
Բարձր հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ մարմինին, Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ դպրոցներու հիմնադրութեան 85-ամեակին առիթով կալա-ընթրիք տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 18 դեկտեմբեր 2015-ի երեկոյեան, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, ներկայութեամբ առաջնորդ սրբազան հօր, Ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչներու, բարերարներու, եկեղեցիներու թաղականութեան եւ տիկնանց միութեանց եւ հոծ բազմութեան մը:
Ձեռնարկին բացման խօսքը կատարեց Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ պատասխանատու Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան: Ան նշեց, որ 85 տարիներ առաջ Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքէն վերապրած հայ եկեղեցւոյ ծերունազարդ Սահակ Բ. Խապայեան երանաշնորհ կաթողիկոսը պանդուխտի ցուպը ձեռքին, անսալով երկնաւոր վարդապետին խօսքին` «Ձգեցէ՛ք, որ մանուկները ինծի գան, արգելք մի՛ ըլլաք անոնց», հիմնեց կիրակնօրեայ վարժարանի տունկը Թորգոմեան ազնիւ ցեղի անդաստանին մէջ: Ծերունազարդ հայրապետը հաւատաց իր իսկ դողդոջ ձեռքերով տնկած տունկին ծլարձակումին: Կիրակնօրեայ դպրոցները իրենց հիմնադրութեան առաջին իսկ օրէն հանդիսացան այն դարբնոցը, ուր թրծուեցան եւ կը թրծուին հայ մանուկին միտքն ու հոգին առաքելական սուրբ ճաճանչներով:
Տէր հայրը յայտնեց, որ կիրակնօրեայ դպրոցները 85 տարի շարունակ, նախանձախնդիր առաքեալներու եւ մեր սուրբ հայրերու ուսուցումներուն միջոցաւ, կրցան մարդուժ հասցնել ազգին ծառայութեան նուիրուած հաստատութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն:
Իր խօսքին վերջին բաժինով տէր հայրը անդրադարձաւ համաշխարհայնացման երեւոյթին, երբ աղանդներ, շարժումներ եւ վարդապետութիւններ քրիստոնէական եւ ազգային նկարագիրը խաթարելու վտանգին առջեւ կը դնեն, կիրակնօրեայ դպրոցները, զինուած` Լուսաւորիչի, Վարդան Մամիկոնեանի եւ Ղեւոնդ Երէցի հաւատքով, կ՛ուխտեն շարունակել իրենց առաքելութիւնը` վառ պահելով երանաշնորհ հայրապետին ջահը:
Աւարտին Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան կիրակնօրեայ վարժարաններուն անունով երախտագիտութիւն յայտնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Լիբանանի թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին, բարերարներուն եւ բոլոր ծառայողներուն:
Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցաւ կիրակնօրեայ դպրոցներու «Շողակաթ» երգչախումբը` ներկայացնելով «Անձինք նուիրեալք» եւ «Աշակերտք Քրիստոսի» շարականները` ղեկավարութեամբ Երուանդ Քէշիշեանի: Լիւսի Չամսարեան ջութակով եւ Մարիա Քէշիշեան երգեհոնով ներկայացուցին «Հաւուն-հաւուն» շարականը: Քրիսթին Սրապոնեան ասմունքեց Թէքէեանի «Եկեղեցին հայկական» բանաստեղծութիւնը: Նաթալի Գնտոյեան մեներգեց «Մանուկներուն հայր մերը»` երգեհոնի ընկերակցութեամբ Մարիա Քէշիշեանի: Արին Մարգարեան դաշնակի վրայ նուագեց Արամ Խաչատուրեանէն ժողովրդային նուագ մը: Ցուցադրուեցաւ նաեւ կիրակնօրեայ դպրոցներու 85-ամեակին առիթով պատրաստուած տեսերիզ: Երուանդ Քէշիշեան մեկնաբանեց «Հայոց տառեր»-ը: «Միուզիք պրատըրզ» խումբը կատարեց «Խորհուրդ խորին» եւ «Ամէն հայր սուրբ» շարականները: Վերջին բաժինով Ալիս Իբրաճեան մեներգեց «Ով հայոց մայրեր» եւ «Չկայ քիզի նման» երգերը:
Հուսկ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան կատարեց փակման խօսքը: Ան փոխանցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառին ողջոյնը եւ գնահատանքը 85-ամեակին առիթով: Սրբազան հայրը նշեց, որ կիրակնօրեայ վարժարանը հաստատուած է իբրեւ նեցուկ հայ եկեղեցւոյ եւ հայ ընտանիքին, որպէսզի մատղաշ սերունդներ դաստիարակուին: Առաջնորդ սրբազանը անդրադարձաւ դէպի նիւթականացում գացող մեր կեանքի պայմաններուն եւ կիրակնօրեայ դպրոցներու անուրանալի դերին:
Ան ըսաւ, որ յարափոփոխ է աշխարհը, բայց կեանքի պայքարին մէջ կը տոկայ ինչ որ մնայուն է եւ արժէքաւոր: Կիրակնօրեայ վարժարանը ունեցաւ իր վերիվայրումները, բայց ի պատիւ նուիրեալներու իր աշխատանքը կը շարունակէ, որպէսզի նոր սերունդը հոգեւոր արժէքներէ չպարպուի:
Առաջնորդ սրբազանը յիշեց բոլոր երախտաւորները, որոնք գործեցին ու անցան եւ իրենց օրինակը կտակեցին:
Իր խօսքին աւարտին ան կիրակնօրեայ դպրոցներուն մաղթեց յարատեւութիւն եւ յաւելեալ ճիգ, որպէսզի մենք տեսնենք այն բոլոր բարիքները, որ կիրակնօրեայ դպրոցը սերմանեց մեր ածուին մէջ:
Ապա տեղի ունեցաւ Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ վարժարաններու հիմնադրութեան 85-ամեակի կարկանդակի հատումը` առաջնորդ սրբազան հօր, Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ պատասխանատուին եւ կիրակնօրեայ դպրոցներու տեսչուհիներու կողմէ: