Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ Ննջեցեալ Բարերարներու Յիշատակի Օր

Նոյեմբեր 2, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

hagop_110115

Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ կառուցման եւ օծման 60-ամեակին առիթով երէկ` կիրակի, 1 նոյեմբեր 2015-ին, յաւարտ Ս. պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` ի յիշատակ եկեղեցւոյ բոլոր ննջեցեալ բարերարներուն:

Պատարագի ընթացքին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Մեսրոպ քհնյ. Քերքեզեան ժողովուրդին ուղղուած քարոզին մէջ յայտնեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը կը զուգադիպի եկեղեցւոյ կառուցման 60-ամեակին: Արդարեւ, 3 ապրիլ 1955-ին Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ 16 հիմերը օծուեցան Ս. միւռոնով, որմէ ետք եկեղեցւոյ կառուցումը տեւեց 2 տարի: Ան ըսաւ, որ եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը ուզած է բարերարներու յիշատակի օրը  նկատի ունենալ իբրեւ յիշատակութեան, մեծարանքի, երախտագիտութեան եւ ուխտի օր:

«Եկեղեցին եղաւ մեր ժողովուրդի լոյսի փարոսը, եւ մեր ժողովուրդը եկեղեցիին ընդմէջէն ծնունդ առաւ եւ սնանեցաւ այս հոգիով», հաստատեց Մեսրոպ քհնյ. Քերքեզեան: Ան յայտնեց, որ երբ հայ ժողովուրդը 1915 թուականէն ետք թափառական վիճակով կայք հաստատեց Լիբանանի տարածքին նաեւ որբանոցներու մէջ, հոն հասակ առած պատանիները, որոնք ազգային, եկեղեցաշէն եւ եկեղեցանուէր ոգիով լեցուած էին, եղան սփիւռքի մէջ եկեղեցիներու կառուցման անմիջական նախաձեռնողները: Անոնք կառուցեցին մեր ժողովուրդի գոյութեան հիմնական 2 ազդակները. եկեղեցի, ուր սերունդներ պատրաստուեցան քրիստոնէական եւ ազգային ոգիով, նաեւ դպրոց:

Անդրադառնալով բարերարներու յիշատակի օրուան` քահանայ հայրը ըսաւ, թէ երբ կը նշենք այս օրը, մեր դիմաց կը պատկերանան մեր բազում բարերարները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը այս եկեղեցւոյ պայծառացման համար իր ներդրումը ունեցաւ: Շատեր աշխատանքով, շատեր նիւթապէս, սակայն բոլորին ալ նպատակը մէկ էր. յաւերժացնել իրենց ննջեցեալներուն յիշատակը: «60 տարիներու ընթացին Ս. Յակոբ եկեղեցին շէնցաւ, պայծառացաւ, եւ ես եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին անունով կը խոնարհիմ մեր բոլոր ննջեցեալ բարերարներուն անմոռաց յիշատակին դիմաց», ըսաւ Մեսրոպ քհնյ. Քերքեզեան եւ շեշտեց երկու խորհուրդ. ա) երախտապարտ ըլլալ մեր հանգուցեալ բոլոր բարերարներուն,  բ) ուխտի վերանորոգման օր նկատել այս օրը, որպէսզի վերանորոգուած հաւատքով շարունակենք այս եկեղեցին պայծառ եւ կանգուն պահել:

Եզրափակելով իր խօսքը` քահանայ հայրը կոչ ուղղեց դէպի ապագայ նայելով վերանորոգելու մեր ուխտը` քաջ գիտնալով, որ հայ եկեղեցին հայ ժողովուրդի գոյատեւման միջնաբերդն է:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եկեղեցւոյ բոլոր ննջեցեալ բարերարներուն հոգիներուն համար, որմէ ետք եկեղեցւոյ «Տիրան Պապիկեան» սրահին մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան:

 

Նախորդը

Հարիւր Դէմք Եւ Խորհուրդ` ՀՅԴ 125-Ամեակին

Յաջորդը

Պուրճ Համուտի Մէջ Հայ Մշակոյթի Տօնախմբութիւն` «Սուք Ալ Սուք» Նշանաբանով

RelatedPosts

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ.  Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում
Գաղութային

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Յուլիս 9, 2025
Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան.  ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս
Գաղութային

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Յուլիս 8, 2025
Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տարեշրջանի «Մանկապարտէզի Օրերը» Խորագիրը Կրող Հանդէսը
Գաղութային

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տարեշրջանի «Մանկապարտէզի Օրերը» Խորագիրը Կրող Հանդէսը

Յուլիս 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?