Ս. Ծննդեան Յատուկ Տեսահոլովակի Պատրաստութիւն
Նախաձեռնութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին եւ «Գուսան» երգչախումբին, երէկ երեկոյեան ցուցասրահին մէջ նկարահանուեցաւ յատուկ տեսահոլովակ մը` նուիրուած Ս. Ծննդեան տօնին` «Աւետիս» խորագիրով: Յայտնենք, որ այս տեսահոլովակը 5 եւ 6 յունուարին պիտի սփռուի լիբանանեան պատկերասփիւռի կայաններէն: Այս մասին օրին կը փոխանցուին յաւելեալ տեղեկութիւններ: «Գուսան» երգչախումբը ղեկավարեց Գրիգոր Ալլոզեան, ձայնագրութիւնը կատարեց «Սթիւտիօ Ճօ Պարութճեան», նկարահանումը` «Սթիւտիօ Փարթամեան» հաստատութիւնը` մասնակցութեամբ Թոնի Փարթամեանի եւ...




















