«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, որ Սուրիա-Թուրքիա սահմանային գիծին մօտ 14-ամեայ հայ պատանի Արմէն Ժիրայր Աւետիսեան, որ իր ծնողներուն հետ ցամաքային ճամբան կտրելով կը փորձէր Թուրքիա մուտք գործել, կրակոցի իբրեւ հետեւանք զոհուած է:
Արմէն Աւետիսեանի յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ երէկ` ուրբաթ, 23 հոկտեմբեր 2015-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Գամիշլիի հայ առաքելական Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ:


