Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Նաժաֆի Շիի Կրօնապետը Ներկայացնող Պատուիրակութիւն Մը
Հինգշաբթի, 17 դեկտեմբեր 2015-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս վեհարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Իրաքի Նաժաֆ քաղաքի կրօնապետը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ Սուրիոյ եւ Լիբանանի ներկայացուցիչ շէյխ Ալի Քամալ Պահսունի: Նշենք, որ Նաժաֆ քաղաքը շիի համայնքի կարեւորագոյն հոգեւոր կեդրոններէն մէկն է: Հանդիպումին նաեւ ներկայ էր կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան: Շէյխ Պահսուն նախ շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին այս...



















