Հայ դատի հետապնդման աշխատանքներուն մէջ իր անսակարկելի դերն ու նշանակութիւնը ունի հայ դպրոցը` հայեցի սերունդներու կազմաւորման եւ այդ մարդուժը ի սպաս մեր ազգային հաւաքական տենչերու իրականացման երթին մէջ դնելու առումով: Համազգային մեր նպատակներու իրականացման եւ հայ ժողովուրդի գոյերթի շարունակականութեան մէջ մեր դպրոցները սփիւռքի մէջ կը շարունակեն մնալ մէկական ամրակուռ ամրոցներ:
Այս գիտակցութենէն թելադրուած եւ առաջնորդուելով Պուրճ Համուտի հայեցի դիմագիծի պահպանման անհրաժեշտութենէն` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներու նախօրեակին կու գայ իր զօրակցութիւնը յայտնելու ընդհանրապէս հայ վարժարանին եւ յատկապէս Պուրճ Համուտի ազգային վարժարաններու առաքելութեան ու վերելքին, եւ իր կազմակերպած Հայ դատի ի նպաստ ճաշկերոյթի հասոյթէն 50.000 ամ. տոլար կը նուիրէ Ազգային իշխանութեան` իբրեւ գործնական ապացոյց նշեալ զօրակցութեան:
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ