Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Համաշխարհային Ա. Պատերազմի Դժբախտութիւնները» Խորագիրին Տակ. Կլոր Սեղան` Փաուլօ Քազազեանի «Պոլսոյ Անգղները» Վէպին Մասին

October 31, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

sal-1_103015

Պէյրութի «Սալոն տիւ Լիվր Ֆրանքոֆոն»-ի նախաձեռնութիւններուն ծիրին մէջ, երէկ` ուրբաթ, 30 հոկտեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը  5:00-ին, «Պիել»-ի «Ժըպրան» ամփիթատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Համաշխարհային Ա. պատերազմի դժբախտութիւնները» խորագիրով կլոր սեղանը` Փաուլօ Քազազեանի «Պոլսոյ անգղները» պատմական վէպին վերաբերող:

Կլոր սեղանը, որուն մասնակիցներն էին Փաուլօ Քազազեան եւ Ռամզի Սալամէ, վարեց պատմաբան Քրիսթիան Թաութըլ: Անոր բացումը կատարեց Թաութըլ, որ զուգահեռ ձեւով ներկայացուց Լիբանանի եւ Հայաստանի իրավիճակները Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին: Մինչ 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութիւնը կը մնայ անպատիժ եւ անոր մէկուկէս միլիոն զոհերը` անմխիթար, 1914-1918 թուականներուն 200.000 լիբանանցի զոհերը թաղուած կը մնան լռութեան մէջ… Թաութըլ թուեց այն հազուագիւտ լիբանանցի գրողները, որոնք անդրադարձած են Լիբանանի մէջ կատարուած ողբերգութեան. անոնցմէ առաջինը` Ժըպրան Խալիլ Ժըպրան, որ կը գրէր. «Հայրենակիցներս կը մեռնին սովի պատճառով, իսկ անոնք, որոնք չմեռան սովէն, կը մեռնին սուրով»…

sal-2_103015

Այս համառօտ ներկայացումէն ետք, Քրիսթիան Թաութըլ խօսքը փոխանցեց Ռամզի Սալամէի, որ իր կարգին մանրամասնօրէն ներկայացուց Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին Լեռնալիբանանի մէջ տիրող իրավիճակը քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային դիտանկիւններէն: Ան բացատրեց, որ երբ Ճեմալ փաշան տիրեց Լեռնալիբանանի շրջանին, չորս հարիւր զինուորականներու անհետացումէն ետք, ոչ մէկ ընդդիմութիւն ցուցաբերեց լիբանանցի տարրը` կարծելով, որ թուրքը իր բարեկամն է: Ըստ Սալամէի, «բարեկամ» թուրքերը մշակած էին յատուկ եւ մանրակրկիտ ծրագիր մը, որուն նպատակը, հայերուն ոչ անծանօթ, երկիրը իր ժողովուրդէն պարպելն էր: Թուրքերը իրագործեցին իրենց ծրագիրը` դիմելով հետեւեալ քայլերուն. նախ` զօրակոչի ենթարկեցին երկրին այր մարդիկը, ետքը` գրաւեցին բոլոր փոխադրամիջոցները եւ վերջապէս մենաշնորհ հաստատեցին սնունդ հայթայթող բոլոր աղբիւրներուն, յատկապէս ցորենին վրայ` զանոնք դնելով օսմանեան զօրքի տրամադրութեան տակ, մինչ սովը` հասնելով իր գագաթնակէտին, թափ տուած էր մարդակերութեան պարագաներու, երկիրը կը կորսնցնէր ինքնիշխանութեան բոլոր կարելիութիւնները:

Իր խօսքին աւարտին, Սալամէ շեշտեց, թէ ինչ որ կատարուեցաւ Լիբանանի մէջ, միմիայն բնական ազդակներու հետեւանքը չէր, այլեւ օսմանեան պետութեան կողմէ նախապէս մտածուած ծրագիր մըն էր, որ կը հետապնդէր շատ յստակ նպատակներ: Այսուհանդերձ, ո՛չ մէկ յիշատակ, ո՛չ մէկ յիշատակութիւն այս դժբախտութեան մասին, որ կարելի է վերագրել ցաւը պահելու փորձին…

Ռամզի Սալամէի խօսքին աւարտին, Քրիսթիան Թաութըլ, ներկաներուն ծանօթացնելէ ետք Փաուլօ Քազազեանը, խօսքը յանձնեց անոր: Քազազեան իր կարգին ներկայացուց վէպին հիմնական առանցքը, որ Հայոց ցեղասպանութիւնն էր` աւելցնելով, որ այս գիրքը սկզբունքով պիտի ըլլար զուտ պատմական վաւերագրական գրութիւն մը, որուն շարժառիթը Հայոց ցեղասպանութիւնը երիտասարդութեան ծանօթացնելն էր: Սակայն տրուած ըլլալով, որ երիտասարդները այսպիսի գիրքերով սովորաբար չեն հետաքրքրուիր, պատմական տուեալներուն ձուլած է սիրային պատմութիւն մը` հայ աղջկայ մը եւ գերմանացի զինուորականի մը միջեւ:

Քազազեան բացատրեց, որ Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին Օսմանեան կայսրութիւնը կարիքը ունէր դաշնակիցներու: Յետ քաղաքական եւ դիւանագիտական ազդակներու` Գերմանիան հանդիսացաւ յարմար դաշնակից Օսմանեան կայսրութեան: Երբ գերմանացի զինուորականներ կամ սպաներ նկատած են, թէ հայերը կը տարագրուէին, կը սպաննուէին եւ այլ տեսակի վայրագութիւններու կ՛ենթարկուէին, անոնք մտահոգութիւն յայտնած են Օսմանեան կայսրութեան, թէ հայերը, որոնք օսմանեան պետութեան բնակչութեան նշանակելի մէկ մասը կը ներկայացնէին, կրնային զէնք վերցնել եւ կրնային վտանգել Օսմանեան կայսրութեան եւ Գերմանիոյ յաղթական դուրս գալու կարելիութիւնը: Բայց թրքական պետութիւնը այլ ծրագիրներ ունէր հայ տարրը, քրիստոնեայ տարրը ոչնչացնելու համար…

Կլոր սեղանը եզրափակելու համար, Քրիսթիան Թաութըլ հետեւեալ հարցադրումով խօսքը ուղղեց Փաուլօ Քազազեանին. «Դուք, որ ունիք երկու պատկանելիութիւն, երկու ինքնութիւն` լիբանանեան եւ հայկական, ինչպէ՞ս կրցաք զուգահեռաբար գրել երկու պատմութիւններ, երկու ողբերգութիւններ, որոնք ձեզ հաւասարաբար կը յուզեն»: Քազազեան պատասխանեց ըսելով, որ երկու ողբերգութիւնները կը միաձուլուին. դահիճը միեւնոյնն է, զոհը երկու պարագաներուն ալ` քրիստոնեայ:

Վերջապէս, Քրիսթիան Թաութըլ նշեց, որ ան սովի նահատակներուն նուիրուած յուշակոթող մը զետեղելու առաջարկը ներկայացուցած է Պէյրութի նահանգապետին. Թաութըլի առաջարկը ընդունուած է նահանգապետին կողմէ եւ սկզբունքով 16 ապրիլ 2016-ին պիտի գործադրուի:

Կլոր սեղանի աւարտին առիթ տրուեցաւ ներկաներուն լուսաբանական հարցումներ ուղղելու մասնակիցներուն, ապա տեղի ունեցաւ Փաուլօ Քազազեանի «Պոլսոյ անգղները» պատմական վէպին մակագրութիւնը:

Նախորդը

Սարգիս Զէյթլեան. Հայ Քաղաքական Մտքի Մարտիկը* (Սրտի Խօսք)

Յաջորդը

Սուրիոյ Վարչապետը Կը Խոստանայ Քանի Մը Օրէն Բանալ Հալէպ-Դամասկոս Ճամբան

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.