Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԳՈՀԱՐ-ը Հայ Մշակութային Արժէքներու Գոհարներ Հրամցուց Լիբանանահայութեան` Փաստելով, Որ Կարելի Է Գոյատեւել Հայկական Արժէքներով

October 30, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

k-00_102915

Հինգշաբթի, 29 հոկտեմբեր 2015 թուականը լիբանանահայ իրականութեան մէջ պիտի ունենայ իր իւրայատուկ եւ ոսկեզօծ գիրերով փորագրուած տեղն ու արժէքը: Արդարեւ, նոյն օրը երեկոյեան ճիշդ ժամը 8:30-ին, «Ֆորում տը Պէյրութ»-ի մէջ լիբանանահայութիւնը ապրեցաւ հայ երգի, պարի, երաժշտութեան հարազատութիւնն ու դիւթականութիւնը, վեհութիւնն ու ազնուութիւնը, զօրութիւնն ու յուզականութիւնը, ամբողջականութիւնն ու կատարելութիւնը:

ԳՈՀԱՐ համոյթն էր այս բոլորին հեղինակն ու փոխանցողը, պատգամողն ու գրաւողը, յուզողն ու սրտի տրոփում պատճառողը, Հայաստանով ու հայութեամբ հպարտ ըլլալու ամէնէն նուիրական զգացումները փոխանցողը:

19924_10153680999684183_8044306632552719891_n

ԳՈՀԱՐ սիմֆոնիք նուագախումբի յաղթական ելոյթն էր ատիկա, որուն ընթացքին հնչեց հայ երգն ու երաժշտութիւնը, շողաց հայ արուեստը եւ փայլատակեց հանդիսատեսի սրտին, մտքին ու հոգիին խորերը: ԳՈՀԱՐ-ը  հայ երգին ու երաժշտութեան միջոցով հայ դիւցազուններու երկրին բոյրն ու հմայքը փոխանցեց ներկաներուն եւ գերեց-տարաւ զանոնք հոն, ուր ծնունդ առած է հայ մեղեդին, հայ գիրն ու բառը:

22572446862_5e3e9f79aa_o

ԳՈՀԱՐ-ը իր չորսօրեայ ձեռնարկներուն առաջին օրէն իսկ իր բարձրարուեստ ելոյթով հաստատեց, որ հայը, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն ու բազում մարտահրաւէրներուն, գիտէ արժանավայել ապրիլ` պահելով լեզուն ու մշակոյթը, այն, ինչ որ գեղեցիկ է ու վեհանձն, այն, ինչ որ ուժ կու տայ ու զօրութիւն, ապրելու կամք ու պայքարը շարունակելու հզօրութիւն:

12049679_10153681061669183_7447441215760324069_n

Հայկական պարերուն ընտրութեան բծախնդրութիւնը, անոնց բովանդակած իմաստն ու հայկական պարարուեստի գոհարներ ըլլալու երեւոյթը, գոյներու համաչափութիւնն ու ներդաշնակութիւնը, տարազներուն հմայքը առաւել եւս հարստացուցին ու ոգեւորեցին հանդիսատեսը:

«100 տարի Ցեղասպանութենէն վերապրած, 100 երգով վերածնած» ԳՈՀԱՐ համոյթի համերգները նուիրուած են օսմանցի թուրքին ծրագրած ու գործադրած Ցեղասպանութեան զոհ` մէկուկէս միլիոն անշիրիմ հայ նահատակներու անմոռաց յիշատակին:

ԳՈՀԱՐ-ի գլխաւոր խմբավարն է Նաթալի Գալստեան:

22398085150_440cc6fb45_o22560080876_c125fbaa26_o22572530882_febd1a281e_b

Ելոյթի երկու բաժիններուն մէջ ընդգրկուած 34 երգերն ու պարերը հանդիսատեսին առջեւ բացին հայ արուեստի հարստութիւնն ու վեհութիւնը:  Բոլոր երգերուն կ՛ընկերակցէին ցուցադրութիւններ համապատասխան տեսարաններու, որոնք կ՛արտացոլային բեմի յետնամասին գտնուող պաստառներուն վրայ:  Երգերուն զուգընթաց բացառիկ եւ գոյներու հմայքով պարուրուած լուսաւորումը ստեղծուած մթնոլորտին կը հաղորդէր յաւելեալ ներշնչում եւ զգացողութիւն:

Ուշագրաւ էին  «Իմ հայրենիք Վան», «Հորովել»,  «Հինկալա» երգերու կատարումները, որոնք հարազատօրէն հայ դաշտերուն ու խրոխտ լեռներուն ձայնը փոխանցեցին հանդիսատեսին` պատգամելով կառչած մնալ հայկական ինքնութեան:

Յուզիչ էին «Սարերի հովին մեռնեմ» եւ «Տլէ Եաման» երգերու պարային կատարումները, որոնք պատգամեցին սպանդը կոխկռտած, ոտքի կանգնած եւ վերածնած հայուն տառապանքն ու յաղթանակը:

22586667595_a741cb0ffd_o

Ներկաները մեծապէս խանդավառեց ազգային հայրենասիրական երգերու շարքը` «Հայ քաջեր», «Հպարտ գնացէ՛ք», «Զարթի՛ր, Լաօ» եւ «Արարատն առաջ» երգերը:

Ելոյթի եզրափակիչ բաժինով  բոլոր ներկաներուն բաժնուեցան Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան դրօշները եւ «Վերականգնի՛ր, Կիլիկիա» երգին զուգընթաց հազարաւոր դրօշներ փողփողեցան սրահին մէջ` խորհրդանշելով հայկականութիւն, իրաւունքներուն կառչածութիւն եւ Կիլիկիոյ վերադարձին նկատմամբ խոր հաւատք:

22597298171_ec08f0b0a8_o22597303501_8e8c542425_ok-2_102915

 

 

 

 

 

 

 

 

Փակման երգով բոլոր մենակատարները հանդէս եկան եւ ներկայացուցին «Պապենական Կիլիկիա» երգը` համերգին խանդավառութիւնը իր գագաթնակէտին հասցնելով:

22597312791_8a7aa87bae_o22572536502_e25a09024e_oՆշենք, որ ԳՈՀԱՐ համոյթը իր ելոյթները պիտի շարունակէ նաեւ այսօր` ուրբաթ, 30 հոկտեմբերին, վաղը` շաբաթ, 31 հոկտեմբերին, ինչպէս նաեւ կիրակի, 1 նոյեմբերին` իւրաքանչիւր օր հանդիսատեսին ներկայացնելով տարբեր յայտագիր: Իւրաքանչիւր ելոյթին ներկայ պիտի գտնուի մօտաւորապէս 2500 հոգի:

22573123752_9d4ded4fd5_o

ԳՈՀԱՐ-ով լիացած եւ յագեցած հանդիսատեսները սրահէն ելքի պահուն ստացան ԳՈՀԱՐ-ի այլ նուէրը` հայկական երգարան մը:

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Գերմանիոյ Դեսպանը

Յաջորդը

Այսօր Վիեննայի Մէջ Սուրիոյ Վերաբերեալ Ընդլայնուած Բանակցութիւններ «Վիեննայի Մէջ 2-րդ Ժողովը Պիտի Չքննարկէ Ասատի Ճակատագիրին Հարցը» Կ՛ըսէ Շթայնմայեր

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.