Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պէյրութ Չենց» Փառատօն. Համազգայինի «Կարկաչ» Երգչախումբը Ներկայացուց Ամանորի Եւ Ս. Ծննդեան Աւանդական Երգեր

December 21, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

gar-21

«Պէյրութ Չենց» փառատօնի ելոյթներուն ծիրին մէջ, որոնց բացումը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 1 դեկտեմբերին, կիրակի, 20 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ փառատօնին 20-րդ ելոյթը` «Ծնունդ անտուն փոքրիկներու համար» խորագիրով` Համազգայինի «Կարկաչ» մանկապատանեկան երգչախումբին կատարողութեամբ, Զաքար Քէշիշեանի խմբավարութեամբ եւ Լիանա Յարութիւնեանի ընկերակցութեամբ դաշնակի վրայ:

Ելոյթին բացումը կատարեց «Պէյրութ Չենց» փառատօնի հիմնադիր Միշլին Ապի Սամրա: Ըստ Ապի Սամրայի, Ս. Ծնունդը դիմաւորելու լաւագոյն ձեւը փոքրիկներու ուրախալի եւ խաղաղաբեր երգերը վայելելն է: Ան յայտնեց, որ «Կարկաչ» երգչախումբի այս ելոյթի երգերու ցանկը ներշնչուած է Քլոտ Տեպիւսիի «Անտուն փոքրիկներու Ծնունդ» երգէն: Աւելի քան 19 տարիներ առաջ Լիբանանի մշակութային բեմերուն վրայ իր ներկայութիւնը հաստատելէ ետք, այս տարի եօթներորդ անգամն ըլլալով «Կարկաչ» մանկապատանեկան երգչախումբը կը մասնակցի «Պէյրութ Չենց» փառատօնի ելոյթներուն: Ապի Սամրա իր խօսքը եզրափակեց յոյս յայտնելով, որ բոլոր անտուն փոքրիկները շուտով ապաստան գտնեն:

«Կարկաչ» մանկապատանեկան երգչախումբը մեկնաբանեց Ամանորի աւանդական երգեր եւ Ստեփան Շաքարեանի դաշնաւորումով հոգեւոր երգեր հայերէնով, ինչպէս նաեւ Ամանորի աւանդական եւ այլ հոգեւոր երգեր անգլերէնով, առանց մոռնալու Տեպիւսիի «Անտուն փոքրիկներու Ծնունդ»-ը` ֆրանսերէնով: Ելոյթը փակուեցաւ Խորէն Մէյխանեճեանի «Յիսուս ծնաւ»-ով:

Նշենք, որ «Պէյրութ Չենց» փառատօնի ելոյթները կը շարունակուին մինչեւ չորեքշաբթի, 23 դեկտեմբեր 2015:

Դարձեալ նշենք, որ այս փառատօնի ելոյթներուն մուտքը ազատ է` որակաւոր երաժշտութիւնը բոլորին մատչելի դարձնելու նպատակով:

Նախորդը

«Պէյրութ Չենց» Փառատօնի Ծիրին Մէջ. «Ֆայհա» Երգչախումբը Ներկայացուց Լիբանանեան Եւ Հայկական Աւանդական Երաժշտութիւնը

Յաջորդը

ՀՅԴ-ի Հիմնադրութեան 125-Ամեակին Առիթով. ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Ճաշկերոյթ-Պարահանդէսը

RelatedPosts

Խմբագրական.  Տարեփակի-Տարեմուտի Խոհեր (Զ.)  «Ազդակ»-ի Նաւուն Առագաստը Բաց Պահելու Համար
Գաղութային

Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Թեհրանի Գործընկերներու Հետ

March 5, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս.- «Միջին Արեւելքի Համայնքներու Անվտանգութիւնը Առաջնահերթ Հրամայական Է Բոլորիս Համար»
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս.- «Միջին Արեւելքի Համայնքներու Անվտանգութիւնը Առաջնահերթ Հրամայական Է Բոլորիս Համար»

March 4, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Հալէպի Հայ Կեանքին Մէջ Համաճարակի  Ստեղծած Կացութեան
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Միջին Արեւելքի Հայ Գաղութներու Ներկայ Իրավիճակին

March 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.