Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այցելութիւն Ֆանարի Մատուռ, Պատարագ Եւ Մատաղօրհնէք

Դեկտեմբեր 21, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Fanar_122015

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի,  երէկ` կիրակի, 20 դեկտեմբեր 2015-ին, Ֆանարի մատրան մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:

Արդարեւ, առաւօտեան ժամը 9:00-ին Լէյլաւանի մուտքին տեղի ունեցաւ առաջնորդ սրբազան հօր դիմաւորում, ապա ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին գլխաւորութեամբ սրբազանը ուղղուեցաւ մատուռ, ուր պատարագը մատուցեց Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան:

Սրբազանը իր քարոզին սկիզբը իր գնահատանքի խօսքը ուղղեց Ֆանարի ծուխին մէջ գործող բոլոր անհատներուն, կառոյցներուն եւ մարմիններուն, որոնք մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ իրենց աշխատանքով արժէքներ կը հաստատեն եւ կը պահպանեն` ի  խնդիր մեր հաւաքական ապագային: Ապա ան օրինակ բերելով շաբթուան աղօթքը, որ առնուած է Ղուկասի աւետարանի 14-րդ գլուխէն եւ ծանօթ է «Փարիսեցիին եւ մաքսաւորին առակը» անունով, բացատրեց, որ անիկա կը ճշդէ Աստուծոյ եւ մեր նմաններուն հետ մեր յարաբերութեան եղանակը, նաեւ կեանքին մէջ մեր ունենալիք կեցուածքին ոճը:

Շարունակելով իր խօսքը` առաջնորդ սրբազանը նկատել տուաւ, որ շատ անգամ մենք մեզի իրարու հետ համեմատելով մեր առաւելութիւնները կը տեսնենք եւ կ՛անտեսենք մարդկային բոլոր այն թերութիւնները, որոնք կը գտնուին բոլորիս մօտ: Ան մաղթեց, որ Նոր տարուան սեմին գտնուելով, Նոր տարի մտնենք աւելի արդարացած, Աստուծոյ մօտ շնորհք գտած, նաեւ այս աշխարհին մէջ մեր անցուցած ժամանակը լաւ աշխատանքով արդիւնաւորած: «Փոխանակ մենք մեզի իրարու հետ համեմատելու, համեմատենք Աստուծոյ մեծափառութեան հետ եւ ճշդենք մեր տեղն ու դերը այս աշխարհին մէջ», հաստատեց սրբազանը եւ ըսաւ, որ իբրեւ հաւաքականութիւն մենք իրարու նկատմամբ ունինք պարտականութիւններ, զորս կեանքը չի թելադրեր մեզի, այլ` Աստուած, եւ մենք զիրար բարձրացնելով` կը բարձրանանք կեանքի աստիճաններէն վեր, աստուածային սէրը արտայայտելով մեր ապրած միջավայրին մէջ, որպէսզի մենք կարենանք արժանանալ անոր սիրոյն եւ ողորմածութեան: Եզրափակելով իր խօսքը` առաջնորդ սրբազանը մաղթեց ներկաներուն, որ բարօր, խաղաղ եւ յստակ կեանքի պայմաններ ունենան յառաջիկայ տարի»:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:

 

 

Նախորդը

Հալէպի Մէջ Տեղի Ունեցած ՀՅԴ 125-Ամեակի Ձեռնարկին ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամ Յակոբ Խաչերեանի Արտասանած Խօսքը

Յաջորդը

«Պէյրութ Չենց» Փառատօնի Ծիրին Մէջ. «Ֆայհա» Երգչախումբը Ներկայացուց Լիբանանեան Եւ Հայկական Աւանդական Երաժշտութիւնը

RelatedPosts

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ.  Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում
Գաղութային

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Յուլիս 9, 2025
Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան.  ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս
Գաղութային

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Յուլիս 8, 2025
Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տարեշրջանի «Մանկապարտէզի Օրերը» Խորագիրը Կրող Հանդէսը
Գաղութային

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տարեշրջանի «Մանկապարտէզի Օրերը» Խորագիրը Կրող Հանդէսը

Յուլիս 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?