Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Ծննդեան Համերգ` Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Վարժարանի «Ծիծեռնակ» Երգչախումբին Կատարողութեամբ

December 23, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Mesrobian1_122215

Հովանաւորութեամբ Հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեանի եւ կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին երկուշաբթի, 21 դեկտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին,  «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ վարժարանին «Ծիծեռնակ» երգչախումբին համերգը` նուիրուած Ս. Ծնունդի տօնին:

Բացման խօսքը արտասանեց Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտներէն Ճոնի Պէյլերեան: Ան ներկայացուց  ելոյթին առիթը, ապա ըսաւ, թէ վարժարանի զանազան դասարաններու աշակերտները միասնաբար կազմած են ծիծեռնակներու երամ մը, որպէսզի գոյնզգոյն երգերով դիմաւորեն օծեալ Տէրը: Պէյլերեան ըսաւ, թէ «Ծնունդը լոկ հանդէս մը չէ՛, այլ` սիրոյ պատգամ է, խոնարհութեան մարմնացում եւ բացառիկ առիթ մը ներումի, նաեւ Տիրոջ երկրպագութեան»: Ան իր խօսքը փակեց Ս. Յակոբի պատգամով, որ կ՛ըսէ, թէ «երգելով պէտք է փառաբանենք Տէրը եւ տանք իմաստը Ս. Ծնունդին»:

«Ծիծեռնակ» երգչախումբը` խմբավարութեամբ Մանուէլ Քէշիշեանի, առաջին բաժինով ելոյթ ունեցաւ իր փոքրիկ «ծիծեռնակ»-ներով, որոնք հայերէնով, արաբերէնով եւ ֆրանսերէնով երաժշտասէր հանրութեան ներկայացուցին զանազան խմբերգներ:

Իսկ յայտագիրին երկրորդ մասը ընդգրկեց Ս. Ծնունդին, Կաղանդին եւ խաղաղութեան նուիրուած խմբերգներ, զորս հրամցուցին մեծ «ծիծեռնակ»-ները, որոնց նաեւ ընկերակցեցան Արմէն Տօնէրեան` երգեհոնով, Ալեք Տօնէրեան եւ Մարինէ Հալլաճեան` ջութակով, ինչպէս նաեւ Առնօ Տօնէրեան` թաւջութակով:

Կրեկուար Գալուստ
Կրեկուար Գալուստ

Ձեռնարկին աւարտին բեմ բարձրացաւ վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ` փոխանցելու համար իր սիրտին խօսքը: Ան  շնորհակալութիւն յայտնեց «Ծիծեռնակ» երգչախումբին, որ այս գեղեցիկ կատարողութեամբ կրցաւ ներկաները հեռու փոխադրել պատերազմի եւ ատելութեան մթնոլորտէն` դէպի խաղաղ եւ սիրով լի միջավայր մը: Գալուստ սոյն առիթով նաեւ   շնորհաւորեց Գէորգ եպս. Ասատուրեանը իր ձեռնադրութեան առիթով եւ անոր վստահեցուց, որ Մեսրոպեան վարժարանի մեծ ընտանիքը միշտ ալ պատրաստ է անոր պատուէրները գործադրելու:

Ան եզրափակեց իր խօսքը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնելով երգչախումբի ղեկավար Մանուէլ Քէշիշեանին, որ անձնուէր աշխատանքով եւ ապրումով կը ծաղկեցնէ սերունդներ:

Գէորգ եպս. Ասատուրեան
Գէորգ եպս. Ասատուրեան

Ապա Գէորգ եպս. Ասատուրեան փոխանցեց իր սրտին խօսքը: Ան անդրադառնալէ ետք բեմին վրայ զետեղուած պաստառի նախադասութեան, որ կը ներկայացնէր Փրկիչին գալուստը երգող հրեշտակներու անթիւ խումբին ցնծութիւնն ու աւետիսը, շեշտեց, որ այսօրուան Քրիստոսի գալուստը մատուցողները` «ծիծեռնակ»-ները, նոր հրեշտակներ են, որոնք իրենց խանդավառ կատարողութեամբ կրցան հանդիսատեսին ներկայացնել Ս. Ծննդեան խորհուրդը:

Ան կարեւոր նկատեց երաժշտութիւնը հայ ազգի կեանքին մէջ,  ապա բարձր գնահատեց երգչախումբի ղեկավար Մանուէլ Քէշիշեանի նուիրումը, ինչպէս նաեւ վարժարանի տնօրէնին այս ուղղութեամբ հետեւողական աշխատանքը:

Համերգը փակուեցաւ երգչախումբին եւ ներկաներուն կողմէ «Խորհուրդ մեծ» շարականի միացեալ երգեցողութեամբ:

Նախորդը

«Օրօրիկ» Մանկապատանեկան Խումբ. «Փինոքիոն Եւ Կաղանդ Պապան» Աշակերտական Ներկայացումը Արձանագրեց Մեծ Յաջողութիւն

Յաջորդը

Կաղանդի Առիթով «Ճինիշեան» Յիշատակի Ձեռնարկին Կազմակերպած Տօնավաճառը

RelatedPosts

Առաջնորդական Պատգամ 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի  Վերամուտին Առիթով
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն` Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի

November 14, 2026
Հայկազեան Համալսարանը Նշեց 2026-ի Գիրքի Օրը
Գաղութային

«Լիբանանահայ Գիրքի Պատմական Ուղին Եւ Հրատարակչական Հոլովոյթը» Խորագիրով Կլոր-Սեղան Քննարկում Հայկազեան Համալսարանին Մէջ

November 14, 2026
Պէյրութ Մարաթոն-Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն Գործակցութեան Մեկնարկ
Գաղութային

Պէյրութ Մարաթոն-Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն Գործակցութեան Մեկնարկ

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.