Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պէյրութ Չենց» Փառատօնի Ծիրին Մէջ. «Ֆայհա» Երգչախումբը Ներկայացուց Լիբանանեան Եւ Հայկական Աւանդական Երաժշտութիւնը

Դեկտեմբեր 21, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

fayha_121815

«Պէյրութ Չենց» փառատօնի ելոյթներուն ծիրին մէջ, որուն բացումը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 1 դեկտեմբերին, ուրբաթ, 18 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ փառատօնին 18-րդ ելոյթը` «Լիբանանեան աւանդական երաժշտութիւն» խորագիրով` «Ֆայհա» երգչախումբի կատարողութեամբ եւ Պարգեւ Թասլաքեանի խմբավարութեամբ:

Ելոյթին բացումը կատարեց «Պէյրութ Չենց» փառատօնի հիմնադիր Միշլին Ապի Սամրա, որ նախ ծանօթացուց 2003-ին հիմնուած «Ֆայհա» երգչախումբը, որ Թրիփոլիի երիտասարդութիւնը կը համախմբէ լեզուի մը շուրջ, որ կը գերազանցէ բռնութեան լեզուն: Արդարեւ, «Ֆայհա»-ի երգերու ցանկին մշակութային տեսակէտէ այլազանութիւնը կը ցոլացնէ երգչախումբին զանազան մշակոյթներ ներկայացնելու պատրաստակամութիւնը: Ապի Սամրա աւելցուց, որ «Ֆայհա»-ի այս ելոյթը նաեւ առիթ կ՛ընծայէ նշելու Երաժշտութեան միջազգային յանձնախումբին կողմէ երգչախումբին շնորհուած Երաժշտութեան միջազգային իրաւունքներու մրցանակը: Իր խօսքին աւարտին, Ապի Սամրա շնորհակալութիւն յայտնեց Խէյրէտտին Ժսըրին` իր մարդկային եւ մշակութային յանձնառութեան եւ վեհանձն ու սիրալիր աջակցութեան համար:

«Ֆայհա» երգչախումբը, որուն յատկանշական հմտութիւնը աքափելլա ոճով կատարողութիւնն է, երաժշտասէր ներկաներուն հրամցուց զանազան մշակոյթներու պատկանող երգեր: Ան ներկաները տպաւորեց յատկապէս հայերէն երգերու կատարողութեամբ` ըլլան անոնք Կոմիտասէն, Եկմալեանէն կամ Թորիկեանէն: Անոնց համար աւելի եւս տպաւորիչ էր Հայաստանէն երգչախումբին իբրեւ մենակատար միացած Նարինէ Գրիգորեանի մասնակցութիւնը, որ նախ մեկնաբանեց Կոմիտասի «Օրօր»-ը, ապա նոյն երգը Կանաչեանի եւ Գրիգորեանի դասաւորումով:

Ելոյթի աւարտին, «Ֆայհա» երգչախումբի խմբավար Պարգեւ Թասլաքեան շնորհակալութիւն յայտնեց «Պէյրութ Չենց» փառատօնին, որ, ըստ Թասլաքեանի, Լիբանանի մէջ բարձրորակ երաժշտութիւնը արժեւորող եւ հրապարակող միակ կազմակերպութիւնը կը հանդիսանայ:

Դարձեալ նշենք, որ այս փառատօնի ելոյթներուն մուտքը ազատ է` որակաւոր երաժշտութիւնը բոլորին մատչելի դարձնելու նպատակով:

 

Նախորդը

Այցելութիւն Ֆանարի Մատուռ, Պատարագ Եւ Մատաղօրհնէք

Յաջորդը

«Պէյրութ Չենց» Փառատօն. Համազգայինի «Կարկաչ» Երգչախումբը Ներկայացուց Ամանորի Եւ Ս. Ծննդեան Աւանդական Երգեր

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին

Յուլիս 12, 2025
Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան.  Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան. Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?