելեցին Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի  Եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու  Խորհուրդի Ներկայացուցիչները

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Այցելեցին Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Ներկայացուցիչները

Ուրբաթ, 7 օգոստոս  2015-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի առնչուած հարցերու պատասխանատուներէն դոկտ. Միշել Նսէյրի եւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Միշել Ժալըխի: Աշխատանքային հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ ընդհանուր քննարկումի ենթարկելու Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի եւ եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի գործակցութիւնը աւելի ամրապնդելու կարելիութիւնները եւ այդ ծիրին մէջ յատուկ անդրադարձ եղաւ...

Ուրուկուէյի Հայ Ուխտաւորներ Պիքֆայայի  Սուրբ Աստուածածին Վանքին Մէջ

Ուրուկուէյի Հայ Ուխտաւորներ Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին Մէջ

Հինգշաբթի, 6 օգոստոս 2015-ի առաւօտեան, շուրջ 50 ուխտաւորներ Ուրուկուէյէն այցելեցին Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքը: Անոնք հիացումով դիտեցին վերանորոգուած ու պայծառակերպուած վանքը եւ յատկապէս Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանը, Նահատակաց խորանը եւ այլ կառոյցներ: Ապա, ուխտաւորները այցելեցին Արամ Ա. կաթողիկոսին: Ուխտաւորներուն ուղղած իր հայրապետական խօսքին մէջ վեհափառ հայրապետը նախ յիշեցուց 1983-ին իր միօրեայ այցելութիւնը Ուրուկուէյ եւ գնահատանքով արտայայտուեցաւ Ուրուկուէյի գաղութին ունեցած հաւատարմութեան մասին`...

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու  Բանակումին Մասնակիցները Այցելեցին  Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային Ժողով

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու Բանակումին Մասնակիցները Այցելեցին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային Ժողով

Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան 6 օգոստոսին ընդունեց պատմաճանաչողական այցելութեամբ Արցախ գտնուող ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու «Դար մը բռունցքով դէպի ամբողջական հատուցում» բանակումի 124 մասնակիցներէն խումբ մը` Ընդհանուր վարիչ մարմինի ատենապետ Սագօ Արապօղլեանի գլխաւորութեամբ: Ողջունելով լիբանանահայ պատանիները` խորհրդարանի ղեկավարը բարձր գնահատեց անոնց Արցախ այցելութիւնը` նշելով, որ անիկա իւրայատուկ կարելիութիւն ու առիթ է անմիջականօրէն հաղորդակից ըլլալու ազգային պատմութեան ու...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Լիբանանի Մէջ Կիպրոսի Դեսպանը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Կիպրոսի Դեսպանը

Չորեքշաբթի, 5 օգոստոս 2015-ի առաւoտեան, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելեց Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպան Հոմեր Մաւրոմաթիսը: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ քննարկելու հարցեր եւ երեւոյթներ, որոնք առաւելաբար առնչուած են Կիպրոսի հայ համայնքին, Լիբանանի ու Կիպրոսի յարաբերութեան, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին եւ ընդհանրապԷս Միջին Արեւելքի մէջ  վերջին շրջանին տեղի ունեցող զարգացումներուն:

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու  Բանակումին Մասնակիցները Հասան Արցախ

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու Բանակումին Մասնակիցները Հասան Արցախ

ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու «Դար մը բռունցքով դէպի ամբողջական հատուցում» բանակումը երէկ` չորեքշաբթի, 5 օգոստոսին նոր հանգրուան մը թեւակոխեց, երբ բանակումին մասնակից պատանիները ճամբայ ելան դէպի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն: Երեկոյեան հոն հասնելով անոնք մեծ խանդավառութեամբ դիմաւորուեցան Քաշաթաղի շրջանին մէջ: Յառաջիկայ օրերը բաւական հետաքրքրական եւ խորհրդանշական պիտի ըլլան պատանիներուն համար, որովհետեւ անոնք անձամբ պիտի տեսնեն այն տարածքը, որ ազատագրուած է հերոս...

Սուրիոյ, Լիբանանի Եւ Իրաքի Հայերը  Օտար Պետութեան Մէջ Հայաստանի Անձնագիր  Պիտի Ստանան Մինչեւ 2016-ի Վերջը

Սուրիոյ, Լիբանանի Եւ Իրաքի Հայերը Օտար Պետութեան Մէջ Հայաստանի Անձնագիր Պիտի Ստանան Մինչեւ 2016-ի Վերջը

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը կը քննարկէ իր նախկին որոշումներէն մէկուն մէջ փոփոխութիւն կատարելու նախագիծը, որով մինչեւ 31 դեկտեմբեր 2016 առիթ կու տայ Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Իրաքի քաղաքացիներուն Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն եւ հիւպատոսական հիմնարկներուն մէջ ստանալ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիի անձնագիր: Ըստ «Արմէնփրես»-ի, նախագիծը ընդգրկուած է կառավարութեան 6 օգոստոսի նիստի օրակարգին մէջ: Նախորդ որոշումով` նշուած երկիրներու քաղաքացիները օտար պետութեան մէջ Հայաստանի անձնագիր կրնային...

Քեսապի Ազատագրութեան Առաջին Տարեդարձի Նախօրէին

Քեսապի Մէջ Կացութիւնը Խաղաղ Է. Սկսած Է Բերքահաւաքի Առաջին Շրջանը

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, թէ Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնման Քեսապի գործադիր մարմինի անդամ եւ Քեսապի հայ համայնքի բանբեր Կարօ Մանճիկեան «Արմէնփրէս»-ին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին նշած է, որ Քեսապի մէջ իրավիճակը խաղաղ է, բախումներ չկան: Ան նաեւ դիտել տուած է, որ բերքահաւաքի առաջին շրջանն է արդէն, մարդիկ զբաղած են այդ գործերով: Ան նաեւ տեղեկացուցած է, որ վերջին շրջանին քանի...

Առողջապահական Արշաւ` «Գարակէօզեան»  Հաստատութեան Մէջ

Առողջապահական Արշաւ` «Գարակէօզեան» Հաստատութեան Մէջ

«Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութիւնը` իբրեւ առողջապահական կեդրոն, երեքշաբթի, 4 օգոստոս 2015-ին, առաւօտեան ժամը 7:30-էն մինչեւ կէսօրուան ժամը 12:00-ը կատարեց առողջապահական արշաւ մը, Ֆանարի ՀՅԴ «Էտկար Ակնունի» ակումբի սրահին մէջ, գործակցաբար UNHCR կազմակերպութեան եւ «Սեն Ժորժ» յունական հիւանդանոցի ընտանեկան բժշկութեան բաժանմունքին: Այս արշաւի գործադրութեան իրենց օժանդակութիւնը բերին նաեւ «Էն. Տի. Եու.» համալսարանի հիւանդապահութեան բաժանմունքի աւարտական կարգի ուսանողները: Ձեռնարկին «Գարակէօզեան» հաստատութեան անձնակազմին, UNHCR...

Page 337 of 364 1 … 336 337 338 … 364

Արխիւներ